ԳՐԱՍԷՐՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ
Երեւանի «Պուքինիստ» գրախանութին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Գրքի գիշեր 2016» խորագրեալ ձեռնարկը, որ կազմակերպուած էր «Արի գրքախառնուինք» կարգախօսով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Մշակոյթի փոխ-նախարար Ներսէս Տէր-Վանդանեան եւս մասնակցեցաւ այս ձեռնարկին, որու ընթացքին զրուցեց նաեւ լրագրողներուն հետ։ Ըստ իրեն, որեւէ տօն, որ նուիրուած է գրքին, առաջին հերթին գրքի, գրականութեան եւ գրողի ծանօթացման տեսակէտէ լաւ առիթ մըն է։ Սա կը նշանակէ, որ մարդիկ իրենց կենցաղին մէջ պէտք է գրքին նկատմամբ վերաբերուին՝ որպէս իրենց առօրեայի մէկ մասը։
Հարկ է նշել, որ Հայաստանի մէջ նման ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ առաջին անգամ։ «Պուքինիստ» գրախանութի եւ «Արեւիկ» հրատարակչութեան համատեղ այս նախաձեռնութիւնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ։ Ձեռնարկի մասնակից գրասէրները փոխանակեցին գիրքեր, իրենց սիրելի հեղինակներու ստեղծագործութիւնները գնեցին զեղչերով։
Ծրագրին շրջագծով նախատեսուած էին նաեւ բազմաթիւ հետաքրքրական խաղեր։