ՄՈՍԿՈՒԱ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ ՄԱՐՏԵՐՈՒՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻԼԸ

Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարտերը կը շարունակուին ու սա ափսոսանքի եւ անհանգստութեան տեղի կու տայ։ Հակառակ հրադադարի վերաբերեալ ընդունուած որոշումներուն՝ ռազմական գործողութիւններու շարունակուիլը մտահոգիչ կը համարուի Մոսկուայի տեսակէտէ։ Ան ընդգծեց, որ տարածքաշրջանէ ներս կայուն հրադադար մը չի գործեր։

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները կը շարունակեն անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձնել Արցախի իրադրութիւնը։ Երէկ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին։ Նախարարները մտահոգութիւն յայտնեցին լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու շարունակման բերումով եւ կոչ ուղղեցին հակամարտ կողմերուն, որպէսզի հնարաւորինս արագ եւ ամբողջութեամբ կրակը դադրեցնեն ու թուլացնեն լարուածութիւնը։ Անոնք նշեցին, որ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի։ Մոսկուա եւ Փարիզ այս փուլին ալ կ՚ընդգծեն, որ կարգաւորումը պէտք է իրականացուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ։ Ռուս եւ ֆրանսացի նախարարները քննարկեցին իրավիճակի հաւանական զարգացումներուն վերաբերեալ այլ վարկածներ։ Անոնք ընդգծեցին, որ կրակի դադրեցման համար կարեւոր է հակամարտ կողմերու քաղաքական կամք դրսեւորելը։

Արցախի թէժ պատերազմի մթնոլորտին մէջ միջնորդական առաքելութիւնը ունի կենսական նշանակութիւն։ Այդ գործը, ըստ էութեան, կը վիճակի Մոսկուային, Փարիզին եւ Ուաշինկթընին։ Ըստ որոշ վերլուծաբաններու, ԱՄՆ-ի մօտալուտ նախագահական ընտրութիւններէն վերջ ամենայն հաւանականութեամբ նոր վարչակազմը կորսնցնէ Հարաւային Կովկասի նկատմամբ անմիջական հետաքրքրութիւնը։ Այս կանխատեսումները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ԱՄՆ-ի հաւանական միջամտութեան տեսակէտէ թերահաւատութիւն կը ստեղծեն։ Յամենայնդէպս, նախագահական ընտրութեան նախորդած ներկայ քարոզարշաւի շրջանին ԱՄՆ-ի մէջ յաճախ օրակարգի վրայ կու գայ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը։ Դեմոկրատական թեկնածու Ճօ Պայտըն երէկ հերթական անգամ կոչ ուղղեց, որպէսզի նախագահ Տանըլտ Թրամփ անձամբ ներգրաւուի պատերազմը դադրեցնելու գործին։

ՄԱԿ-ն ալ ռազմաճակատի ծանր պայմաններուն ներքեւ հերթական անգամ յայտարարեց, որ անթոյլատրելի կը համարուին մարտական գործողութիւնները։ Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի բանբերը՝ Սթեֆան Տիւժարիք յայտնեց, որ մարտական գործողութիւնները պէտք է դադրեցուին անյապաղ։ Ըստ իրեն, ՄԱԿ կը դատապարտէ խաղաղ բնակավայրերու թիրախաւորումը։ Այդպիսի յարձակումները չեն կրնար ունենալ արդարացում։ Ընդհանուր քարտուղարին անունով ան կոչ ուղղեց, որպէսզի հակամարտ կողմերը կատարեն իրենց պարտականութիւնները քաղաքացիական բնակչութիւնն ու ենթակառուցուածքները պաշտպանելու ուղղութեամբ։

Եւրոմիութիւնն ալ այս փուլին հերթական անգամ յայտարարեց, որ անթոյլատրելի է խաղաղ բնակչութեան դէմ ռազմական գործողութիւններու շարունակուիլը։ ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի բանբերը՝ Փիթըր Սթանօ յայտնեց, որ հրադադարի վերաբերեալ երեք համաձայնութիւններէն վերջ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տակաւին ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին եւ ԵՄ անընդունելի կը համարէ խաղաղ բնակչութեան ուղղեալ յարձակումները։ Ան հակամարտ կողմերուն յիշեցուց իրենց պարտաւորութիւնները՝ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի շրջանակներէն ներս խաղաղ բնակչութեան խնայման կապակցութեամբ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2020