ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՎԱՌ ՅՈՅՍԵՐ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ մէկտեղուեցաւ մարզական աշխարհի ներկայացուցիչներու հետ։ Հաւաքոյթին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան։ Տօնական մթնոլորտի մէջ պարգեւներ ստացան յաջող մարզիկները։
Աւանդական դարձած այս հաւաքոյթին ընթացքին Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց մարզաշխարհի ներկայացուցիչները, անոնց մաղթեց առողջութիւն, նորանոր յաջողութիւններ ու ձեռքբերումներ մարմնամարզի բնագաւառէն ներս եւ անձնական կեանքի մէջ։
Սերժ Սարգսեան միեւնոյն ժամանակ անդրադարձաւ 2016 թուականին Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ կայանալիք ողիմպիական խաղերուն։ Ան մաղթեց, թէ Հայաստանը ներկայացնելիք մարզիկներու շարքին գտնուին ոսկէ մետայլի արժանանալիքներ՝ հպարտութեան պահեր պարգեւելով հայ ժողովուրդին։