ՔԱՐԱՍԻՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին յայտարարեց, որ Երեւան չի կրնար այլ ձեւաչափերու մէջ ստանձնել այնպիսի պարտաւորութիւններ, որոնք կը հակասեն Մոսկուայի հետ ունեցած համաձայնութիւններուն։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը հարցազրոյց մը տուաւ «Քոմերսանտ» թերթին։ Ընդհանուր առմամբ, ան ծաւալուն ձեւով արտայայտուեցաւ նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքաշրջանի իրավիճակին։ Հայաստանի մասին աւելի քիչ արտայայտուեցաւ՝ Ուքրայնոյ, Սպիտակ Ռուսիոյ եւ Մոլտաւիոյ բաղդատմամբ։

Կրիկորի Քարասինի խօսքերով՝ Ռուսաստան երբեք իր դաշնակիցները ընտրութեան դէմ յանդիման չի թողուր։ Բայց եւ այնպէս, կ՚ակնկալէ, որ յարաբերութիւններուն մէջ առաջնահերթութիւնը իրեն տրուի։ Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ կնքուած նոր՝ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան մասին համաձայնագրին՝ Քարասին ըսաւ.

«Մենք մեր հարեւաններուն ու դաշնակիցներուն կը վերաբերինք՝ որպէս մարդիկ, որոնք կեանքի եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ ունին սեփական հայեացքներ։ Մեր հարեւանները ինքնիշխան պետութիւններ են։ Սա կը վերաբերի նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան մեր դաշնակիցներուն։ Հասկնալի է, որ ժամանակակից աշխարհի մէջ անոնք կը զարգացնեն բազմաբեւեռ շփումներ, սա միանգամայն բնական է 21-րդ դարուն։ Մենք երբեք մեր հարեւաններն ու դաշնակիցները ընտրութեան առջեւ չենք ձգած, չենք հարցուցած՝ մեզի հե՞տ էք, թէ՞ անոնց։ Բայց մենք իրաւունք ունինք անկալել, որ առաջնային ըլլան դաշնակցային յարաբերութիւնները»։

Կրիկորի Քարասին աւելցուց, որ Ռուսաստան ոեւէ մէկը ընտրութեան առջեւ չի դներ եւ հանգիստ կը վերաբերի Եւրոմիութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու խորացման։ Ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը միեւնոյն ժամանակ զգուշացուց, որ Հայաստան չի կրնար այլ ձեւաչափերու, ներառեալ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան, շրջանակներէն ներս ստանձնել այնպիսի պարտաւորութիւններ, որոնք կը հակասեն աւելի առաջ Քրեմլինի հետ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2017