ՔԱՂԱՔԷ ՔԱՂԱՔ

Դեկ­տեմ­բե­րի 6-ին «Տե­փօ», ա­պա 11-ին «g art» պատ­կե­րաս­րահ­նե­րուն մէջ բա­ցուե­ցաւ նկար­չու­հի Մե­րի Մու­նի (Ա­միր­խա­նեան) «Ի­րա­կա­նու­թիւ­նը գե­ղե­ցիկ է» ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սը, ուր ներ­կա­յա­ցուած էր ա­րուես­տա­գի­տու­հիին «Քա­ղաք» շար­քը։ Ցու­ցադ­րուած նկար­նե­րը կը բա­ցա­յայ­տեն նկար­չու­հիի «Քա­ղաք­նե­րու» ե­տե­ւը թո­ղած հա­մար­ձակ, ան­սո­վոր ու մրցա­կից պատ­կե­րա­ցում­նե­րը։

Մե­րի Մու­նի քա­ղաք­նե­րը նկար­ուած են զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ՝ Գեր­մա­նիա, Աւստ­րիա, Ուք­րայ­նա, Վրաս­տան, Թուր­քիա եւ Հա­յաս­տան։ Ան իր քա­ղաք­նե­րը նկա­րած է այլ տե­սան­կիւ­նէ, ո­րու գա­ղա­փա­րը յա­ռաջ ե­կած է զու­գա­դի­պու­թե­նէ մը։ Ան Ե­րե­ւա­նի քա­նի մը ծա­նօթ վայ­րե­րու լու­սան­կար­ներ ցոյց տուած է ըն­կեր­նե­րուն, բայց ա­նոնք չեն ճանչ­ցած քա­ղա­քը։ Նոյն սկզբուն­քով նկա­րած է Իս­թան­պու­լի մէջ եւ ոչ միայն։ Այ­սինքն բո­լո­րին ծա­նօթ միեւ­նոյն վայ­րը կը դառ­նայ ան­ծա­նօթ, երբ կը փո­խուի դի­տա­կէ­տը։

Մե­րի Մու­նի քա­ղաք­նե­րուն մէջ օգ­տա­գոր­ծուած են ե­րեք գոյ­նե­րը, ո­րոնք ա­ռա­ջին հեր­թին թո­ներ են՝ լոյս, ստուեր, կի­սաս­տուեր, կը շեշ­տեն նկար­նե­րու բո­վան­դա­կա­յին կող­մը։ Հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին՝ հա­րուստ գու­նա­յին լու­ծում­նե­րը կրնան շե­ղել դի­տո­ղի ու­շադ­րու­թիւ­նը նկա­րի հիմ­նա­կան գա­ղա­փա­րէն։

Կան նկար­ներ, ուր նկար­չու­հին շէն­քե­րու ճա­կա­տա­յին մա­սին պատ­կե­րած է մար­դիկ։ Ա­նոնք կրնան ըլ­լալ այդ քա­ղա­քի ուղ­ղա­կի կամ ա­նուղ­ղա­կի բնա­կիչ­նե­րը։ Շէն­քե­րը կը յու­շեն այդ մար­դոց գո­յու­թեան մա­սին. գո­յու­թիւն, որ միա­ժա­մա­նակ հե­տե­ւանք է։ Նկար­չու­հիին քա­ղաք­նե­րը եր­բեմն մե­լա­մաղ­ձոտ նոք­թիւրն կը յի­շեց­նեն, կար­ծես ա­նոնց ո­գեշնչ­ման հա­մար հիմք ե­ղած են քա­ղաք­նե­րու ան­սո­վոր դի­տա­կէ­տէն նկա­րուած լու­սան­կար­նե­րը։ Այդ քա­ղաք­նե­րը ա­ւե­լին են, քան ժա­մա­նա­կա­կից լանտ­շաֆ­թի «ձայ­նագ­րիչ»։ Մե­րի Մուն մեկ­նա­բա­նող է, նոր հա­յեացք բա­ցա­յայ­տող։ Իր աշ­խա­տանք­նե­րը ապսթ­րաք­սիո­նի, նկա­րագ­րու­թեան, ձե­ւի եւ ու­ժա­նիւ­թա­հա­մա­կար­գի, մա­կա­րե­սի ու պատ­րան­քի, զնման եւ յի­շո­ղու­թեան մաս­նիկ­նե­րու հա­ւա­քա­ծոյ են։

«g art» պատ­կե­րաս­րա­հի գողտ­րիկ մէկ հա­տուա­ծին ցու­ցադ­րուած է ապսթ­րաքթ ո­ճի ե­րեք քա­ղաք։ Ա­նոնք գու­նա­յին ա­ւե­լի ջերմ ու լու­սե­ղէն թո­նե­րով են՝ դե­ղին, կա­նաչ, բաց կա­նաչ, ու­նին ան­հոգ, պար­զու­նակ, ե­թե­րա­յին բնոյթ։

Ի հա­կադ­րու­թիւն նրբա­կերտ այս նկար­նե­րուն, ցու­ցադ­րուած են իր ամ­րա­կերտ եր­կա­թէ շի­նու­թիւն­նե­րը։ Երկ­չափ շի­նու­թիւն­ներ են ա­նոնք, ո­րոնք դուրս բե­րուած են երկ­չափ տա­րա­ծու­թե­նէ՝ պատ­կե­րէ, կրկնե­լով նկա­րի երկ­չա­փու­թիւն։ Ստուե­րի յա­ւել­ման շնոր­հիւ ա­նոնց երկ­չա­փու­թիւ­նը կը դառ­նայ ե­ռա­չափ, քա­ռա­չափ եւ ա­ւե­լի։ Մե­րի Մու­նի շի­նու­թիւն­նե­րուն մէկ մա­սը բե­րուած է Իս­թան­պուլ։

2012-ին, Շու­շիի մէջ կա­յա­ցած «Հող եւ փոր­ձա­գի­տու­թիւն» ժա­մա­նա­կա­կից գե­ղա­րուես­տա­կան ծրագ­րի շրջա­նակ­նե­րէն ներս Մե­րի Մուն ներ­կա­յա­ցու­ցած էր սպի­տակ պե­թո­նէ շի­նու­թիւն մը՝ խորհր­դան­շե­լով սպի­տակ Շու­շին։ Ան եր­բեմն կը մաս­նա­տէ շի­նու­թիւն մը եւ կը ներ­կա­յաց­նէ զա­նա­զան վայ­րե­րու մէջ։ Այս­պէ­սով շի­նու­թեան մէկ հա­տուա­ծը կը դառ­նայ թէ՛ ինք­նու­րոյն գո­յու­թիւն եւ թէ պայ­մա­նա­կան մաս­նիկ, որ կ՚ամ­բող­ջա­նայ տա­րա­ծա­կան տրա­մա­թիւր­ժիի շնոր­հիւ։

Մե­րի Մուն մաս­նա­գի­տա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցած է Ե­րե­ւա­նի Գե­ղա­րուես­տի ա­կա­դե­միոյ մէջ, Փրոֆ. Փա­րա­ւոն Միր­զո­յեա­նի ա­րուես­տա­նո­ցին մէջ։ 2008 թուա­կա­նին, որ­պէս հիւր ու­սա­նող մաս­նակ­ցած է Քա­սե­լի (Գեր­մա­նիա) Գե­ղա­րուես­տի եւ ձե­ւա­ւոր­ման դպրո­ցի ա­մառ­նա­յին դա­սըն­թա­ցքին, Փրոֆ. Նոր­պերթ Ռա­տեր­մա­խէ­րի ա­րուես­տա­նո­ցին մէջ։ Տա­կա­ւին ե­րի­տա­սարդ նկար­չու­հին ու­նի մաս­նա­գի­տա­կան խոստմ­նա­լից բե­ղուն ձեռք­բե­րում մը։ Մաս­նակ­ցած է շարք մը հա­ւա­քա­կան ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու Գեր­մա­նիոյ, Աւստ­րիոյ, Զուի­ցե­րիոյ, Իր­լան­տա­յի, Ուք­րայ­նոյ, Վրաս­տա­նի, Թուր­քիոյ, Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ։

Մաս­նա­ւոր քա­ջու­թիւն էր ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէս ու­նե­նալ Թուր­քիոյ մէջ, ինչ որ ի­րա­կա­նա­ցաւ 2015-ին Թուր­քիոյ հինգ տար­բեր հե­ղի­նա­կա­ւոր պատ­կե­րաս­րահ­նե­րու մէջ ցու­ցադ­րուե­լու շնոր­հիւ։ 2014 թուա­կա­նին Մե­րի Մուն մաս­նակ­ցած է Թուր­քիոյ մէջ կազ­մա­կեր­պուած «Տա­րուան մի­ջազ­գա­յին ե­րի­տա­սարդ նկա­րիչ» մրցոյ­թին եւ ար­ժա­նա­ցած՝ ա­ռա­ջին մրցա­նա­կին։ 

ԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2015