ՄԱՀ՝ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԽՏԸՇԵԱՆԻ
Երէկ լիբանանահայ գաղութը կորսնցուց հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներէն, բազմավաստակ դերասան եւ բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանը, որ տասնամեակներ շարունակ իր անջնջելի դրոշմը դրաւ լիբանանահայ թատերական կեանքին վրայ:
Վարուժան Խտըշեան ծնած է 1937-ին, Ալէյ, Լիբանան: 16 տարեկանին սկսած է թատերական առաջին քայլերուն Ժորժ Սարգիսեանի հետ:
1960-ին մեկնած է Լոնտոն, ուր հետեւած եւ աւարտած է Լոնտոնի «Վէպըր Տուկլաս աքատեմի օֆ տրամաթիք արթ» հիմնարկը:
1965-ին վերադարձած է Լիբանան եւ մաս կազմած Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին: Երկու տարի ետք հիմնած է «Թատրոն 67» թատերախումբը: Տարիներու ընթացքին «Թատրոն 67» եւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին հետ ներկայացուցած է «Սալեմի վհուկ-ները», «Գինը», «Կամուրջէն դիտուած», «Բոլոր զաւակներս», «Երկրորդ պողոտայի բանտարկեալը», «Կայսրը», «Հին աստուածներ», «Հանրային պարտէզի մէջ ոտաբոպիկ», «Երկնքի ճամբով», «Մեծ վարպետ Սոլենս», «Մինչեւ ո՞ւր», «Վենետիկի վաճառականը», «Շեփորդ հնչեցուր», «Մարա Սատ», «Վերակացուն», «Վենետիկեան երկուակներ», «Շերի նուար», «Բլրեցի Եփէն», «Ալաֆրանկա», «Հայաստանի լեռներուն սրնգահարը», «Արեւելեան ատամնաբուժը» եւ շարք մը այլ ներկայացումներ: Վարուժան Խտըշեան 1979-1987 թուականներուն Հայաստանի մէջ բեմադրած է թատերական հինգ ներկայացում եւ 1987-ին արժանացած՝ «Պետրոս Ադամեան» շքանշանին (Խորհրդային ժամանակաշրջանին առաջին սփիւռքահայն էր, որ այս շքանշանը կը ստանայ): 2000-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ կը պարգեւատրուի «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով: Նոյն տարին կը պարգեւատրուի նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ՝ Համազգայինի շքանշանով: 2004-ին կը պարգեւատրուի Լիբանանեան Համալսարանի Գեղարուեստի բարձրագոյն հիմնարկին շքանշանով: 2008-ին իբրեւ պարգեւատրում կը ստանայ Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի նախարարութենէն ոսկի մետայլ: Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին ձեռամբ կը պարգեւատրուի «Ս. Սահակ Ս. Մեսրոպ» շքանշանով: Վարուժան Խտըշեան աւելի քան քսան տարի Լիբանանեան համալսարանին մէջ դասաւանդած է թատերական արուեստը: Երկար տարիներ ստանձնած է Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի ղեկավարութիւնը:
Խտըշեան անգլերէնէ հայերէնի թարգմանած է քսաներկու թատերական կտորներ:
Այս տխուր առիթով Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան Վարուժան Խտըշեանի ընտանիքին եւ գործակիցներուն յղեց ցաւակցագիր մը, որուն մէջ նշեց. «Մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք ձեզի՝ անհատուցելի կորուստի ցաւը յաղթահարելու համար եւ կը մաղթենք հոգիի ամրութիւն»: