ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ նախընթաց օր Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Մոսկուայի այս վերջին հանդիպման ժամանակ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ երկու երկիրներու տնտեսական համագործակցութեան ընթացքը։ Փութին յոյս յայտնեց Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ ապրանքաշրջանառութեան աճի շարունակական ըլլալու համար։ Ան մասնաւորապէս նշեց, որ Ռուսաստան առաջին դիրքի վրայ մնալ կը շարունակէ օտարերկրեայ պետութիւններու հետ Հայաստանի արտաքին տնտեսական համագործակցութեան մէջ։ «Այս տարուան ինն ամիսներուն ապրանքաշրջանառութիւնը աճած է եւս 17.5 տոկոսով։ Ընթացքը լաւ է, պէտք է պահպանել», ըսաւ Փութին եւ ընդգծեց, որ Մոսկուա պատրաստ է ընել իրմէ կախեալ ամէն ինչ՝ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու այս մակարդակը պահպանելու համար։ «Ընդ որում ոչ միայն տնտեսական ոլորտի մէջ, այլեւ ուրիշ ուղղութիւններով՝ մասնաւորապէս անվը-տանգութեան ապահովման ոլորտին մէջ», ըսաւ Փութին։

Նիկոլ Փաշինեանը հիւրընկալելու ժամանակ ռուս ղեկավարը ակնարկեց նաեւ Դեկտեմբերի 9-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտ-րութեան։ Ան յայտնեց, որ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած դաշինքը տարած է համոզիչ յաղթանակ մը։ «Ձեզի յաջողութիւններ կը մաղթեմ իրականացման համար այն բոլոր ծրագրերուն, որոնք դուք դրած էք ձեր առջեւ, ձեր խումբին առջեւ՝ ի բարօրութիւն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի», ըսաւ Փութին։

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ ընդգծեց հայ-ռուսական յարաբերութիւններու առանձնայատուկ ռազմավարական բնոյթը եւ արտայայտեց այն համոզումը, թէ յարաբերութիւններու թափը կը շարունակուի։ Ան եւս բարձր գնահատեց երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման դրական ընթացքը՝ մասնաւորապէս ընդգծելով նաեւ զբօսաշրջութեան բնագաւառի մէջ արձանագրուած վերելքը։ Նիկոլ Փաշինեան Մոսկուայի հանդիպման ընթացքին Վլատիմիր Փութինը հրաւիրեց պաշտօնական այցելութիւն մը տալու Հայաստան եւ աւելցուց, որ սա կ՚ըլլայ շատ ուրախալի։

Փաշինեան-Փութին զրոյցին յաջորդած հաղորդումները կը վկայեն, որ Հայաստան եւ Ռուսաստան ունին լիակատար ըմբռնում երկկողմանի յարաբերութիւններու ռազմավարական ուղղութեան զարգացման վերաբերեալ։ Երկու ղեկավարները Մոսկուայի մէջ քննարկեցին հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ապագայ զարգացման ռազմավարութիւնը։ Նիկոլ Փաշինեան այս առթիւ ըսաւ.

«Ըստ էութեան այդ իսկ ռազմավարութեան շուրջ եղան մեր քննարկումները եւ կրնամ արձանագրել, որ այստեղ մենք ունինք լիակատար ըմբռնում, թէ ինչպիսի զարգացում պէտք է ունենայ մեր երկիրներու ռազմավարական յարաբերութիւններու ուղղութիւնը, բայց մեծ հաշուով այս քննարկումները ցարդ եղած քննարկումներու ամփոփումն էին, որովհետեւ այս ութ ամիսներու ընթացքին այդ նիւթին թէ՛ հրապարակային եւ թէ աշխատանքային կարգով բազմիցս անդրադարձած ենք։ Ըստ էութեան ամփոփեցինք ութ ամսուայ արդիւնքները։ Ամփոփեցինք, թէ ինչ ձեւաչափով պէտք է տեղի ունենայ երկու երկիրներու կառավարութիւններու համագործակցութիւնը»։

Փաշինեան աւելցուց, որ Փութինի հետ հանդիպման մթնոլորտը եղած է շատ դրական։ Հայ-ռուսական յարաբերութիւնները այնքան ընդգրկուն են, որ զրոյցի ընթացքին կարելի չէ եղած քննարկել ընդհանուր օրակարգի բոլոր հարցերը։ Երկու ղեկավարները կարճ քննարկում մըն ալ ունեցած են Հաւաքական անվը-տանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) պարագային ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։

Փութինի հետ հանդիպելէ վերջ Նիկոլ Փաշինեան լաւատեսութիւն յայտնեց նաեւ ուրիշ կարեւոր նիւթի մը շուրջ։ Այսպէս, Ռուսաստան Հայաստանի համար մատակարարուած բնական կազի սակագնի պարագային կրնայ ցուցաբերել դրական մօտեցում։ Այս հարցին շուրջ տակաւին վերջնական որոշում մը չէ տրուած եւ քննարկումները կը շարունակուին։ Ըստ Փաշինեանի, երկկողմանի յարաբերութիւններու տեսակէտէ սա չափազանց զգայուն նիւթ մըն է։ Թէ՛ Հայաստան եւ թէ Ռուսաստան կը գիտակցին այս հանգամանքը։ «Ես լաւատեսօրէն տրամադրուած եմ այս նիւթին շուրջ եւ կը յուսամ, թէ այստեղ նոյնպէս դրական զարգացումներ կ՚ըլլան մեզի համար կամ առնուազն անբաղձալի զարգացումներ չեն ըլլար», ըսաւ Փաշինեան։

Բնական կազի սակագնի հարցին երէկ անդրադարձաւ նաեւ Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով։ «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութեան ան տեղեկացուց, որ երկու ղեկավարները անդրադարձած են այս նիւթին։ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ համապատասխան բանակցութիւնները պիտի աշխուժանան։

Միւս կողմէ, Մոսկուա այցելութեան ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանի ընկերակից պատուիրակութեան մաս կազմած Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանն ալ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018