ՀԲԸՄ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեան պատ­գամ մը հրա­պա­րա­կեց Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան կա­պակ­ցու­թեամբ։ Այս առ­թիւ ան յի­շե­ցուց, թէ 2016 թուա­կա­նը կը զու­գա­դի­պի ՀԲԸՄ-ի 110-ա­մեա­կին։ Սեդ­րա­կեան կոչ ուղ­ղեց ՀԲԸՄ-ի ան­դա­մակ­ցու­թեան՝ խո­րա­պէս ըն­կա­լել նոր ժա­մա­նակ­նե­րու ո­գին եւ վե­րա­նո­րոգ ե­ռան­դով ի­րենց հա­մադ­րեալ ու­ժերն ու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը ի գործ դնել ՀԲԸՄ-ի հիմ­նա­կան նպա­տակ­նե­րու ի­րա­գործ­ման ճա­նա­պար­հին՝ որ­պէս­զի հա­յոց ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ­նե­րը հպար­տու­թեամբ փա­րին ի­րենց ինք­նու­թեան եւ խան­դա­վա­ռու­թեամբ շա­րու­նա­կեն մաս­նակ­ցիլ ազ­գա­նուէր եւ հայ­րե­նա­կերտ աշ­խա­տանք­նե­րը։

Սեդ­րա­կեան յի­շե­ցուց, թէ 2015 թուա­կա­նը յատ­կան­շուած է բո­լոր մար­զե­րու մէջ ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թեամբ եւ կա­րե­ւոր ի­րա­գոր­ծում­նե­րով։ Ան կանգ ա­ռաւ նոր սե­րուն­դի զա­նա­զան շրջա­նակ­նե­րու շաղ­կա­պու­մին եւ ա­նոնց մի­ջո­ցաւ Հա­յաս­տան-Սփիւռք կա­պե­րու սեր­տա­ցու­մին եւ գոր­ծակ­ցա­կան ու փո­խա­դարձ օգ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու աշ­խու­ժաց­ման ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն վրա­յ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2015