ԱՆՆԱԽԱԴԷՊ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեան յայ­տա­րա­րեց, որ տա­րուան ըն­թաց­քին հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րը թոյլ չեն տուած, որ­պէս­զի Ատր­պէ­ճա­նի զօր­քե­րը 1 մի­լի­մեթր յա­ռաջ գան։ «Ար­մէնփ­րէս»ին տուած հար­ցազրոյ­ցին մէջ ան ը­սաւ, թէ 2015 թուա­կա­նը ան­նա­խա­դէպ լա­րուա­ծու­թեան տա­րի մը ե­ղած է հայ­կա­կան բա­նա­կին եւ զի­նեալ ու­ժե­րուն հա­մար։ Դժբախ­տա­բար տա­րին իր հետ բե­րած է կո­րուստ­ներ, նոր խնդիր­ներ, սա­կայն, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ բնա­կա­նա­բար ա­ւե­լի ու­ժե­ղա­ցու­ցած եւ ամ­րապն­դած է հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րուն մար­տու­նա­կու­թիւ­նը։

Ըստ Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեա­նի, թէեւ 2014 թուա­կանն ալ նոյն­պէս ե­ղած էր լա­րուած տա­րի մը, բայց 2015 թուա­կա­նը այդ ա­ռու­մով քա­նի մը քայլ ա­ւե­լի էր։ Զո­հե­րու եւ կրա­կոց­նե­րու ա­ռու­մով տա­րին կա­րե­լի է հա­մա­րել լիո­վին պա­տե­րազմ, բայց ոչ լայ­նա­ծա­ւալ։ «Նա­խա­գահ­նե­րու վեր­ջին հան­դի­պու­մը շա­տե­րուն կող­մէ ա­նուա­նուե­ցաւ ոչ թէ խա­ղա­ղու­թեան, այլ պա­տե­րազ­մի չսկսե­լու հան­դի­պում։ Ի­րա­վի­ճա­կը այն­քան լա­րուած է եւ պա­տե­րազ­մին այն­քան մօտ է, որ նման հան­դի­պում­նե­րը փոքր յոյս մը կը ներշն­չեն, թէ լայ­նա­ծա­ւալ պա­տե­րազմ չսկսի», ը­սաւ բան­բե­րը եւ ա­ւել­ցուց, թէ Ատր­պէյ­ճան թէեւ չ՚եր­թար լայ­նա­ծա­ւալ պա­տե­րազ­մի՝ ո­րով­հե­տեւ կորսնց­նե­լիք շատ բան կ՚ու­նե­նայ, բայց միեւ­նոյն ժա­մա­նակ չի փա­փա­քիր, որ սահ­մա­նին վրայ ըլ­լայ խա­ղա­ղու­թիւն։ Ըստ Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեա­նի, դժուար է լա­րուած ի­րա­վի­ճա­կի մէջ, զո­հե­րու, օգ­տա­գոր­ծուող ծանր զի­նա­տե­սակ­նե­րու պա­րա­գա­յին խօ­սիլ մեծ ձեռք­բե­րում­նե­րու մա­սին, սա­կայն ա­նոնք ե­ղած են։ «Բնա­կա­նա­բար բա­նա­կի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կը փա­փա­քէր, որ բո­լոր ձեռք­բե­րում­նե­րը փաս­տուէին խա­ղաղ պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ։ Բայց, Յով­հան­նի­սեա­նի խօս­քով, ընդ­հա­նուր առ­մամբ, որ­պէս ձեռք­բե­րում կա­րե­լի է հա­մա­րել բա­նա­կի մար­տու­նա­կու­թեան բարձ­րա­ցու­մը։ Ար­դա­րեւ, որ­քան որ հա­կա­սա­կան ըլ­լայ, այդ լա­րու­մը մար­տա­կան հմտու­թեան ձեռք­բեր­ման հիմ­քե­րէն է», ը­սաւ բան­բե­րը։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեան բեղմ­նա­ւոր ու հե­ռան­կա­րա­յին ո­րա­կեց Հա­յաս­տա­նի եւ Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Բաց աս­տի, Հա­յաս­տան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն հետ կը հա­մա­գոր­ծակ­ցի խա­ղա­ղա­պահ ա­ռա­քե­լու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ եւ այդ ա­ռու­մով աշ­խար­հագ­րու­թիւ­նը ա­նընդ­հատ կ՚ընդ­լայ­նուի։ «Սա մեր զի­նեալ ու­ժե­րու ո­րա­կի դրսե­ւո­րումն է։ Այս տա­րի հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րը ու­նե­ցան յա­տուկ վկա­յա­կան, որ թոյլ կու տայ կազ­մել յա­տուկ խմբա­ւո­րում­ներ գու­մար­տա­կի մա­կար­դա­կով։ Սա կա­րե­ւոր հան­գա­մանք մըն է եւ մեր հա­րե­ւան պե­տու­թիւն­նե­րը այն­քան ալ դիւ­րու­թեամբ չեն անց­նիր այդ փու­լը։ ՆԱ­ԹՕ-ի հետ միա­սին ար­դէն ստեղ­ծուած է բա­րե­վար­քու­թեան կեդ­րոն մը, ինչ որ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ձեւ մըն է։ Սա ոե­ւէ մէ­կէն վեր­ցուած չէ։ Սա բա­նա­կի ժա­մա­նա­կա­կից մար­տահ­րա­ւէր­նե­րէն ծնած ո­րո­շում մըն է եւ այդ մէ­կը պէտք է զար­գաց­նել ու պէտք է յա­ռաջ տա­նիլ», ընդգ­ծեց Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեան։

Միւս կող­մէ, տա­րե­մու­տի դրու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի մէջ բազ­մա­թիւ մեկ­նա­բան­ներ խիստ հա­ւա­նա­կան կը նկա­տեն սահ­մա­նի ներ­կայ աս­տի­ճա­նին շա­րու­նա­կուի­լը։ Ըստ անոնց, կարգավիճակը կը մնայ անփոփոխ, իսկ բանակցային գործընթացէն ներս դժուար թէ ըլլայ նորութիւն։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2015