ԷՐՏՈՂԱՆ. «ԱՆԳԱՐԱ ՈՒՇԱԴԻՐ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ՋԱՆՔԵՐՈՒՆ»

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա ուշադրութեամբ կը հետեւի՝ խաղաղութեան հասնելու ուղղեալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ջանքերուն։

Կառավարութեան երէկուան նիստին առթիւ նախագահ Էրտողան հերթական անգամ ընդգծեց Անգարայի հետաքրքրութիւնը՝ Երեւան-Պաքու հաշտութեան ջանքերուն շուրջ։ Իր խօսքով՝ թրքական կողմը պիտի շարունակէ համակարգուած աշխատիլ ազերի եղբայրներուն հետ՝ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար։ «Մենք կ՚ուզենք հնարաւորինս շուտ լաւ լուր ստանալ այս ուղղութեամբ՝ նախքան որ ոեւէ մէկը փորձէ խափանարարութեան ենթարկել գործընթացը», ըսաւ ան։

Նախագահ Էրտողան յիշեցուց, որ հոկտեմբերի 18-ին Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցած էր «3+3» ձեւաչափով հարթակի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ Այդ առթիւ Էրտողան հանդիպած էր Ատրպէյճանի, Հայաստանի, Իրանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ։ Իր խօսքով՝ այդ հարթակը կարեւոր կարիքներ կը բաւարարէ։

«44-օրեայ պատերազմէն յետոյ եւ Ղարաբաղի 30-ամեայ բռնագրաւման աւարտով տարածաշրջանէ ներս մշտական խաղաղութիւն հաստատելու բացառիկ հնարաւորութիւն մը ստեղծուած է։ Այժմ խաղաղութեան հովը կը փչէ այս տարածաշրջանին մէջ, որ ժամանակին յայտնի էր ցաւով եւ հակամարտութեամբ», աւելցուց Էրտողան։

Բաց աստի, Էրտողան ընդգծեց, որ «3+3» հարթակը արդիւնաւէտ է եւ Թուրքիա կը ցանկայ զայն վերափոխել հաստատութենական ձեւաչափի։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2024