ՍԱԹԻԿ ՍԷՅՐԱՆԵԱՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Լրագրողներու միութեան 12-րդ համագումարը։ 1997 թուականէն ի վեր չէր գումարուեր միութեան ընդհանուր ժողովը։ Քսան տարուան երկար ընդհատումէ մը վերջ տեղի ունեցած համագումարը գրեթէ միաձայնութեամբ Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ ընտրեց Սաթիկ Սէյրանեանը։ Ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն միայն մէկը չքուէարկեց իրեն ի օգուտ։

Այսպէսով չորս տասնամեակ պաշտօնավարած Աստղիկ Գէորգեան Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահի պաշտօնը փոխանցեց Սաթիկ Սէյրանեանին։ Աստղիկ Գէորգեան 1977 թուականէն ի վեր կը գլխաւորէր Հայաստանի Լրագրողներու միութիւնը։ Երէկ, Սաթիկ Սէյրանեանի ընտրութենէն վերջ, ան յայտնեց, որ կը փոխանցէ համերաշխ միութիւն մը։

Նորընտիր նախագահ Սաթիկ Սէյրանեան Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան աշխարհէն ներս յայտնի ու հեղինակաւոր անուն մըն է։ Ան «168 Ժամ» թերթի գլխաւոր խմբագիրն է ու միեւնոյն ժամանակ «Արմենիա» հեռուստակայանի «ՌԷվոլյուցիա» հաղորդաշարի հեղինակն ու վարողը։

Հայաստանի Լրագրողներու միութեան համագումարէն առաջ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու 41 ղեկավարներ կամ ներկայացուցիչներ հանդէս եկած էին յայտարարութիւնով մը՝ իրենց աջակցութիւնը յայտնելով Սաթիկ Սէյրանեանի թեկնածութեան համար։ Այդ զօրակցութեան հիման վրայ ան երէկ ընտրուեցաւ Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ։ Համագումարը վարեց Երեւանի Պետական համալսարանի Լրագրութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Նաղաշ Մարտիրոսեան։ Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, ընդհանուր ժողովը որոշ չափով փոթորկալից մթնոլորտի մը մէջ անցաւ, որովհետեւ քսան տարիէ ի վեր համագումար մը չէր կազմակերպուած եւ այս իրավիճակին մէջ կանոնադրութեան տրամադրութիւններուն շուրջ տարակարծութիւններ յառաջացած էին միութեան անդամներուն ու նոյնիսկ վարչայիններուն միջեւ։ Հուսկ, այդ բոլորը հարթուեցան եւ ընդհանուր ժողովը ձեռնարկեց բաց քուէարկութեան, որու արդիւնքով Սաթիկ Սէյրանեան ընտրուեցաւ Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ։

58 հոգի մասնակցեցաւ երէկուան համագումարին։ Միութեան անդամներէն Յարութիւն Ծատրեանն ալ առաջադրած էր իր թեկնածութիւնը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2017