ՍԻՒԼԷՅՄԱՆ ՍՈՅԼՈՒ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ

Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պաքու, ուր հիւրընկալուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին նախարարը անդրադարձաւ թէ՛ երկու երկիրներու եւ թէ անոնց ղեկավարներու բարեկամութեան։

Պաքուի մէջ Սոյլու ընդգծեց, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած յարաբերութիւնները մեծ նպաստ մը կ՚ապահովեն թէ՛ այս աշխարհագրութեան, թէ՛ ընդհանրապէս աշխարհին եւ թէ այս երկու ազգերուն։ Նախարարը կանգ առաւ նաեւ երկու երկիրներու առեւտրական յարաբերութիւններուն վրայ։

www.haber24.com կայքէջի հաղորդումներով, Սիւլէյման Սոյլու խօսեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Ալիեւի հետ զրուցելու ընթացքին ան ըսաւ. «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի գլխաւորութեամբ, ձեր ճակատագիրը մեր ճակատագիրն է»։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018