ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՋԱՏԱԳՈՎ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ Ամանորի առթիւ մէկտեղուեցաւ դիւանագէտներու հետ։ Այսպէս Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս կազմակերպուած հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններ, դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներ, հայկական դիւանագիտական անձնակազմը, ինչպէս նաեւ որպէս տանտէր՝ նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։ Սերժ Սարգսեան ելոյթ մը ունեցաւ ընդունելութեան ընթացքին՝ շնորհաւորեց եւ բարեմաղթութիւններ յղեց նախարարութեան աշխատակիցներուն, Հայաստանի բոլոր դիւանագէտներուն եւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտար դիւանագէտներուն։ Իր շնորհաւորական խօսքին մէջ ան անդրադարձաւ Հայաստանի անցեալ տարուան արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր ձեռքբերումներուն, տակաւին առկայ խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ համարկման գործընթացներու շրջանակներէն ներս Հայաստանի աշխոյժ ներգրաւուածութեան արդիւնքով իրականացուած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս հայկական դիւանագիտութեան ջանքերուն։ Իր խօսքին մէջ Սերժ Սարգսեան ըսաւ.
«Անցեալ տարի մեզի համար խորհրդանշական էր։ Հայաստան տօնեց իր անկախութեան 25-ամեակը։ 25 տարի առաջ, ինչպէս մեր ամբողջ նորանկախ երկիրը, այնպէս ալ մեր դիւանագիտութիւնը կ՚առնէր առաջին քայլերը։ Այսօր Հայաստան աշխարհին կը ներկայանայ ուրոյն արտաքին քաղաքականութեամբ՝ շինիչ, հաւասարակշռուած, սկզբունքային եւ վստահելի դիւանագիտութեամբ։
«Այն, որ ծանօթ է դիւանագիտութեան մեր ձեռագրին՝ գիտէ, որ Հայաստան կ՚առաջնորդուի ոչ թէ «ընդդէմ», այլ «յանուն» սկզբունքով։ Հայաստան կը ձգտի ունենալ իր ներդրումը անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապընդ-ման, միջազգային յարաբերութիւններու մէջ դրական օրակարգի ձեւաւորման, փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան խթանման, զանազան երկիրներու ու մշակոյթներու միջեւ երկխօսութեան կամուրջներ հաստատելու գործին մէջ։ Այս բանին վկայութիւնն են Հայաստանի աշխոյժ ընդգրկուածութիւնը համարկման գործընթացներու մէջ, մասնակցութիւնը միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն, աշխոյժ ներդրումը միջազգային կազմակերպութիւններու օրակարգին վրայ։ Այս առումով, կը փափաքիմ առանձնայատուկ նշել խոշորագոյն միջազգային կազմակերպութիւններէն մէկուն՝ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովը հիւրընկալելու պատիւը։ Հայաստան այդ պատուին արժանացաւ մեր նախաձեռնող, աշխոյժ դիւանագիտութեան արդիւնքին։ Սա մեր նկատմամբ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ բազմաթիւ երկիրներու վստահութեան եւ համերաշխութեան դրսեւորումն էր։
«Հայաստանի դիրքորոշումներն ու տեսակէտները ընկալելի եւ ըմբռնելի են միջազգային հանրութեան կողմէ՝ շնորհիւ մեր հետեւողական եւ սկզբունքային արտաքին քաղաքականութեան, շնորհիւ ձեզի՝ ներկաներուդ սկզբունքային արտաքին քաղաքականութեան։
«Ատրպէյճանի Ապրիլի բռնութենէն յետոյ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ կայացած գագաթաժողովներու արդիւնքները կը վկայեն այս իսկ մասին։ Տարեվերջին Համպուրկի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու յայտարարութիւնը ակնառու կերպով ի ցոյց դրաւ, թէ որքան հեռու են իրականութենէն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի վերաբերեալ Ատրպէյճանի ճամարտակութիւնները։ Այդ յայտարարութիւնը միաժամանակ յստակ ցոյց կու տայ, թէ որքան համահունչ են միջազգային հանրութեան մօտեցումները մեր տեսակէտներուն հետ։ Անշուշտ, սա իրականութիւն դարձած է Հայաստանի դիւանագիտութեան հետեւողական ջանքերու արդիւնքով։
«Այստեղ տեղին է նշել, որ փորձագէտներու, քաղաքական գործիչներու կամ ինքզինքնին այդպէս համարողներու կողմէ պարբերաբար հրապարակ կը նետուին Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման վերաբերեալ, այսպէս կոչուած, տարբերակներ, բայց իրականութեան մէջ անոնք տարբերակներ չեն, այլ՝ վարկածներ։ Ես շատ յստակ կը յայտարարեմ, որ մինչեւ հիմա ոեւէ մէկը հրապարակաւ չէ կրցած ճշգրտօրէն ներկայացնել այն տարբերակը, որու մանրամասնութիւնները մենք երկար տարիներէ ի վեր կը քննարկենք եւ սա շատ հասկնալի ու ընկալելի է, բայց անոնք կը փորձեն մտնել մանրամասնութիւններու մէջ, ապա միանգամայն կը սայթաքին եւ կը սկսին խօսիլ ցանկութիւններու մասին։ Դիւանագիտութիւնը ցանկութիւն չէ։ Բանակցութիւնները ցանկութիւններու կատարում չեն։ Բանակցութիւնը, ես փորձառու դիւանագէտ չեմ, բայց ամենայն հաւանականութեամբ, փոխզիջում գտնելու ընդունակութիւնն է։ Եւ կ՚ուզեմ անգամ մը եւս ձեր ներկայութեամբ ընդգծել, որովհետեւ ձեզմէ աւելի ստոյգ ոեւէ մէկը չի գիտեր, որ սկսեալ 2007 թուականէն որեւէ այլ տարբերակ, քան Մատրիտեան սկզբունքներն են, որեւէ տեղ չէ քննարկուած։ Ինչո՞ւ մենք, իմանալով բոլոր մանրամասնութիւնները, որովհետեւ մենք ենք բանակցողները, մեր հանրութիւնը տեղեակ չենք պահեր մանրամասնութիւններու մասին։ Առնուազն երկու պատճառով։ Դուք, ըլլալով փորձառու բանակցողներ, շատ լաւ գիտէք, որ բանակցութիւններու երթալու ժամանակ չես կրնար քու ամբողջ գործիքակազմն ու հնարաւորութիւնները կամ քու մարտավարութիւնը, կամ ռազմավարութիւնը բացայայտել, որովհետեւ ժամանակակից աշխարհի մէջ այնպէս է՝ որ եթէ մենք Երեւանի մէջ երկու բառ կը խօսինք, այդ երկու բառը կայծակի արագութեամբ արդէն թէ՛ Պաքուի, թէ՛ Ուաշինկթընի, թէ՛ Մոսկուայի եւ թէ Փարիզի մէջ միանգամայն կը դառնայ հանրային սեփականութիւն։ Սա՝ մէկ։ Եւ երկրորդ՝ բոլորին յայտնի է, որ սկզբունքային բանակցութիւններու ժամանակ կը գործէ հետեւեալ սկզբունքը՝ ոչինչ համաձայնեցուած է, եթէ ամէն ինչ համաձայնեցուած չէ։ Եւ եթէ մենք հիմա ամէն անգամ բանակցութիւններէն վերադառնալէ վերջ մեր ժողովուրդին ըսենք՝ այս նախադասութիւնը, այս միտքը այսպէս ձեւակերպուեցաւ, ապա երկու շաբաթ յետոյ, երբ բան մը փոխուի, դարձեալ պիտի սկսինք բացատրել, թէ ինչու փոխուած է, եւ այլն։ Բայց սա էական չէ։ Էականը հետեւեալն է. մենք 2007 թուականէն սկսեալ, այսինքն՝ Մատրիտեան սկզբունքները ընդունելով որպէս բանակցութիւններու հիմք, ընդամէնը մէկ նպատակ կը հետապնդենք՝ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի որոշումը Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան կողմէ եւ այս սկզբունքէն մենք պիտի չհրաժարինք։
«Մեր դիւանագիտութիւնը միջազգային հանրութեան ներկայացուց Արցախի դէմ Ատրպէյճանի Ապրիլի բռնութիւնը, միջազգային պարտաւորութիւններու եւ մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտումները։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն հետ միասին կը շարունակէ աշխատիլ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ։ Հայաստան խաղաղութեան ջատագովն է։ Մենք շատ լաւ կը գիտակցինք, թէ որքան թանկ է խաղաղութիւնը։ Եւ պատահական չէ, որ այսօր մեր արտաքին քաղաքականութեան հիմնասիւներն են հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորումը, ուժի չկիրառումը, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգելումը»։
Իր խօսքին տեւողութեան Սերժ Սարգսեան բացատրեց, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան արդիւնաւէտութիւնը ուղղակիօրէն պայմանաւորուած է երկրի կառավարման արդիւնաւէտութեամբ։ Ան վստահութիւն յայտնեց, որ 2017 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւնները կարեւոր հանգըր-ւան մը պիտի դառնան Հայաստանի արդիւնաւէտ կառավարման տեսլականը կեանքի կոչելու համար։ Նախագահը ուրախութիւն յայտնեց, որ անցեալ տարի երկրէն ներս ստեղծուեցաւ քաղաքական հասունութեան օրինակ, երբ խորհրդարանէն ներս ներկայացուած քաղաքական ուժերը շինիչ միակարծութիւն, քոնսենսիւս ձեւաւորեցին ընտրական գործընթացներու օրինականութեան վերահսկման դրութիւններու սահմանման շուրջ։ «Այս առումով, կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել միջազգային վարկատուներու ցուցաբերած ելմտական եւ խորհրդատուական աջակցութեան համար։ Հայաստանի իշխանութիւնները վճռական են իրականացնել օրէնսդրութեան եւ միջազգային չափանիշներուն համապատասխան ընտրութիւններ՝ յոյս ունենալով, որ անոնք կը դառնան մեր 25 տարուան անկախութեան ընթացքին լաւագոյն ընտրութիւնները։ Այդ գործընթացին մէջ մենք սերտօրէն պիտի համագործակցինք միջազգային հանրութեան հետ՝ ակնկալելով անոր շինիչ, պատասխանատու, անկողմնակալ ներգրաւուածութիւնը», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։
Իր ելոյթին վերջին բաժնին մէջ Սերժ Սարգսեան Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առթիւ շնորհաւորութիւններ յղեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ամբողջ անձնակազմին։ «Այս պահուն պէտք է յատուկ առանձնացնեմ այն դիւանագէտները, որոնք մեր ազգային շահերը խիզախօրէն կը պաշտպանեն Դամասկոսի, Հալէպի եւ Պաղտատի մէջ։ Այնտեղ ծառայող մեր գործընկերները անգամ մը եւս կ՚ապացուցանեն, որ հայ դիւանագէտի ծառայութիւնը կրնայ ընթանալ ոչ միայն բարձրաշխարհիկ ընդունելութիւններու, այլեւ սովորական պատերազմի պայմաններու ներքեւ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։
Շնորհաւորութիւններ յղելով օտար դիւանագէտներուն՝ Սերժ Սարգսեան վստահութիւն յայտնեց, թէ անոնք կը փափաքին, որպէսզի տարածքաշրջանէն ներս ըլլայ կայունութիւն, խաղաղութիւն ու կը փափաքին գործ ունենալ պատասխանատու եւ վստահելի գործընկերներու հետ։ Ան մաղթեց, որ արգասաբեր ըլլան հայկական կողմի եւ անոնց համատեղ ջանքերը՝ ուղղուած խաղաղութեան, համագործակցութեան առաւել զարգացման եւ ամրապնդման։