ԱԽԱԼՔԱԼԱՔԻ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐ «ՈՍԿԷ ԱՇՈՒՆ»
Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնին (ԱԵԿ) մէջ տեղի ունեցած է «Ոսկէ աշուն» ձեռնարկը: Աշունը այստեղ բացայայտուած է տարբեր ձեւով. հիւր եկած է տարուան ամենագունեղ եղանակը՝ իր բոլոր գոյներով եւ բերք ու բարիքով: Ձեռնարկին ընթացքին զգալի եղած է աշնան շունչը, որուն մասնակցած է ԱԵԿ-ի տարբեր խմբակներ յաճախող շուրջ հարիւր սան: Կեդրոնի սաները հանդէս եկած են երգով, ասմունքով եւ պարային կատարումներով:
Ձեռնարկին ընթացքին ամենագեղեցիկն ու ամենատպաւորիչը եղած է ԱԵԿ-ի ամենափոքր (4-6 տարեկան) սաներու պարային կատարումը: Այդ փոքրիկ սաները կեդրոն սկսած են յաճախել ընդամէնը երկու ամիս առաջ:
Տեղի ունեցած է նաեւ սեղանիկներով մրցոյթ եւ «հմուտ ձեռքեր» խմբակներու ուսուցիչներուն միջամտութեամբ՝ սեղանիկները դարձած են գեղեցիկ եւ նրբաճաշակ: Իսկ աւարտին, իր շնորհակալական խօսքը ուղղելով հանդիսատեսին, մանկավարժական կազմին եւ մասնակից սաներուն` ԱԵԿ-ի պատասխանատու Արթուր Գաբրիէլեան, մրցակցող երկու խումբերուն, իրենց գեղեցիկ մասնակցութեան համար, յանձնած է պատուոյ գրեր։