ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ԵՒ ՊԱՅՐԱՄՈՎ ԱՅՍՕՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԱԾ ԵՆ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով այսօր հանդիպում մը կ՚ունենան Ժընեւի մէջ՝ մասնակցութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն։ Նկատի ունենալով ռազմաճակատի թէժ իրադարձութիւնները՝ այս ժամադրութիւնը կը համարուի կարեւոր։ Առկայ պայմաններու ներքեւ, հակամարտ կողմերու միջեւ իւրաքանչիւր ուղիղ շփում չի կրնար ստորագնահատուիլ։ Բայց եւ այնպէս, ըստ քաղաքական մեկնաբաններուն, Ժընեւի այս օրուան բանակցութիւններէն անկարելի է մեծ յոյսեր ունենալ։ Ներկայիս հակամարտ կողմերու դիրքորոշումները իրարմէ այնքան հեռու են, որ գործնականօրէն անկարելի է այսքան արագ համաձայնութեան եզրեր գտնել։ Ուստի, կը սպասուի, թէ այս օրուան հանդիպումը ինչպէս պիտի ցոլանայ հակամարտութեան չափազանց մտահոգիչ համայնապատկերին վրայ։

Ժընեւի այս օրուան ժամադրութեան ընդառաջ Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի եւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպական հարեւանութեան եւ Ամերիկայի հարցերով մշտական քարտուղար Ուէնտի Մորթընի հետ։ Դէպի Ժընեւ ուղեւորուելէ առաջ Մնացականեան երէկ հերթական գրառումով հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ՝ արձանագրելով, որ Պաքուի անվստահելի ռազմաքաղաքական վարչախումբը կը շարունակէ Արցախի դէմ բռնութիւնը։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճան երրորդ անգամ անկարող գտնուած է յարգելու իր սեփական պարտաւորութիւնները հրադադարի ուղղութեամբ։ Ուստի, Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան դէմ շատ մեծ է անվտանգութեան սպառնալիքը։

Մինչ այդ, սպանական «EFE» գործակալութիւնը երէկ արձագանգ հանդիսացաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց Ռուսաստանի սահմանապահները միշտ կանգնած են Հայաստանի՝ Իրանի եւ Թուրքիոյ հետ սահմաններուն վրայ։ Ըստ իրեն, բացի ուղիղ պաշտպանութենէն, սա նաեւ զսպող նշանակութիւն մը ունի, եթէ Ատրպէյճան նպատակ հետապնդէ Նախիջեւանի հետ միջանցք մը բանալու։

Միւս կողմէ, Երեւանի զանազան աղբիւրներ երէկ տեղեկացուցին, որ Թուրք զինեալ ուժերու «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքերը ամէն օր հետախուզական թռիչքներու դուրս կու գան Հայաստանի սահմանին մօտ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2020