ՄՇԱԿՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔ
Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ երէկ առաւօտ Գուրուչէշմէի մէջ նախաճաշ մը կազմակերպուեցաւ մեր կրթական մշակներուն համար։ Ծովահայեաց ճաշարանի մը մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցան Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ պոլսահայ բազմաթիւ կրթական մշակներ։ Ատենապետ Կարապետ Մխալեանի կողմէ գլխաւորուած Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր կրթական մշակները։
Սեղանի շուրջ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը, որու ընթացքին շնորհաւորեց ուսուցիչները, գնահատեց անոնց կողմէ ներդրուած վաստակը՝ շեշտը դնելով մարդակերտումի կարեւորութեան վրայ։