ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԱԹՈՆ
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Սուրիահայոց հիմնախնդիրները համակարգող պետական յանձնաժողովին հերթական նիստը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ժողովը, որու օրակարգին վրայ էին Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիահայոց մասնագիտական վերապատրաստման, աշխատանքի տեղաւորման, զանազան մակարդակներով ուսումնառութեան կազմակերպման ուղղութեամբ ծաւալւած աշխատանքները։ Սուրիահայոց հիմնախնդիրներու լուծման հետամուտ շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններ ալ անդրադարձան իրենց խնդիրներուն։ Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ մշտապէս կապի մէջ է Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան եւ Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Րէիսեանի, նաեւ Դամասկոսի մօտ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեանի հետ։ Ըստ իր փոխանցած բացատրութիւններուն, ներկայիս Քուէյթի եւ Չեխիոյ հետ բանակցութիւններ կ՚ընթանան՝ որպէսզի Հայաստանի մէջ սուրիահայոց համար կառուցուին ընկերային բնակարաններ։ Ան ընդգծեց, որ կրթական ոլորտէ ներս սուրիահայոց համարկումը կարելի է ըստ էութեան համարել աւարտած։
Միւս կողմէ, Հայաստանի կառավարութիւնը սուրիահայոց խնդիրներու լուծման համար ելմտական աջակցութիւն ապահովելու մտադրութեամբ դիմում ներկայացուցած է նաեւ Եւրոմիութեան։ Վերջերս Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեան հանդէս եկաւ այս նիւթին վերաբերեալ յայտարարութիւններով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փոխ-նախարարը շեշտեց, որ Հայաստանէ ներս Սուրիայէն մեկնած հայոց նկատմամբ ցուցաբերուած օգնութիւնն ու անոնց համարկման ուղղեալ քայլերը շատ բարձր կը գնահատուին Եւրոմիութեան եւ առ հասարակ միջազգային հանրութեան կողմէ։ «Եւրոմիութեան հետ մեր շփումներուն մէջ առանձնակի տեղ կը զբաղեցնեն Սուրիայէն ժամանած մեր հայրենակիցներուն եւ առհասարակ փախստականներուն ընկերատնտեսական համարկման խնդիրները։ Դիմումներ ներկայացուած են ԵՄ-ի տարածքաշրջանային խնամակալութեան հիմնադրամէն այս նպատակով ծրագրերու գանձատրման առաջադրութեամբ։ Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Եւրոպան ալեկոծուած է փախստականներու ճգնաժամով՝ սա այդքան ալ դիւրին խնդիր մը չէ։ Բայց դիմումները ներկայացուած են ու մենք կը շարունակենք այս ուղղութեամբ աշխատանքներ տանիլ», ըսաւ Նազարեան։
Ներկայիս Հայաստանի մէջ հաստատուած է շուրջ 20 հազար սուրիահայ եւ կառավարութիւնն ու միւս շահագրգիռ կազմակերպութիւնները հնարաւորը կ՚ընեն՝ անոնց բեռը թեթեւցնելու համար։