ԼԵՊԵՏԵՒԷՆ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ

Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) ընդհանուր քարտուղար Սերկէյ Լեպետեւ համոզուած է, թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան շահագրգռուած են խաղաղութեան պայմանագրի շուտափոյթ կնքմամբ։ Իր խօսքով՝ սա կը համապատասխանէ ամբողջ ԱՊՀ-ի շահերուն՝ ներառեալ տուեալ երկու երկիրները։

«Ռուսաստան եւ Թուրքիա չափազանց շահագրգռուած են Հարաւային Կովկասէ ներս իրավիճակի կայունացմամբ, որովհետեւ սա շատ մեծ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ։ Այդ ժամանակ հնարաւոր կ՚ըլլայ վերականգնել փոխադրութեան, ուժանիւթամատակարարման միջոցները», ըսաւ ան։

Ըստ Լեպետեւի՝ այս առումով առաջարկները շատ են թէ՛ Երեւանէն եւ թէ Պաքուէն։ «Առաջարկները ողջամիտ են, որովհետեւ անոնք տնտեսապէս ձեռնտու են տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն՝ ներառեալ Ռուսաստանն ու Կասպից ծովու միւս հարեւանները՝ Թիւրքմենիստանը, Իրանը եւ այլն», եզրափակեց ան։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2024