ՇԱՐԺԱՆԿԱՐԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Երեւանի մէջ աշխատանքներ կը տարուին՝ հայկական շարժանկարի թանգարանի մը ստեղծման ուղղութեամբ։ Նախանձախնդիր աշխատանքներով յառաջ կը տարուի այս ծրագիրը՝ որպէսզի նոր թանգարանը ըլլայ քաղաքի լաւագոյններու շարքին։ Կազմակերպիչներու կանխատեսումներով, հայկական շարժանկարի թանգարանը պիտի ըլլայ կենդանի թանգարան մը, ուր այցելուները պիտի կարենան դիտել ժապաւէններ, պիտի կարենան լսել դասախօսութիւններ, նաեւ պիտի կարենան հանդիպում ունենալ շարժանկարի գործիչներու հետ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Շարժանկարի մասնագէտներու միութեան նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան յայտնեց, որ նոր թանգարանի հիմնադրութեան աշխատանքները պիտի տեւեն շուրջ երկու տարի։ Ան վերջերս մէկտեղուեցաւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի հետ՝ ապագայ թանգարանին համար առաջին խորհրդանշական նմոյշներու յանձնման առթիւ։ Արմէն Ամիրեան եւս մեծ ոգեւորութեամբ ընկալած է այսպիսի թանգարան մը հիմնադրելու գաղափարը։ Ան շնորհաւորեց այս նախաձեռնութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց առաջին քայլերուն համար։ Նախարարին խօսքերով՝ իրենք արխիւի մէջ ստուգած են, թէ ինչ իրեր կան եւ անոնցմէ որոնք կրնան նշանակալի իմաստ ներկայացնել շարժանկարի պատմութեան մասին։ Իսկապէս գտնուած են բազմաթիւ ցուցանմոյշներ։

Ապագայ թանգարանին մէջ պիտի ցուցադրուի շուրջ 120 կարեւոր նմոյշ։ Մնացեալը պիտի ըլլայ վերացական։ Թանգարանը պիտի հաստատուի Հայաստանի Շարժանկարի մասնագէտներու միութեան շէնքին մէջ։

Առաջին նմոյշներու յանձնման արարողութեան ընթացքին Յարութիւն Խաչատրեան ըսաւ. «Յուզիչ է, որ մեր շարժանկարի բազմաթիւ կարեւոր մասունքներ պիտի հաւաքուին նոյն յարկին տակ։ Շարժանկարի թանգարանը պիտի չըլլայ մեռեալ՝ այլ կենդանի։ Այնտեղ պիտի վերականգնուին ժապաւէններ, դասախօսութիւններ պիտի ըլլան, ժապաւէններ դիտելու համար եւս պիտի յատկացուի փոքրիկ դահլիճ մը։ Անոր շնորհիւ մենք պիտի շարունակենք մեր երազանքը՝ հայկական շարժանկարը մարդոց հասցնելու համար»։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2017