ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ 98 ՏԱՐԵԿԱՆ

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այսօր կը դառնայ 98 տարեկան։ Այսօր ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի Հոկտեմբերի 29-ի Հանրապետութեան տօնը։ Թէեւ քորոնաժահրի համաճարակը տօնակատարութիւններուն համար կը պարտադրէ սահմանափակումներ, սակայն այդ բոլորը բաւարար չեն ըլլար ստուեր ածելու համար օրուայ խորհուրդին եւ անոր առթած ոգեւորութեան վրայ։

Հանրապետութեան հիմնադիր Մեծն Աթաթիւրքի եւ իր լծակից ընկերներու ոգեկոչման համար ալ այս օրը կը հանդիսանայ հերթական շարժառիթը։ Ժողովուրդը կը վերանորոգէ իր երախտագիտական զգացումները Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքին եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան ճանապարհին դեր ստանձնած գործիչներուն նկատմամբ։ Հանրապետութեան տօնը միեւնոյն ժամանակ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ, որպէսզի երկրի քաղաքացիները վերահաստատուին՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան անանջատելի ամբողջականութեան, ժողովրդավարական ու աշխարհավար համակարգի անհրաժեշտութեան վերանորոգ գիտակցութեան մէջ։

Հոկտեմբերի 29-ի տօնը այսօր հանրային կարծիքի բոլոր հատուածներուն, ժողովուրդի բոլոր խաւերուն համար մեծ ուրախութեան աղբիւր կը դառնայ։ Բոլորը կը հասկնան, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան աւարտած 98 տարիները կը բնորոշեն միեւնոյն ժամանակ ժողովրդավարութեան ճանապարհի յամառ երթ մը։ Երկիրը այսօր եւս ունի ձգտումը այդ ժողովրդավարական ընթացքը ամրապնդելու, նաեւ արգասաւորելու տնտեսական վերելքով, համընդհանուր բարեկեցութեամբ։

Հանրապետութեան տօնին իմաստը այս տարի եւս կը բիւրեղանայ երկրէ ներս միասնականութեան գիտակցութեան ամրապնդումով։ Ժողովուրդի բոլոր խաւերը այսօր կը ձգտին երկրէն ներս միութեան գաղափարի ամրացման։ Բոլորին հասարակաց փափաքն է, որ երկիրը զարգանայ անվտանգ, կատարելագործէ իր ժողովրդավարութիւնը եւ անոր բարօրութենէն համահաւասար բաժին վիճակի բոլորին՝ քաղաքացիական պատասխանատուութիւններու նկատմամբ նախանձախնդրութեան հասարակաց գետնին վրայ։ Այդ սկզբունքները կը համարուին այն հիմնական նախադրեալը, որով Թուրքիա բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին կեանքին մէջ։

Մինչ այդ, պետական աւագանին այսօր կ՚այցելէ Աթաթիւրքի յուշադամբանը, ուր իր խոնարհումը կը բերէ հանրապետութեան հիմնադրին եւ զինակից ընկերներու յիշատակին առջեւ։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Հոկտեմբերի 29-ին առթիւ հրապարակած է նաեւ պատգամ մը։ Ան այս առթիւ նշած է, որ Հանրապետութեան դարադարձը արդէն հորիզոնին վրայ է։ Իր խօսքով՝ ազգի ամենամեծ երաշխիքն է միութիւնն ու միասնականութիւնը, եղբայրութիւնը։ Այս բոլորին փարած մնալով պիտի շարունակուի մեծ ու հզօր Թուրքիան կերտելու պայքարը։

Նախագահ Էրտողանի տօնական պատգամին մէջ այս տարի անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Ան նշած է, որ Ղարաբաղի բռնագրաւման դէմ պայքարի մէջ Թուրքիա ամուր նեցուկ ընծայած է Ատրպէյճանի թուրքերուն։ «Սա փառք Աստուծոյ երկու երկիրներու ճակատագիրը փոխած է», նշած է Էրտողան։

Այս տարուան առանձնայատկութիւններէն մին է, որ Իսթանպուլի մէջ, Թաքսիմի հրապարակին վրայ, ի նշանաւորումն Հանրապետութեան տօնին, տեղի կ՚ունենայ «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնի նորակառոյց համալիրի պաշտօնական բացման արարողութիւնը՝ հովանաւորութեամբ նախագահ Էրտողանի։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ ալ նոյն առթիւ երէկ ընդարձակ զբօսայգիի մը բացումը տեղի ունեցաւ։ Նախագահ Էրտողան այս բոլորը որակած է՝ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանի վաղ ընծաները։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2021