ՀԲԸՄ-Ի ԵՐԵՒԱՆԻ «ՎԱՀԷ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆԻ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ՝ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԵՒ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Երեւանի «Վահէ Կարապետեան» կեդրոնի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք մը։ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս խրախճանքը ուղղուած էր Հայաստան հաստատուած սուրիահայ ընտանիքներու զաւակներուն։ Սուրիահայ մանուկներն ու պատանիները հաճելի ժամանց ունեցան այս խրախճանքի ընթացքին, որու մասնակիցներու շարքին էին Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ ու Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Վազգէն Եագուպեան, ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի գործադիր տնօրէնուհի Դալար Գազանճեան եւ այլ պատասխանատուներ։

«ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղը այս խրախճանքը կազմակերպած էր Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան հետ համագործակցութեամբ։ Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան խրախճանքի ընթացքին խօսք ուղղեց փոքրիկներուն։ Այս առթիւ ան ըսաւ. «Սիրելի փոքրիկներ, կ՚ուզեմ՝ որ գալիք տարին ըլլայ երազանքներու իրականացման տարի։ 2018-ին Կաղանդ պապուկը թող նուէրներ բերէ բոլորիդ։ Ամենակարեւորը՝ խաղաղութիւն տիրէ ամբողջ աշխարհի վրայ։ Ուրախ եմ, որ հայրենիքի մէջ էք։ Կ՚ուզեմ՝ որ մնաք հայրենիքի մէջ, միայն երջանիկ եւ յաջող օրեր ունենաք։ Շնորհաւոր Ամանոր եւ Սուրբ Ծնունդ»։

Նոյն խրախճանքի ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան զրուցեց նաեւ մամլոյ սպասաւորներու հետ։ Որպէս համարկման բանաձեւ՝ նախարարը կարեւորեց Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերու հետ ամենօրեայ շփումները։ «Սուրիահայերու մեծ մասը հաստատուած է Հայաստանի մէջ։ Անցեալ տարիները բաւական եղան՝ որպէսզի անոնք համարկին։ Ես կ՚ուզեմ մաղթել աշխարհին խաղաղութիւն, սէր, ջերմութիւն։  Կ՚ուզեմ՝ որ 2018-ին մեր ժողովուրդը առաւել համախմբուի, կազմակերպուի ու Նոր տարին ըլլայ դէպի հայրենիք վերադարձի տարի։ Կ՚ուզեմ՝ մեր երիտասարդները մեծնան որպէս հպարտ հայեր, պահպանեն մեր լեզուն եւ ազգային աւանդութիւնները», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան։

Խրախճանքի տեւողութեան փոքրիկները զուարճացան Կաղանդ պապուկի ներկայութեամբ, երգեցին, արտասանեցին եւ շուրջպար բռնեցին։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2017