ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԿԱՊ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, հեռախօսազրոյցի ընթացքին երկկողմանի յարաբերութիւններուն առընթեր առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Սեւ ծովու վերջին իրադարձութիւնները։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին օրերուն Ռուսաստանի եւ Ուքրայնոյ ռազմածովային ուժերուն միջեւ լուրջ լարուածութիւն մը կ՚ապրուի եւ Մոսկուա-Քիեւ առանցքին վրայ հերթական անգամ ստեղծուած է մտահոգիչ կացութիւն։ Էրտողան եւ Թրամփ այս հրատապ օրակարգին շուրջ կարծիքներ փոխանակեցին երէկուան զրոյցին ժամանակ։ Այս տագնապին առընչութեամբ նախագահ Էրտողան վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրայնոյ նախագահ Փեթրօ Փորոշենքոյի հետ։ Էրտողան Թրամփի հետ զրուցելու ժամանակ ալ տեղեկութիւններ փոխանցեց ռուս եւ ուքրանացի ղեկավարներուն հետ ունեցած տեսակցութիւններու բովանդակութեան կապակցութեամբ։

Էրտողան եւ Թրամփ վերահաստատեցին իրենց վճռակամութիւնը՝ որպէսզի Թուրքիա-ԱՄՆ համագործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով զարգանայ ու վերելք ապրի։ Երկու նախագահները համաձայնեցան՝ որպէսզի յառաջիկայ օրերուն դէմ առ դէմ հանդիպում մը ունենան Պուէնոս Այրէսի մէջ, ուր միասնաբար մասնակցութիւն պիտի բերեն Մեծն քսանեակի («G20») գագաթաժողովին։

Սպիտակ տան աղբիւրները եւս երէկ արձագանգ հանդիսացան Էրտողան-Թրամփ հեռախօսազրոյցին։ Գրաւոր յայտարարութեան մէջ մատնանշուեցաւ, որ երկու ղեկավարները զրոյցի ընթացքին հիմնական շեշտը դրած են Ռուսաստան-Ուքրայնա առկայ լարուածութեան վրայ։ Անոնք այս կապակցութեամբ խոր մտահոգութիւն արտայայտած են եւ համամիտ գտնուած են «G20»ի գագաթաժողովի ընթացքին տեսակցելով՝ շարունակել բաժնել այդ մտահոգութիւնները եւ ձեռք առնել նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2018