ԸՆԴԳԾԵԱԼ ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորումը կը մնայ Երեւանի արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան օրակարգի առաջնագծին։

Երէկ, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ընդառաջ, Սերժ Սարգսեան մասնակցեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Աւանդական այս հաւաքոյթի ընթացքին ան շնորհաւորեց նախարարութեան կեդրոնի եւ արտասահմանի հայկական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու բոլոր աշխատակիցները եւ բարեմաղթանքներ յղեց մօտալուտ տօներուն կապակցութեամբ։ Սարգսեան շնորհաւորեց նաեւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած բոլոր դիւանագէտները, որոնցմէ խնդրեց իր բարեմաղթանքները փոխանցել նաեւ իրենց մայրաքաղաքները։ Տօնական ընդունելութեան ընթացքին Սերժ Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոմիութեան միջեւ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի բանակցութիւններու գործընթացէն ներս բերուած ներդրման համար շնորհակալագրերով պարգեւատրեց խումբ մը անձեր։

Երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին առաջին հերթին արտայայտուցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, որու խօսքէն վերջ Սերժ Սարգսեան ըսաւ հետեւեալը.

«Տարեվերջեան մեր հանդիպումները գեղեցիկ աւանդոյթ դարձած են՝ հնարաւորութիւն ընձեռելով միասին ամփոփելու անցնող տարին։ Վստահ եմ, թէ այս օրերուն իւրաքանչիւրս մտովի կ՚անցնինք շղթայի 365 օղակներով՝ փորձելով գնահատել ըրածն ու չըրածը, նախանշել յաջորդ տարուան մեր ընելիքները։ Ամփոփելով 2017-ը՝ կը փափաքիմ շնորհաւորել բոլորս անցնող տարին ապագային միտուած որոշումներով եւ արդիւնքներով նշանաւորելու համար։ Այս տարի եւս մեր դիւանագիտութիւնը կարողացաւ հետեւողականութիւն ցուցաբերել իր առաջեւ դըր-ւած խնդիրներու լուծման հարցին մէջ։ Հայաստան շարունակեց հանդէս գալ որպէս վստահելի միջազգային գործընկեր, որ պատրաստ է զանազան հարթակներու վրայ բաց համագործակցութեան, ընկալելու իր ձգտումներով եւ կը կարողանայ համատեղել ամենատարբեր գործընկերներու հետ յարաբերութիւնները։

«Յաջորդ տարի մենք պիտի հիւրընկալենք Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթաժողովը՝ մեր անկախութենէն ի վեր թերեւս իր ծաւալով բարձր մակարդակի ամենաընդգրկուն միջոցառումը։ Մենք պէտք է ամենայն լրջութեամբ մօտենանք աշխարհի գրեթէ կէսը միաւորող այս կառոյցի գագաթաժողովի հիւրընկալման ու նախագահութեան, ինչ որ կը գնահատենք մեզի հանդէպ մեծագոյն վստահութեան եւ համերաշխութեան դրսեւորում։ Ի հարկէ, այս միջոցառման պիտի ներգրաւուին Հայաստանի պետական բոլոր կառոյցները՝ անխտիր բոլոր կառոյցները, բայց այդ աշխատանքի կազմակերպչական եւ քաղաքական բաղադրիչի առիւծի բաժինը պիտի իյնայ ձեր ուսերուն։ Եւ շատ բնական է, որ կը խնդրեմ եւ կը պահանջեմ՝ ամենայն պատասխանատուութեամբ մօտենալ այդ աշխատանքին։

«Անշուշտ անցեալ տարի եղած են նաեւ բացթողումներ եւ անաւարտ գործեր, որոնք առաւել հանգամանօրէն տակաւին առիթ կ՚ունենանք քննարկելու Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավար կազմին հետ իմ յառաջիկայ հանդիպման ժամանակ։ Ուստի, գալիք տարի մենք կը թեւակոխենք թերին շտկելու, կիսատ գործը աւարտին հասցնելու եւ, ի հարկէ, նոր, շինիչ եւ ստեղծագործական գաղափարներ կեանքի կոչելու յանձնառութեամբ»։

Նախագահ Սարգսեան աւելի վերջ բացատրեց, որ Հայաստան կը գտնուի աշխոյժ բարեփոխումներու շրջափուլին մէջ։ Անցեալ Ապրիլին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները դարձան այդ բարեփոխումներու իւրատեսակ քննութիւնը։ Սահմանադրութեան փոփոխութեամբ երկիրը ընտրեց երկարաժամկէտ եւ կայուն զարգացման ձեւ մը, որու վրայ պիտի խարսխուի նոր սերունդի Հայաստանը։ Ըստ Սարգսեանի, 2017 թուականի ձեռքբերումներէն էր Եւրոմիութեան հետ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի ստորագրումը։ Սա լաւագոյնս կը վկայէ, որ յանձնառու, նպատակասլաց եւ հետեւողական աշխատանքի պարագային հնարաւոր է հասնիլ փափաքելի արդիւնքի։ Հայկական կողմի հետեւողական աշխատանքը նոյնպէս դրական արդիւնքներ տուած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան մէջ։ Հայաստան աշխոյժ ներդրում ունեցած է իր տեսակէտէ կենսական նշանակութեամբ այդ կառոյցներու յետագայ ամրապնդման ուղղութեամբ։

Տօնական ընդունելութեան ընթացքին Սերժ Սարգսեան իր ելոյթը շարունակեց ըստ հետեւեալի. «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորումը կը մնայ մեր արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան օրակարգի առաջնագծին։ Անկախ բանակցային գործընթացի մէջ շօշափելի յառաջընթացի բացակայութենէն՝ մենք կրնանք արձանագրել, որ շուրջ մէկ տարուան ընդմիջումէ յետոյ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու Ժընեւի հանդիպումը, որու աւարտին ընդունուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն մը եւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ լարուածութեան թուլացման վերաբերեալ։ Այս հարցին մէջ միջազգային հանրութիւնն ու Հայաստան կը խօսին գրեթէ նոյն լեզուով։ Սա լաւագոյնս արտայայտուած է թէ՛ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ պետութիւններու պատուիրակութիւններու ղեկավարներու եւ թէ ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովի յայտարարութեան մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործունէութեան համաձայնագրին մէջ»։

Տօնական հաւաքոյթի ընթացքին արտասանած ելոյթի եզրափակիչ բաժնին մէջ Սերժ Սարգսեան նշեց. «Կեանքը, ի հարկէ, միօրինակ չէ եւ կեանքի մէջ տեղ կայ թէ՛ դրականի եւ թէ, դժբախտաբար, բացասականի համար։ Ուստի, 2018 թուականը մեր ժողովուրդի եւ պետութեան համար թող ըլլայ որքան հնարաւոր է դրական՝ խաղաղութեան, զարգացման եւ յառաջընթացի տարի՝ լի բաւարարուածութեամբ եւ ժպիտներով»։

Բաց աստի, Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ տարեվերջի աւանդական ընդունելութեան մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան երդիքին տակ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2017