ՆԵՐՔԻՆ ԲԱԽՄԱՆ ՎՏԱՆԳ
Զարմանալի չէ, անշուշտ, որ լիբանանցի լրագրողներու մեծամասնութիւնը այն մտադրութիւնը ունի, թէ Մերձաւոր Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի սահմանի իրադարձութիւններն ու պատերազմը պատահական չեն։
Տխուր է, սակայն, որ բազմաթիւ լիբանանցիներ կը շարունակեն կուրօրէն հաւատալ, թէ «Հիզպուլլահ»ը ծանր հարուած պիտի տայ Իսրայէլին ու սահմանային հատուածին վրայ անոր ռազմիկներուն քաջութիւնն ու ձեռքբերումները պիտի կարողանան խաղի կանոնները վերադարձնել անցեալի փուլին։
Այսպէս, 2006 թուականի պատերազմէն ասդին «Հիզպուլլահ» շնորհիւ իր ճարտարութեան կարողացած էր Իսրայէլի հետ բաժնել նախաձեռնութիւն ունենալու բանալին ու այդպիսով ալ խաղին տալ հաւասարէ-հաւասար բնոյթ մը։ Այսօր, սակայն, այդպէս չէ։ Առնուազն ներսի ճակատին դէպքերը՝ «Հիզպուլլահ»ի կարեւոր առաջնորդներուն սպանութիւնը, Սէյիտ Հասան Նասրալլահի ահաբեկումը ճիշդ հակառակը ցոյց կու տան ու ան խուճապի մատնուած է։ Թէեւ «Հիզպուլլահ» անօրինակ հարուած մը տուաւ Իսրայէլի բանակին ու հարուածեց Կոլանի ջոկատի մէկ կեդրոնը Պենիամինա գաւառակին մէջ, սակայն յստակ է, որ կայ միջազգային որոշում մը՝ «Հիզպուլլահ»ը պիտի դադրի նախկին պատկերով ներկայանալէ։ Ունենալ փողոցի զէնքեր, սակայն չունենալ պալիսթիք հրթիռներու համակարգ ու Իսրայէլի դէմ հեռահար ծրագիրներ կը նշանակէ, որ «Հիզպուլլահ»ը կամաց-կամաց պիտի լուծուի եւ ձուլուի Լիբանանի բանակին մէջ։
Այս կէտին հարկ է հաշուի առնել Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի փութկոտութիւնը եւ արագ քայլերը, որովհետեւ վերջինս նախազգալով Իրանի հետ արեւմտեան (ամերիկեան) համաձայնութիւն մը՝ կը փորձէ լաւագոյնս տեղ զբաղեցնել այդ խաղին մէջ։
Մինչ այդ, Իրան կ՚ակնկալէ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները վերջապէս քակէ կալանքները այն գումարներէն (շուրջ 6 միլիառ ամերիկեան տոլար), որոնք ցարդ կը գտնուին ամերիկեան գրաւման տակ, որուն զուգահեռ Թեհրան մասնակիօրէն պիտի հեռանայ սուրիական, նաեւ լիբանանեան խաղերէն։ Նոյնիսկ եթէ Իրան ամբողջութեամբ չհեռանայ, ապա անոր դերը պիտի նուազի ու արաբական կամ Պարսից ծոցի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ անոր պիտի տրուին նոր նուէրներ, որոնք շատ աւելի շահութաբեր են՝ քան Լիբանանը, Սուրիան ու «Հիզպուլլահ»ը, որոնք վերջին շրջանին ուղղակիօրէն բեռ եղան այդ երկրին համար։
Այս կէտին կայ Հայաստանի եւ հայութեան համար շատ կարեւոր հարց մը. արդեօք Իրան այս նոր նուէրներուն համար պիտի հրաժարի՞ «Զանգեզուրի միջանցք»ին դէմ իր որդեգրած հայամէտ կեցուածքէն։ Ընդհանուր առմամբ որոշ յարաբերակցութիւն ու զուգահեռներ կան այս երկու նիւթերուն միջեւ, որովհետեւ այս երկու հարցերը մէկզմէկու կապողները ի վերջոյ ունին աշխարհագրական փոխկապակցութիւններ։ Եթէ Թեհրան ընդառաջէ Արեւմուտքին՝ անհնար է, որ փոխէ իր դիրքը «Զանգեզուրի միջանցք»ին կապակցութեամբ, իսկ եթէ ոչ, ապա ուրեմն ան պատրաստ է աւելիով արիւնահոսիլ ու տկարանալ եւ այդ բոլորին դիմակայելու համար կատարել Մոսկուայի եւ Պաքուի փափաքները։
Ի դէպ, բոլոր անոնք, որոնք մինչեւ այս պահը պետութիւն-դիմադրութիւն մօտեցումներով կը մտածեն ու այդ մասին կը գրեն, հարկ է շատ լաւ կարդան այս պարագան։ Լիբանանը ու Լիբանանին հետ ամբողջ շրջանը կամաց-կամաց կը մտնեն բոլորովին նոր փուլ մը, ուր «Հիզպուլլահ»ը առաջուան խաղը յառաջ տանելու ուժը պիտի չունենայ։ Այս մէկը կանխատեսում չէ, այլ տուեալներու հանրագումար, որովհետեւ ինչպէս անցեալին «Հիզպուլլահ» մը կերտելու շրջանային կանաչ լոյս մը կար, այնպէս ալ ներկայիս կայ զայն նօսրացնելու միջազգային կանաչ լոյս մը։ Անշուշտ, այս կէտին Արեւմուտքի ազդեցութիւնները շատ աւելի մեծ են՝ քան Իրանինը։
Ի դէպ, վերջերս զանազան հարթակներու վրայ լսուեցան եւրոպացի բազմաթիւ վերլուծաբաններու այն մտահոգութիւնները, թէ Լիբանանի մէջ ներքին արիւնահեղութեան վտանգ կայ։ Հարկ է նշել, որ սեպտեմբերին սկսած պատերազմին հետեւանքով աւելի քան մէկ միլիոն լիբանանցիներ գաղթական դարձած են իրենց երկրին մէջ։ Առաւելաբար երկրի հարաւէն նաեւ մայրաքաղաք Պէյրութի հարաւային արուարձանէն դէպի աւելի ապահով վայրեր ապաստանած այս լիբանանցիները երկար շունչի վրայ՝ իրենց հետ տեղէ-տեղ կրնան փոխադրել ամէն տեսակի մեծ ու փոքր խնդիրներ։ Նոյնիսկ, եթէ Լիբանանի ներքին անվտանգութեան պետական եւ իրաւապահ մարմինները ճիգեր գործադրեն, ապա պարզ ու յստակ է, որ այդ քանակի մարդոց տեղաշարժը ինքնին կրնայ ստեղծել մարդագրական տագնապ մը։
Բաց աստի, անշուշտ, կայ ներքին անհամաձայնութեան հիմնախնդիրը, որ երեւան ելաւ այն պահուն, երբ անցեալ տարի՝ 2023 թուականի հոկտեմբերին «Հիզպուլլահ» որոշեց անմիջական նեցուկ ցուցաբերել Պաղեստինի «Համաս» շարժումին։ Խօսքը, բնակակաբար, Կազզէի պատերազմին մասին է։ «Հիզպուլլահ» առանց լիբանանցիներու մեծ տոկոսին համաձայնութիւնը ունենալու այդ քայլին դիմեց ու վստահեցուց, թէ պարտաւոր է այդպէս վարուիլ եւ ձեւով մըն ալ Լիբանանի հարաւի երկրորդ ճակատը բանալով՝ յաւելեալ գլխացաւ պատճառել Իսրայէլի բանակին։
Խորքին մէջ, շատ քիչեր կը նախատեսէին, որ Կազզէի ճակատին թուլացումէն անմիջապէս ետք Իսրայէլի բանակը առիթ պիտի չփախցնէր հարուածելու համար «Հիզպուլլահ»ը, իսկ այդ հարուածները պիտի ըլլային հատու եւ խուճապահար։
Այս բոլորին անդրադառնալէ ետք, պարզ կը դառնայ, թէ Լիբանան հեռու չէ քաղաքացիական ներքին պատերազմի մեծ վտանգներէն։ Հարցը կապուած է Լիբանանի ընդհանուր մթնոլորտին եւ «Հիզպուլլահ»ի դիրքորոշումներուն հետ։ Մինչ այդ, «Հիզպուլլահ» մեծ սխալ ըրաւ, երբ հրապարակեց իր ճակատներու միացման լոզունգը ու անտեսեց լիբանանցիներու մեծամասնութեան տեսակէտները։ Լիբանանցիք 2006 թուականին բոլորովին այլ հայեացք ունէին «Հիզպուլլահ»ին նկատմամբ, իսկ այսօր արդէն համոզուած են, թէ Լիբանանը թէ՛ կարիք չունի եւ թէ բաւարար ուժ՝ Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութեան մասնակցելու համար։ Ինչ կը վերաբերի Կազզէի պատերազմին, արդէն իսկ յստակօրէն երեւելի դարձած է, թէ բոլոր պաղեստինցիները համաձայն չէին այդ պատերազմին պատճառ դարձած «Համաս»ի գործողութեան հետ։
Վերադառնալով ներլիբանանեան իրադրութեան, բացի երկրէն ներս քաղաքական լուրջ տարակարծութեանց, կան նաեւ «Հիզպուլլահ»ի գործած սխալները, որոնք կուտակուած են լիբանանցիներու այն հատուածներու մօտ, որոնք արդէն գոհ չեն անոր քաղաքական տեսակէտներէն։ Իբր այդ, օր ըստ օրէ կ՚աճի Լիբանանի մէջ ներքին պայքարի մը հաւանականութիւնը, որ այդ երկիրը կրնայ առաջնորդել վտանգաւոր ներքին բախումներու։
Անկասկած, վճռորոշ օրեր կ՚ապրի Լիբանանը, ուր բացի պատերազմէն, ամենավտանգաւորն է ներլիբանանեան ճակատումները, որոնք ջուր կը լեցնեն Իսրայէլի ջրաղացին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան