ԼԱՒՐՈՎ ՊԱՔՈՒ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կը պատրաստուի այցելել Պաքու։ Յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին նախատեսուած է իր ուղեւորութիւնը, որու ընթացքին ան հանդիպումներ կ՚ունենայ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա տեղեկացուց, որ սա պիտի ըլլայ պաշտօնական այցելութիւն մը, որու ընթացքին կը նախատեսուի ստորագրել 2020 թուականի վերաբերեալ խորհրդակցութիւններու ծրագիրը՝ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գան քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական բնագաւառներէ ներս յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերեալ հարցեր։

Միւս կողմէ, Մարիա Զախարովա յայտարարեց նաեւ, որ Մոսկուա կ՚ողջունէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի շուրջ լարուածութեան նուազեցման ուղղեալ քայլերը։ Ան յայտարարութիւնը ըրաւ անդրադառնալով Հայաստանի, Արցախի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ կազմակերպուած լրագրողներու փոխադարձ այցելութիւններուն։ Ռուս բանբերի խօսքով՝ ողջունելի կը համարուին նաեւ այն մարդասիրական քայլերը, որոնք ուղղուած են ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման շրջանակներէն ներս ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու։ «Մենք այդ համատեղ միջոցառումը կը դիտենք՝ որպէս հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ շփումներու հաստատման նպատակով կողմերու մտադրութեան դրսեւորումը», ըսաւ Մարիա Զախարովա եւ աւելցուց, որ Ռուսաստան պիտի շարունակէ կողմերու անհրաժեշտ միջնորդական աջակցութիւնը ցուցաբերել՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 29, 2019