ԱՅՎԱԶԵԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍԵՐԿԷՅ ԼԱՒՐՈՎԻ ԵՒ ՃԵՒԱՏ ԶԱՐԻՖԻ ՀԵՏ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան վերջին օրերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Այվազեան-Զարիֆ զրոյցը տեղի ունեցաւ երէկ։ Զրուցակիցները քննարկեցին երկկողմանի համագործակցութեան եւ տարածքաշրջանային օրակարգի վերաբերեալ հարցեր։ Նախարարները անդրադարձան տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու։ Այս ամբողջին մէջ ուղենշուեցան տարածքաշրջանային նոր մարտահրաւէրներու դիմագրաւման ուղղութեամբ համագործակցութեան հեռանկարները։ Ճեւատ Զարիֆ Իրանի ցաւակցութիւնը յայտնեց Արցախի պատերազմի զոհերուն համար եւ զօրակցութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին։ Նախարարները ընդգծեցին զանազան մակարդակներու վրայ փոխադարձ շփումներու եւ երկխօսութեան առաւել աշխուժացման կարեւորութիւնը՝ երկու ժողովուրդներու միջեւ դարաւոր բարեկամութեան խորքով։ Կողմերը վերահաստատեցին երկուստեք պատրաստակամութիւնը երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերու մէջ սերտ համագործակցութիւնը խորացնելու ուղղութեամբ։

Զարիֆի հետ զրոյցէն առաջ Արա Այվազեան շաբաթավերջին խօսեցաւ նաեւ Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Անոնք անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի պահպանման եւ իրավիճակի կայունացման ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքներուն։ Այս համատեսքին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածքաշրջանային խնդիրներուն։ Նախարարները կանգ առին նաեւ այլ շարք մը հարցերուն վրայ, որոնք մաս կը կազմեն Երեւան-Մոսկուա համատեղ օրակարգին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2020