ՓԱՐԻԶԻ «ՓՈՄՓԻՏՈՒ» ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ ՓԱՐԱՃԱՆՈՎԻ ԵՒ ՔՈՉԱՐԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՌԹԻՒ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
Փարիզի «Փոմփիտու» արդի արուեստի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որ ձօնուած էր հայկական մշակոյթի երկու հսկաներու համընկնած յոբելեաններուն։
Այսպէս, համաշխարհային նշանակութեամբ այս կարեւոր գեղարուեստական կառոյցի յարկէն ներս ոգեկոչման երեկոյթ մը տեղի ունեցաւ՝ ի յիշատակ Սերկէյ Փարաճանովի ծննդեան 100-ամեակին եւ Երուանդ Քոչարի ծննդեան 125-ամեակին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ձեռնարկին զուգահեռ ցուցադրուեցան Երուանդ Քոչարի այն երկու ստեղծագործութիւնները, որոնք կը պահուին «Փոմփիտու» կեդրոնին մէջ։
Երեկոյթի մասնակիցներու շարքին էին Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան, «Փոմփիտու» կեդրոնի նախագահ Լորան լը-Պոն, Փարիզի Ժամանակակից արուեստի թանգարանի տնօրէն Զաւիէ Ռէյ, Երուանդ Քոչարի հարազատները, ֆրանսահայ համայնքէն դէմքեր եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր։
Սերկէյ Փարաճանովն ու Երուանդ Քոչարը կը դասուին հայկական արդի արուեստի տիրական անուններու շարքին ու միջազգային համբաւ կը վայելեն։ Երկուքն ալ եղած են բազմակողմանի արուեստագէտներ, որոնք մէկէ աւելի ուղղութիւններու վրայ ստեղծագործած են եւ այդ բոլոր ուղղութիւններուն վրայ իրենց ստեղծագործութիւնները ժամանակի ընթացքին գլուխ գործոցներ համարուած են։ Ուստի, Սերկէյ Փարաճանովի եւ Երուանդ Քոչարի՝ այժմու համընկնած յոբելեանները առիթ կը հանդիսանան, որպէսզի անոնց թողած հարուստ ժառանգութիւնը վերարժեւորուի բազում հարթակներու վրայ։