ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՌԻՍՔԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) ունի անհրաժեշտ միջոցներ՝ կանխելու համար Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ նոր լարուածութիւնը։ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Պիշկէքի մէջ մասնակցութիւն բերաւ ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովին, որու ընթացքին քննարկուեցան միջազգային եւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան հարցեր։ Գագաթաժողովի ընթացքին ան եւս խօսեցաւ Հայաստանի եւ ամբողջ տարածքաշրջանի անվտանգութեան վերաբերեալ իրավիճակին շուրջ։ Փաշինեան մասնաւորապէս կանգ առաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վրայ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան շեշտեց, որ ռազմատենչ նկրտումները բացարձակապէս անհեռանկարային են եւ խաղաղ բանակցութիւններն ու խնդրի խաղաղ ճանապարհով լուծումը այլընտրանք չունին։ Բաց աստի, Փաշինեան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան դիրքորոշումը վտանգաւոր է ո՛չ միայն Հարաւային Կովկասի, այլեւ՝ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու անվտանգութեան տեսակէտէ։

«Կը կարծեմ, թէ նոր լարուածութիւնը աղիտալի հետեւանքներ պիտի թողու ո՛չ միայն Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանէն ներս, այլեւ՝ անկէ դուրս։ Գտնուելով պատերազմական իրավիճակի մէջ՝ Ատրպէյճան կրնայ յարմար ցատկատախտակ մը դառնալ ծայրայեղականներու համար, որոնք Սուրիոյ մէջ ազդեցութիւնը կորսնցուցած ըլլալով՝ կը փնտռեն նոր տարածքներ իրենց գործունէութեան համար։ Ընդ որում՝ Ատրպէյճան աշխարհագրական առումով շատ յարմար հարթակ մըն է, որու միջոցաւ ծայրայեղականները կրնան ծաւալել իրենց գործունէութիւնները բոլոր ուղղութիւններով՝ հարաւին, հիւսիսի, արեւելքի եւ արեւմուտքի մէջ», ըսաւ Փաշինեան։

Այս բոլորի լոյսին տակ Փաշինեան յայտնեց, որ ղարաբաղեան հիմնախնդրի պարագային հաւանական լարուածութիւնները կանխելու համար ՀԱՊԿ-ի երկիրները պէտք է անպատասխան թողուն Ատրպէյճանի կողմէ նոր զէնքեր ձեռք բերելու դիմումները՝ անվտանգութեան պահպանման շահերուն հիման վրայ։ «Մենք անկեղծ ենք՝ մեր խաղաղութեան ձգտման մէջ եւ պատրաստ ենք հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ շինիչ երկխօսութեան՝ իմ ներկայացուցած հայեցակարգի հիման վրայ։ Մենք կը շարունակենք բանակցութիւնները ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու՝ միջազգայնօրէն ընդունուած միակ բանակցային ձեւաչափի շրջանակներուն մէջ։ ՀԱՊԿ քանիցս յայտարարած է իր աջակցութիւնը անոր նկատմամբ։ Ես կ՚ուզեմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուսական կողմի համանախագահութեան», ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Միւս կողմէ, ՀԱՊԿ-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը Պիշկէքի գագաթաժողովին զուգահեռ կ՚անցնի Ռուսաստանին։ Երէկ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին տեղեկացուց, որ իր երկիրը ռազմական համագործակցութեան նոր ծրագիր մը ներկայացնել կը պատրաստուի ՀԱՊԿ-ի գործընկերներուն։ 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 29, 2019