«ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ» ՆԻՒԹԻՆ ՇՈՒՐՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ ՀԲԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԷՆ ՆԵՐՍ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Երեւանի կեդրոնին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ արեւմտահայերէնի վերաբերեալ քննարկում մը։ «Արեւմտահայերէնը Հայաստանի մէջ. մարտահրաւէրներ, հիմնախնդիրներ» խորագրեալ հաւաքոյթին շրջագծով մասնագէտներ քննարկեցին արեւմտահայերէնի զարգացման ու պահպանման ուղղեալ քայլերու ձեռնարկելու խնդիրը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «ՀԱԼԷՊ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր-նախագահ Անի Պալխեան այս առթիւ կարեւորեց արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման ուղղութեամբ առնուած քայլերուն անհրաժեշտութիւնը։
Համաժողովը համախմբեց լեզուագէտներ, հայագէտներ, պետական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք քննարկեցին Հայաստանի կրթական համակարգէն ներս արեւմտահայերէնի դերն ու ընդհանուր վիճակը, գրականութեան, գիտահետազօտութեան, համացանցի եւ լրատուութեան դաշտի մէջ արեւմտահայերէնի հետագայ գործածութեան, ինչպէս նաեւ պահպանման եւ զարգացման ուղղեալ հարցեր։
«Վերջին տարիներուն սուրիահայոց՝ արեւմտահայ մշակոյթը կրողներու տեղափոխութեամբ ստեղծուած է առարկայական հարթակ մը, որ կը նպաստէ Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնի ուժեղեցման։ Սա կը համախմբէ ու կը ստիպէ, որ օր առաջ քայլերու ձեռնարկուի աշխարհի վտանգուած լեզուներու շարքին դասուած արեւմտահայերէնի պահպանման, տարածման եւ գործածման համար», ըսաւ Պալխեան։
Հայաստանի Գրողներու միութեան առաջին քարտուղար Պետրոս Տեմիրճեան շեշտեց, որ արեւմտահայերէնի խնդիրը կրթութեան մէջ է եւ անոր ուսուցումը պէտք է սկսի նախակրթարանէն։ Միջնակարգի մէջ սկսիլը արդէն ուշ է։
Իր կարգին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ «Հրաչեայ Աճառեան» լեզուի կաճառի տնօրէն Վիքթոր Կատուալեանն ալ յայտնեց, որ արեւմտահայերէնը պետական լեզու է եւ պէտք է ունենայ պետական լեզուի բոլոր իրաւունքները։ «Ազգովին պէտք է մասնակից ըլլանք այդ գործին», ըսաւ Վիքթոր Կատուալեան։
Հաւաքոյթի ատենախօսներու կարգին էին ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի տնօրէն Յովիկ Էօրտէքեան, «Տիճիլիպ»ի տնօրէն Մերուժան Կարապետեան, հայրենադարձ բանաստեղծ եւ «Արեւելք» կայքէջի խմբագիր Սագօ Արեան եւ այլք։