ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՄԱՐՏԵՐ

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ ճա­կա­տագ­րա­կան մար­տեր տե­ղի կ՚ու­նե­նան Հա­լէ­պի շուրջ։ Մի­ջազ­գա­յին աղ­բիւր­նե­րը ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն ար­ձա­գանգ կը հան­դի­սա­նան այն ճա­կա­տագ­րա­կան մար­տե­րուն, ո­րոնք կ՚ապ­րուին քա­ղա­քէն ներս։ Այս­պէս, Սու­րիոյ բա­նա­կը Հա­լէ­պի մէջ տի­րա­ցած է ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րուն կող­մէ հա­կակշ­ռուած տա­րածք­նե­րու ե­րե­սուն տո­կո­սին։ Երկ­րի ղե­կա­վար Պե­շար Է­սա­տի են­թա­կայ զօր­քե­րը թո­ղած են մի­ջանցք մը՝ որ­պէս­զի քա­ղա­քի ա­րե­ւե­լեան հա­տուա­ծին հիւ­սի­սը թա­տար­կուի ընդ­դի­մա­դիր զի­նեալ­նե­րէն։ Է­սա­տի բա­նա­կը Հա­լէ­պի ա­րե­ւել­քին վե­րա­տի­րա­նալ կը ջա­նայ՝ ա­ռա­ջին հեր­թին զայն բաժ­նե­լով։ Ար­դա­րեւ, Հա­լէ­պի ա­րե­ւել­քէն ներս, ընդ­դի­մա­դիր­նե­րու հա­կակշ­ռին տակ գտնուող շրջան­նե­րը ա­ռա­ջին հեր­թին Սու­րիոյ բա­նա­կին կող­մէ բաժ­նուած են եր­կու­քի։ Այդ հա­տուա­ծին հիւ­սի­սը ար­դէն վերըս-տին ան­ցած է Սու­րիոյ կա­ռա­վա­րա­կան ու­ժե­րու են­թա­կա­յու­թեան տակ։ Ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը 2012 թուա­կա­նէն ի վեր մե­ծա­գոյն պար­տու­թիւ­նը կ՚ապ­րին Հա­լէ­պի մէջ։

«Ռէօյ­թըրզ» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, ընդ­դի­մա­դիր մար­տիկ մը յայտ­նած է, որ ծայ­րա­յեղ ճնշու­մի մը տակ կը գտնուին Հա­լէ­պի մէջ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, քա­ղա­քի կեդ­րո­նի ա­րե­ւել­քին շուրջ ե­րեք հա­րիւր հա­զար հո­գի պա­շա­րուած վի­ճա­կի մը մէջ կը գտնուի 32 քա­ռա­կու­սի քի­լօ­մեթր տա­րած­քի մը մէջ։ Անգ­լիա­կան «Տը Կար­տիըն» թեր­թը հա­ղոր­դեց, որ Հա­լէ­պի ա­րե­ւել­քին գտնուող քա­ղա­քա­յին ժո­ղո­վուր­դին թի­ւը քա­ռա­սուն հա­զա­րի շուրջ է։

Ռու­սա­կան «Սփուտ­նիկ» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Մոս­կուա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ու­շի ու­շով կը հե­տե­ւի Հա­լէ­պի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դի ժո­ղով։ Այս առ­թիւ շօ­շա­փուե­ցան Հա­լէ­պի շուրջ զի­նուո­րա­կան եւ մար­դա­սի­րա­կան կա­ցու­թիւնն ու ընդ­հա­նուր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։ Վեր­ջին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին Սու­րիոյ բա­նա­կը միշտ վա­յե­լեց Ռու­սաս­տա­նի ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րուն ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։ Ռու­սա­կան ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րը ռմբա­կո­ծե­ցին այն տա­րածք­նե­րը, ո­րոնք ընդ­դի­մա­դիր զի­նեալ­նե­րու վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ կը գտնուին։ Ռու­սաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, որ վեր­ջին քա­նի մը օ­րուան ըն­թաց­քին Հա­լէ­պի մէջ տա­սը թա­ղա­մաս ան­ցած է Սու­րիոյ բա­նա­կի հա­կակշ­ռին տակ ու ձեռք ան­ցուած են ա­ւե­լի քան ե­րեք հա­զար շէն­քեր։ Ըստ նոյն տուեալ­նե­րուն, ա­ւե­լի քան հա­րիւր ընդ­դի­մա­դիր զի­նեալ­ներ լքած են Հա­լէ­պի ա­րե­ւել­քը՝ թող­լով ի­րենց զէն­քե­րը։

Թրքա­կան աղ­բիւր­նե­րը այս ամ­բող­ջին մէջ ու­շադ­րու­թիւն կը հրա­ւի­րեն նաեւ այն հան­գա­ման­քին վրայ, որ ՓՔՔ­-ի Սու­րիոյ շա­ռա­ւի­ղը՝ ՓԵՏ-ԵՓԿ կը վա­րուի Պե­շար Է­սա­տի վար­չա­խում­բին հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցա­բար։ Ա­հա­բեկ­չա­կան այս կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը Շէյխ Մագ­սու­տի շրջա­նը կը պա­հէ իր հա­կակշ­ռին տակ։ Այդ զօր­քե­րը յար­ձա­կում մը ի­րա­կա­նաց­նե­լով ա­պա­հո­վե­ցին՝ որ­պէս­զի Պուս­տան Էլ Պա­շա թա­ղա­մա­սը ետ առ­նուի Սու­րիոյ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րէն։

ՓԵՏ-ի ղե­կա­վար­նե­րէն Սա­լիհ Միւս­լիւմ, ո­րու պա­րա­գա­յին ձեր­բա­կալ­ման ո­րո­շում առ­նուած է Թուր­քիոյ կող­մէ, իր հեր­թին, տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Ըստ ի­րեն, Սու­րիոյ բա­նա­կի յա­ռաջ­խա­ղաց­ման զու­գա­հեռ՝ Հա­լէ­պի զա­նա­զան շրջան­նե­րէն խոյս տուած շուրջ տա­սը հա­զար քա­ղա­քա­յին ժո­ղո­վուրդ ա­պաս­տա­նած է այն տա­րածք­նե­րէն ներս, ո­րոնք կը գտնուին ԵՓԿ-ի հա­կակշ­ռին տակ։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2016