ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հերթական անգամ յայտարարեց, որ համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններուն լուծումը կենսական նշանակութիւն ունի թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ։

ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց պոլսահայ մամուլի ներկայացուցիչները։ Ինչպէս ծանօթ է, Նորին Ամենապատուութիւնը գահակալութենէն վերջ համայնքային մամուլը առանձնայատուկ ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ՝ նկատի ունենալով, որ մեր համայնքէն ներս հաւաքական մտքի խմորումը, կարծիքի փոխանակումներու առողջ մթնոլորտի մը ստեղծուիլը եւ լրատուութեան շրջանառութիւնը չափազանց կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Առաջնորդուելով այս հանգամանքներով, Նորին Ամենապատուութիւնը Պատրիարքարանի երդիքին տակ պարբերաբար կը մէկտեղուի մեր մամլոյ սպասաւորներուն հետ։ Երէկուան հանդիպումն ալ նոյն շրջանակին մաս կազմեց։ Թէեւ համավարակի հետեւանքով աւելի քան տարիէ մը ի վեր նման զրոյց մը կազմակերպել հնարաւոր չէր եղած, սակայն խօսքը արդէն կը վերաբերի ձեւաւորուած նախընթացի մը։ Արդարեւ, կարելի է ըսել, որ հանդիպումներու շղթային վրայ երէկ աւելցաւ նոր օղակ մը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ համայնքային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները թէյասեղանի շուրջ զրուցեցին թրքահայ իրականութեան օրակարգի զանազան առաջնահերթ նիւթերուն մասին։ Սկիզբին Նորին Ամենապատուութիւնը օրհնութեան խօսք մը արտասանելով՝ ողջունեց մեր լրագրողները։ Իր ներածականէն վերջ հանդիպումը կարծիքի փոխանակումներու ձեւաչափին մէջ ընթացաւ։ Լրագրողներ հետաքրքրուեցան համայնքային օրակարգի ինչ-ինչ խնդիրներուն վերաբերեալ Նորին Ամենապատուութեան պատկերացումներով ու մօտեցումներով։ Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ փափաքեցաւ ուղղակիօրէն, համայնքային լրատուամիջոցներու վարիչներու բերնով վերահասու դառնալ մեր մամուլի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։ Արդարեւ, այսօր այնպիսի պայմաններ ստեղծուած են, որ մեր մամուլի առկայ խնդիրները արդէն նեղ մասնագիտական շրջանակէ յորդած եւ համայնքին տեսակէտէ ընդհանրական բնոյթ ստացած են։ 

Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ Պատրիարքական Աթոռը սկզբունքօրէն առանցքային կը համարէ մեր մամլոյ գործունէութեան յարատեւութիւնը եւ մեր լրատուամիջոցներու կայունութեան երաշխաւորումը։ Իր կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Պատրիարքարանի փոխ-դիւանապետ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, որոնք եւս Նորին Ամենապատուութեան ի շարունակութիւն՝ խորհրդածութիւններով հանդէս եկան մեր մամլոյ առաքելութեան եւ դերակատարութեան կարեւորութեան շուրջ։ Նկատի ունենալով, որ երէկուան հանդիպումը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան 114-րդ տարեդարձին կը զուգադիպէր, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը փոխանցեց իր շնորհաւորութիւններն ու օրհնութիւնները այս կապակցութեամբ՝ բարեմաղթութիւններ յղելով թերթիս ընտանիքին։

ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԷՆ ԹԱՐՄ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երէկուան հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը փոխանցեց իր թարմ տպաւորութիւնները նախօրէի իր դէպի Տիարպաքըր ուղեւորութեան շուրջ։ Ան յայտնեց, որ այցելութեան ընթացքին վկայած է, թէ շուրջ մէկ-երկու ամսուայ ընթացքին Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ եւ ամբողջ համալիրի վերանորոգութեան աշխատանքները պիտի աւարտին։ Ան դիտել տուաւ, որ այժմու պայմաններով եւ սեղանի վրայ դրուած այլընտրանքներու արժեւորումով յայտնի կը դառնայ, թէ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման համար լաւագոյն ժամկէտը պիտի ըլլայ յառաջիկայ մայիսը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ կրկնեց իր երախտագիտութիւնը՝ երկրի ղեկավարութեան եւ տեղեկան իշխանութիւններուն կողմէ այս ծրագրին նկատմամբ ցուցաբերուած դրական ու զօրակցական վերաբերմունքին համար։ Տիարպաքըրի վերաբերեալ իր տպաւորութիւններն ու դիտարկումները ներկայացնելու ժամանակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը խօսեցաւ նաեւ տեղւոյն Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մասին, որ խոնարհուած է դժբախտաբար։ Այդ եկեղեցւոյ վերականգնումը աստղաբաշխային գումարներու կը կարօտի, ինչ որ հնարաւոր չէ իրականացնել մեր համայնքի՝ արդէն սահմանափակ հնարաւորութիւններով։ Վերանորոգութիւնը մէկ կողմ, այդ եկեղեցւոյ նոյնիսկ հաւանական վերականգնման ծրագրաւորումը կը պահանջէ լուրջ ներդրում մը։ Յամենայնդէպս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բացատրեց, որ որպէս հոգեւոր առաջնորդ չի կրնար այդ սրբավայրը բոլորովին անտեսել։ Որպէս Պատրիարք՝ ան յուզում կ՚ապրի գիտնալով, որ իր Աթոռի հոգեւոր իշխանութեան սահմաններէն ներս կայ այսպիսի խոնարհուած եկեղեցի մը, որու փրկութեան համար յոյսերը ամբողջութեամբ չեն սպառած։ Թէեւ եկեղեցին խոնարհուած ու անգործածելի վիճակի մէջ է, սակայն, թեքնիք առումով, տակաւին կարելի է զայն վերականգնել պատերու կացութեան եւ այլ պայմաններու տեսակէտէ։ Ուստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղական իշխանութիւններուն հետ համախոհութեան մը հասած է, որպէսզի առաջին հերթին գոնէ հաւանական վերանորոգութեան համար անհրաժեշտ նախագիծը պատրաստուի։ Այդ նախագիծի պատրաստութենէն վերջ է, որ յայտնի պիտի դառնայ՝ եկեղեցին փրկելու փոքր յոյսին բուն պիւտճէն։ «Սա խղճի հարց մըն է», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ աւելցուց, որ պիւտճէի յստակեցումէն վերջ գոնէ ամէն ինչ շօշափելի եւ ծրագրաւորուած ձեւով հիմնաւորելի կը դառնայ եւ այդ ժամանակ միջոցներու որոնումն ալ, դիմումներն ալ աւելի իրատես կրնան դառնալ։

ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՐՑԸ

Գումգաբուի երէկուան հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ համայնքային առկախեալ ընտրութիւններու խնդրին՝ մանաւանդ, որ մօտաւոր անցեալին Ներքին գործոց փոխ-նախարար Ինճէի եւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Էրսոյի գլխաւորութեամբ մայրաքաղաքէն խումբ մը պաշտօնատարներ հիւրընկալած էր։ Այդ զրոյցի լոյսին տակ հակիրճ խորհրդածութիւններ ըրաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ «Մեր զրուցակիցներն ալ կանխաւ նշեցին, որ այս հարցին շուրջ իրենք գաղափար կը շօշափէին եւ որոշում առնողի դիրքի մէջ չէին։ Մենք պատմեցինք, թէ այս խնդրին լուծումը անհրաժեշտութիւն մըն է», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ աւելցուց, որ առկայ անորոշութեան երկարաձգումը համայնքին տեսակէտէ կը դառնայ քայքայիչ։ Իր խօսքով՝ ի տարբերութիւն երկրի միւս փոքրամասնութիւններէն՝ պոլսահայ համայնքի եւ անոր հաստատութիւններու ամբողջ վարչական ուղղութիւնը, պատկերաւոր խօսքով՝ քաղաքականութիւնը կ՚որոշուի ընտրութիւններու միջոցաւ։ Այսօր կարելի է դիտարկել, որ համայնքը ընդհանրապէս գոհ չէ այժմու ընթացքէն՝ մանաւանդ տնտեսական առումով։ Ժողովրդական խաւերէն ներս մեծ դժգոհութիւն կուտակուած է, մեր կարգ մը հաստատութիւններու ճակատագրին վերաբերեալ հետաքրքրութիւնը շատ աւելի բարձր է, քան մեր վարչայիններու շրջանակը։ Այս բոլորը հարթելու միակ հնարաւորութիւնը ընտրութիւնն է, որովհետեւ մեր համայնքը ուրիշ որեւէ միջոց չունի այդ լծակներուն վրայ ազդելու համար։ Այս ամբողջին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը մատնանշեց, որ դպրոցներու դիմագրաւած տագնապն ալ մեծ հարց մըն է։

Մանրամասնելով իր մօտեցումները պետական վերաբերմունքին շուրջ՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու հարցին լուծումը ունի քաղաքական բնոյթ։ Մեր վաքըֆները, բնականաբար, այս հարցի լուծման ուղղութեամբ պէտք է յամառօրէն աշխատին, բայց եւ այնպէս, վերջին հաշուով անոնց քաղաքական կամքի դէմ գործելն ալ նպատակայարմար չի նկատուիր։

Անդրադառնալով Ս. Խաչ դպրեվանքի, Ղալաթիոյ, Գարակէօզեանի եւ Գալֆաեանի խնամակալութիւններու նախաձեռնութիւններուն, ընտրութեան թոյլտուութիւն ստանալու համար կատարուած, սակայն մերժուած դիմումներուն՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բացատրեց, որ այժմ կանոնադրութիւն մը գոյութիւն չունի ընտրութեան մը երթալու համար։ Այդ բոլոր դիմումներուն մէջ ներկայացուած պահանջը կ՚ենթադրէ հին կանոնադրութեան հիման վրայ ընտրութեան երթալ։ Բայց, խնդիրը այն է, որ այդ հինը արդէն գոյութիւն չունի, որովհետեւ ջնջուած է։ Իսկ եթէ դատական դիմումներ ըլլան, ապա գործընթացը կրնայ եւս երկար ժամանակ ձգուիլ, հինգ տարիով կամ աւելի։ «Ես կը զգամ, որ այս խնդիրը լուծելու կամքը կը հասուննայ եւ ընտրութիւնները անպայման պիտի ըլլան», ըսաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ աւելցուց, որ ինք այցելու պաշտօնատարներուն հետ զրուցելու ընթացքին փորձած է հետաքրքրուիլ, թէ ի՞նչ պատճառով կ՚առկախուին ընտրութիւնները։ Անոնք ալ այս հարցումին յստակ պատասխանը չեն ունեցած։ Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուած է, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ ակամայ կը տարածուին շշուկներ, եթէ նոյնիսկ իրականութեան հետ կապ չունենան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ցաւով նշեց, որ այս խնդիրը միջազգային հարթութեան վրայ ալ ուշադրութեան առարկայ դառնալ սկսած է, մարդու իրաւանց վերաբերեալ տեղեկագրերուն մէջ տեղ կը գտնէ, ինչ որ մեր համայնքին տեսակէտէ այդքան ալ հաճելի չէ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պաշտօնատարներու հետ զրուցելու ընթացքին բացատրած է նաեւ իր պատկերացումները հաւանական նոր ընտրահամակարգի մը կապակցութեամբ։ Ան շեշտած է, որ այժմու պայմաններով մեր համայնքին տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ընտրութեան մասնակցութեան համեմատութեան բարձրացումը։ Ըստ իրեն, շուրջ 9-10 տարուայ սպասումէ մը վերջ պէտք է նախկինին բաղդատմամբ աւելի լաւ ընտրահամակարգի մը հիմքերը դրուին, որպէսզի յառաջիկայ 2-3 տասնամեակին մեր համայնքի կարիքները բաւարարուին։ «Իսկապէս մեղք կ՚ըլլայ, եթէ նախկինին նկատմամբ դրութիւն մը վերահաստատուի», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ աւելցուց, որ իր տրամաբանութեամբ նախկին ընտրահամակարգէն տեղքայլ մը չ՚ըլլար, անոր դրական կողմերը կը պահպանուին, սակայն նոր համակարգը անպայման աւելի կատարելագործուած կ՚ըլլայ եւ այժմէականացուած՝ ըստ համայնքի այժմու կարիքներուն։

ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Միւս կողմէ, երէկուան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութեամբ տեղեկացուց, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը սկսած է վերստին զօրակցութեան առարկայ դարձնել մեր կրթական հաստատութիւնները։ Ան այս կապակցութեամբ յայտնեց իր գնահատանքը՝ հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ գործակից ընկերներուն նկատմամբ։

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ երեկոյեան մասնակցութիւն բերաւ Հանրապետութեան տօնին առթիւ, Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայայի տանտիրութեամբ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2021