«ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»

Մեր համայնքի յայտնի արուեստագէտներէն համակրելի նկարիչ Սայաթ Ուշաքլըկիլ ներկայիս նոր ցուցահանդէսով մը կը ներկայանայ գեղարուեստասէր հասարակութեան։ Այս ցուցահանդէսը կը կրէ «Տարօրինակ պատմութիւններ» անունը։ Երէկ երեկոյեան Գարագիւղի «Կալերի 77» գեղարուեստասրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս ցուցահանդէսի բացումը, որ համախմբեց Սայաթ Ուշաքլըկիլի արուեստի համակիրները։

«Տարօրինակ պատմութիւններ»ուն մէջ Սայաթ Ուշաքլըկիլ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ մարդոց եւ անոնց մարմնաւորած իրականութիւններուն վրայ։ Արդարեւ, այնտեղ կայ որքան տարօրինակ, այնքան ալ կախարդական աշխարհ մը։ Սայաթ Ուշաքլըկիլ այդ աշխարհը ծրագրաւորած է շարժանկարի վրայով ու կը մատուցէ նկարչութեան միջոցաւ։ Ժապաւէններու զանազան դրուագները համադրելով այս ցուցահանդէսի ստեղծագործութիւնները պատրաստած է յայտնի նկարիչը, որ այս անգամ եւս յաջողած է հասնիլ ուրոյն պատկերներու։

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 4 յունուար 2020 թուականը։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Սայաթ Ուշաքլըկիլը, որուն կը մաղթենք նորանոր ձեռքբերումներ։ 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 29, 2019