ՆԱՐԵԿ ՀԱԽՆԱԶԱՐԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՆՈՒԱԳԱՐԱՆԻ ՄԸ

Տա­ղան­դա­ւոր թաւ­ջու­թա­կա­հար Նա­րեկ Հախ­նա­զա­րեան կը շա­րու­նա­կէ ար­ձա­նագ­րել նո­րա­նոր նուա­ճում­ներ եւ ամ­րապն­դել իր համ­բա­ւը։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան վեր­ջերս հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցաւ նուա­գե­լու շատ խորհր­դան­շա­կան նուա­գա­րա­նով մը։ Այս­պէս, Նա­րեկ Հախ­նա­զա­րեան նուա­գեց այն թաւ­ջու­թա­կով, որ 1707 թուա­կա­նին ար­տադրուած էր նուա­գա­րան­նե­րու աշ­խար­հահռ­չակ վար­պետ Ճիւ­զեփ­փէ Կվար­նե­րիի կող­մէ։ Այդ թաւ­ջու­թա­կով ցայ­սօր նուա­գած են բազ­մա­թիւ ա­նուա­նի ե­րա­ժիշտ­ներ։

Նա­րեկ Հախ­նա­զա­րեան մեծ պա­տիւ հա­մա­րեց այդ նուա­գա­րա­նով նուա­գե­լը։ «Իս­կա­պէս շատ մեծ ի­րա­դար­ձու­թիւն մըն էր իմ ար­հես­տա­վարժ կեան­քէն ներս։ Այդ­պի­սի նուա­գա­րան մը ստա­նա­լը ե­րազ է իւ­րա­քան­չիւր ե­րա­ժիշ­տի հա­մար։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ան­դա­դար կ՚ո­րո­նէի հո­վա­նա­ւոր կամ հիմ­նարկ մը, որ­պէս­զի տրա­մադ­րէր լաւ նուա­գա­րան մը, որ պի­տի հա­մա­պա­տաս­խա­նէր իմ գե­ղա­րուես­տա­կան եւ ե­րաժշ­տա­կան չա­փա­նիշ­նե­րուն», ը­սաւ ան։

Վեր­ջա­պէս, Գա­նա­տա­յէն հո­վա­նա­ւո­րի մը շնոր­հիւ ե­րի­տա­սարդ թաւ­ջու­թա­կա­հա­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ստա­ցած է ա­պա­հո­վե­լու այդ նուա­գա­րա­նը։ «Սա ին­ծի տուաւ անձ մը՝ ոչ-հայ, չի­նա­ցի։ Գա­նա­տա­ցի չի­նա­ցի մարդ մը։ Հե­տաքրք­րա­կան պատ­մու­թիւն մըն է՝ ինք գտաւ զիս։ Թէեւ ես ա­նընդ­հատ կը փնտռէի, բայց այն­պէս պա­տա­հե­ցաւ, որ ես կը փնտռէի ու չգտայ, ինք զիս գտաւ», նշեց ան։

Նա­րեկ Հախ­նա­զա­րեան յայտ­նեց, որ ներ­կայ տարուան ըն­թաց­քին բազ­մա­թիւ նոր եր­կիր­նե­րու եւ դահ­լիճ­նե­րու մէջ ու­նե­ցած է հա­մերգ­ներ։ Ա­մե­նա­յատ­կան­շա­կան­նե­րու շար­քին էր Պա­քին­կը­մի պա­լա­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած հա­մեր­գը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան ար­քա­յազն Չարլզն ու ար­քու­նի­քի բազ­մա­թիւ ան­դամ­ներ։ «Ա­ռա­ջին ան­գամ Աւստ­րա­լիա գա­ցի։ Նուա­գե­ցի Սիտ­նիի ա­ռաս­պե­լա­կան օ­փե­րա­յի թատ­րո­նին վրայ, Մել­պուռ­նի մէջ եւ այլն։ Շատ հե­տաքր­քիր պա­հեր ապ­րե­ցայ 2016-ի Յու­լի­սին Սեր­պիա այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ՝ ա­ռաս­պե­լա­կան բե­մադ­րիչ Է­միր Քուս­թու­րի­քա­յի անձ­նա­կան հրա­ւէ­րով՝ իր ռու­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան փա­ռա­տօ­նին», ը­սաւ Նա­րեկ Հախ­նա­զա­րեան եւ ա­ւել­ցուց, որ տա­րե­մու­տի տօ­նե­րէն ան­մի­ջա­պէս վերջ կը պատ­րաս­տուի հա­մերգ­նե­րով հան­դէս գալ Ամս­թեր­տա­մի եւ Պեր­լի­նի մէջ։

Նա­րեկ Հախ­նա­զա­րեան վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կը բնա­կէր Մոս­կուա­յի մէջ, իսկ ներ­կա­յիս տե­ղա­փո­խուած է Վիեն­նա եւ հան­դէս կու գայ աշ­խար­հի ա­մե­նա­հե­ղի­նա­կա­ւոր բե­մե­րուն վրայ։ Ան կը հա­մա­րուի հայ­կա­կան ե­րաժշ­տա­կան աշ­խար­հի ար­դի հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րէն մին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2016