ՏՄԱՐԴԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի պայմաններուն ներքեւ արիւնալի իրադարձութիւնները հետզհետէ աւելի մտահոգիչ կը դառնան՝ անհամեմատելիօրէն ծանրացնելով մարդասիրական աղէտը։ Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէն այս առաւօտ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ ու շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ռիսքերը կը դառնան անվերահսկելի եւ հետեւանքներէն առաջին հերթին կը տուժէ տարածքաշրջանի քաղաքացիական բնակչութիւնը։ Ուստի, պէտք է պաշտպանուին քաղաքացիներն ու ենթակառուցուածքները։

Յայտարարութիւնները ինչ որ ալ ըլլան, դաշտի վրայ դաժան իրողութիւնը չի փոխ-ւիր։ Տմարդի յարձակումները կը խորացնեն տագնապալի կացութիւնը։ Ատրպէյճանի բանակը երէկուընէ ի վեր ռումբ կը տեղացնէ Արցախի բնակավայրերուն վրայ՝ ներառեալ Շուշին եւ Ստեփանակերտը։ «Սմերչ» համազարկային համակարգերով յառաջ կը տարուին այդ յարձակումները։ Հայկական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երէկ ատրպէյճանական ստորաբաժանումները թիրախաւորած են Ստեփանակերտի ծննդատունը, որ վերածուած է աւերակի։ Երէկ օրուայ տեւողութեան տեղի ունեցած ծանր մարտերէն վերջ, գիշերը անընդհատ շարունակուեցան Արցախի քաղաքներու ռմբակոծումները, որոնք այս օրուայ առաջին կէսին ալ ընթացան անխափան։ Մարտակերտ քաղաքի վրայ կատարուած յարձակումներուն մասնակցեցան նաեւ Ատրպէյճանի ռազմաօդային ուժերը։ Ըստ դիտարկումներու, հաւանաբար ներկայ պատերազմի սկիզբէն ի վեր Ստեփանակերտ կ՚ենթարկուի ամենածանր բռնութիւններու։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանն ալ երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի բանակը փորձած է յառաջանալ դէպի Բերձոր, սակայն այդ ջանքերը ձախողած են եւ հայկական զօրքերը դիրքային որոշակի բարելաւում ունեցած են։

Թրքական լրատուամիջոցներն ալ այսօր արձագանգ կը հանդիսանան Ատրպէյճանի աղբիւրներու հաղորդումներուն, ըստ որոնց երէկ պատերազմի ամենաարիւնալի օրը եղած է եւ հայկական զօրքերուն յարձակումներուն հետեւանքով զոհուած է 21 քաղաքային բնակիչ։ Ատրպէյճան հաղորդած է, որ հայկական զօրքերը թիրախաւորած են Պարտա քաղաքը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2020