ՌԱՄԱՏԻ ՔԱՂԱՔԸ ԱՆՑԱՒ ԻՐԱՔԻ ԲԱՆԱԿԻ ՀԱԿԱԿՇՌԻՆ ՏԱԿ

«Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ մղուած պայ­քա­րին շրջագ­ծով ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն մը։ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րուն կող­մէ կա­տա­րուած ռմբա­կոծ­ման ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լով Ի­րա­քի բա­նա­կը Ռա­մա­տի քա­ղա­քը ետ ա­ռաւ Ի­ՇԻՊ-էն եւ այն­տեղ հաս­տա­տեց իր հա­կակ­շի­ռը։

Կը հա­ղոր­դուի, որ մայ­րա­քա­ղաք Պատ­ղա­տէն 100 քի­լօ­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ գտնուող Ռա­մա­տիի կեդ­րո­նին մէջ կա­ռա­վա­րա­կան շէն­քե­րու վրայ վերստին պար­զուե­ցաւ Ի­րա­քի դրօ­շը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2015