ՇԱՀԵԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐ. «ZARALI»
Գրասէրներու շրջանակներէն ներս միջոցէ մը ի վեր անանտեսելի ուշադրութեան կ՚արժանանայ «Zaralı» գիրքը, որու հեղինակն է Աւետիս Օլկուն։ Դերձակուհի Վարդանոյշի յուշերը կը մատուցուին այս հետաքրքրական գիրքով, որու արդէն երկրորդ հրատարակութիւնը կատարուած է։ Ցայսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հեղինակաւոր հինգ համալսարաններու գրադարաններէն ներս տեղ գտած է այս գիրքը, որ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ 1915 թուականին ապրուած մարդկային յատկանշական պատմութեան մը վրայ։ Այսպէս, Սեբաստիոյ Զարա գաւառակին մէջ, 1915 թուականին դերձակուհի Վարդանոյշ փրկուած է իր մահմետական հարեւանուհիին կողմէ, երբ տակաւին երկու ամիսէ ի վեր ամուսնացած էր։ Դերձակուհի Վարդանոյշ կեանքին տեւողութեան ամէն առաւօտ ժամը 04.00-ին աշխատանքի լծուած է կարի մեքենային առջեւ եւ Աւետիս Օլկուն այս գիրքին մէջ մատուցած է իր մեծ մօր պատմութիւնը՝ շատ դիպուկ դրուագներով։ Սա դերձակուհի Վարդանոյշի կեանքի պատմութիւնն է՝ թէ՛ աշխատանքով եւ թէ արտասուքով։
Աւետիս Օլկուն սեփական միջոցներով հրատարակած է այս գիրքը, որ ճոխացուած է ընտանեկան ալպոմէ շարք մը լուսանկարներով։
Այն վկայութիւնը, որ կը փոխանցուի Աւետիս Օլկունի կողմէ, անտարակոյս, մէկ կողմէ կը պատկանի ընտանիքի մը անցեալին, իսկ միւս կողմէ կ՚առընչուի արեւմտահայութեան յիշողութիւններուն։