ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵՆԷՆ ՆԵՐՍ ԱՄԱՆՈՐԻ ՍԵՄԻՆ ԵՐԷԿ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՄԱՄԼՈՅ ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ յատկանշական իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Ամանորի սեմին նախարար Զօհրապ Մնացականեան մէկտեղուեցաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Մնացականեան այս առթիւ պարգեւատրեց այն լրատուամիջոցները, որոնք լաւագոյնս լուսաբանած էին անցեալ հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կազմակերպուած՝ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովը։ Այս առումով առաջնահերթ գնահատանքի արժանացան «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը, որու տնօրէնը՝ Արամ Անանեան պարգեւ մը ստացաւ Զօհրապ Մնացականեանի ձեռամբ։ Այսպէս, թէ՛ Արամ Անանեան եւ թէ Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան գործադիր տնօրէն Մարկարիթա Գրիգորեան պարգեւատրուեցան Արտաքին գործոց նախարարութեան պատուոյ մետայլներով։ Նոյն առթիւ շնորհակալագրեր յանձնուեցան գործակալութեան եւ հեռուստաընկերութեան աշխատակիցներուն։

Հաւաքոյթի ընթացքին նախարար Մնացականեան ըսաւ. «Մենք ունինք Հայաստանի հեղինակութիւնը յառաջ տանելու նոր առիթներ, որու համար ունինք բոլոր կարողութիւնները՝ հայկական հարուստ մարդուժը»։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018