Չորեքշաբթի 29, Յունուար 2025
ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՌԻԱՏԷ ՎԵՐՋ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն կարեւոր շրջագայութիւն մը ունեցաւ՝ դէպի Մերձաւոր Արեւելքի արաբական ազդու երկիրներ։ Այս ուղեւորութեան առաջին փուլը հանդիսացաւ Սէուտական Արաբիան, ուրկէ Արմէն Սարգսեան անցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Ապու Տապիի մէջ Արմէն Սարգսեան ընդունուեցաւ գահաժառանգ Շէյխ Մուհամմէտ պին Զաիտ էլ Նահիանի կողմէ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Պահրէյնի թագաւոր Համիտ պին Իսա էլ Խալիֆայի հետ։ Շփումներու ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներուն վերաբերեալ հարցեր։
Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2021