ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՃԵՒԱՏ ԶԱՐԻՖԸ

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆը, որ այցելեց Երեւան։ Ողջունելով հիւր նախարարը՝ Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ խօսեցաւ երկկողմանի բարձր մակարդակի աշխոյժ փոխադարձ այցելութիւններուն մասին եւ ընդգծեց, որ անոնք հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն ա՛լ աւելի մեծ հոգատարութեամբ զարգացնելու երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան հիմքին վրայ կառուցուած միջպետական յարաբերութիւնները։ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստան-Իրան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր անցած 25 տարիներուն ընթացքին երկու երկիրները կառուցած են յարաբերութիւններ, որոնք բարեկամական եւ փոխադարձ ըմբռնումի ու յարգանքի վրայ հիմնուած են։ Ան յոյս յայտնեց, թէ այդ յարաբերութիւնները նոյն ոգիով պիտի շարունակուին նաեւ ապագային։ Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստան Իրանի գործընկերներուն հետ մշտապէս կը վարէ անկեղծ ու բաց երկխօսութիւն եւ շահագրգռուած է բարեկամ Իրանի զարգացմամբ ու տարածքաշրջանի կայունութեամբ։

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Ճեւատ Զարիֆ Սերժ Սարգսեանին փոխանցեց Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի ջերմ ողջոյնները։ Զարիֆ նշեց, որ իր երկրին տեսակէտէ հարեւան պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու զարգացումը արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններու շարքին է։ Հայաստան Իրանի համար մշտապէս եղած է շատ լաւ հարեւան։ Իր խօսքերով՝ թէեւ միջպետական յարաբերութիւնները արդէն 25 տարեկան են, ամրապնդուած քաղաքական սերտ կապերով, սակայն երկու ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւնները դարաւոր են։ Իրանի ժողովուրդը յատուկ յարգանք կը տածէ հայ ժողովուրդին նկատմամբ, ներառեալ երկրին մաս կազմող Իրանի հայ համայնքը։

Զրուցակիցները կարեւորեցին տնտեսական կապերու ամրապնդումն ու փոխադարձ շահաբեր զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան զարգացումը։ Զարիֆի գնահատմամբ՝ հայ-իրանական տնտեսական յարաբերութիւնները համահունչ չեն երկու բարեկամ երկիրներու ներկայ քաղաքական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին։ Ան Սարգսեանին տեղեկացուց, որ իր հայ պաշտօնակցին հետ բանակցութիւններու հիմքին գտնուած են յատկապէս այս ոլորտի զարգացման ուղղեալ հարցերը։ Ճեւատ Զարիֆ նշեց նաեւ, որ տնտեսական յարաբերութիւններու ընդլայնման ու խորացման ուղղուած է նաեւ Երեւանի մէջ կազմակերպուած Հայաստան-Իրան գործարար համաժողովը։

Սերժ Սարգսեան եւ Ճեւատ Զարիֆ գոհունակութեամբ խօսեցան նաեւ միջազգային կառոյցներէ ներս երկու երկիրներու համագործակցութեան մասին։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2017