ՆՈՒԻՐԱՀԱՒԱՔՄԱՆ ԱՐՇԱՒ
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կազմակերպուած նուիրահաւաքման արշաւը հասաւ իր աւարտին։ Այս տարի 22-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ այս մարաթոնը, որու հասոյթը միշտ կը տրամադրուի Հայաստանի եւ Արցախի հրատապ կարիքներուն համար։ Կը հաղորդուի, որ այս տարուայ մարաթոնի արդիւնքով հանգանակուեցաւ շուրջ 10 միլիոն ամերիկեան տոլար։ Ճշգրիտ գումարն է՝ 9 միլիոն 856 հազար 100 տոլար։
Այս տարուայ նուիրահաւաքման արշաւին ընդառաջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ կոչով մը։ Ան վստահեցուց, թէ հիմնադրամի ծախսած իւրաքանչիւր լումայի արդիւնաւէտութիւնը կ՚ըլլայ խիստ հսկողութեան տակ։ Ըստ իրեն, հիմնադրամի աշխատանքը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու համար հարկաւոր է հրաժարիլ սահմանափակ թիւով մարդոց խոշոր նուիրատուութիւններու տրամաբանութենէն եւ պէտք է անցում կատարել փոքր, բայց մեծ թիւով մարդոց նուիրատուութիւնները ապահովելու տրամաբանութեան։ Ուղիղ եթերով տեսասփռուած պատգամին մէջ Նիկոլ Փաշինեան դիմեց ամերիկահայ երեք յայտնի անուններու, որպէսզի անոնք շարունակական նուիրատուութիւններ կատարեն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին համար։ Այդ անուններն են՝ Սերժ Թանքեան, Քիմ Քարտաշեան եւ Ալեքսիս Օհանեան։
Նիկոլ Փաշինեան այս տարուան կոչին մէջ շեշտեց, որ եթէ հնարաւոր դառնայ 5 միլիոն հայու շրջանակին մէջ տարածել հիմնադրամի նուիրահաւաքման մասնակցութիւնը, ապա կարելի պիտի դառնայ ունենալ համահայկական պիւտճէ մը, որ անառարկելիօրէն պիտի ծառայէ Հայաստանի, Արցախի նաեւ սփիւռքի հզօրացման։ «Շատ կարեւոր է, որ մենք այս գործընթացը դարձնենք ներգրաւողական։ Հայ մեծահարուստները դարձեալ կը շարունակեն իրենց նուիրատուութիւնները, ես համոզուած եմ», ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Ըստ Փաշինեանի, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի դրամահաւաքներու հիմնական մասը ապահոված են սփիւռքի կամ հայութեան երեւելի ներկայացուցիչները, մեծահարուստները եւ այլն։ Բայց այստեղ կը յառաջանայ խնդիր մը։ Իր համոզմամբ, սա նաեւ հիմնադրամին նկատմամբ վստահութեան մակարդակը բարձրացնելու միջոց մըն է։ Փաշինեանի կանխատեսումներով, եթէ աշխարհի վրայ ապրող հայերու շարքերէն 5 միլիոնը հնարաւոր ըլլայ ներգրաւել այս գործընթացին, ապա 10 միլիոն տոլարի սահմաններուն հասնող հանգանակութեան փոխարէն՝ կարելի է ունենալ աւելի քան 1 միլիառ տոլարի մակարդակով գումար։