ՄԻՇՏ ԴՐԱԿԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու «CNN Türk»ին տուած հարցազրոյցին մէջ հերթական անգամ անդրադարձաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ ստեղծուած մթնոլորտին մէջ Անգարայի եւ Երեւանի կողմէ վերջին շրջանին յաճախ պատգամներ կը տրուին բարձրաստիճան պաշտօնատարներու բերնով։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի նախընթաց օր Ատրպէյճան կատարած վերջին այցելութեան զուգահեռ այս երեւոյթը շարունակուեցաւ։

Էրտողանի Ատրպէյճան կատարած այցելութեան լոյսին տակ՝ Չավուշօղլուին հարց մը տրուեցաւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման մասին։ Նախարարը ի պատասխան ըսաւ. «Այս նիւթերուն շուրջ կը խորհրդակցինք Ատրպէյճանի հետ։ Հայաստանէն ալ շատ դրական պատգամներ հասան։ Ըսինք, որ պիտի փոխադարձենք Հայաստանի կողմէ առնուելիք դրական քայլերուն։ Մենք ալ Ատրպէյճանի հետ կը խօսինք, թէ ինչ քայլեր կրնանք առնել»։

Ըստ Չավուշօղլուի, Ատրպէյճան պատերազմէն վերջ Հայաստանին կոչ ուղղած է խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու համար, սակայն տակաւին որեւէ դրական արձագանգ չէ եղած։ Ան կրկնեց, որ Թուրքիա բոլոր որոշումները Ատրպէյճանի հետ պիտի առնէ։

Չավուշօղլուի այս յայտարարութիւններէն առաջ նախագահ Էրտողանն ալ անդրադարձած էր դէպի Ատրպէյճան վերջին այցելութեան՝ ԱՔ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովի ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ։ «Ֆիզուլիէն դէպի Իսթանպուլ ճանապարհներու կառուցման ուղղեալ աշխատանքները թափով կը շարունակուին», ըսած էր Էրտողան։ Ան յայտնած էր, որ հայոց կողմէ զետեղուած ականները ներկայիս կը մաքրուին Թուրքիա-Ատրպէյճան գործակցութեամբ։

Զանազան աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողանի վերջին այցելութեան ընթացքին քննարկուած է նաեւ Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ յառաջացած լարուածութիւնը։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտնեց, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հնարաւորութիւնը կը քննարկուի Ռուսաստանի հետ։ Իր խօսքով՝ Երեւան պատրաստ է Անգարայի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2021