ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒԺ ԿԸ ՀԱՒԱՔԷ, ԻՍԿ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿԸ ՋԱՆԱՅ «ՓՐԿՈՒԻԼ»

Վերջին օրերու իրադարձութիւնները ձեւով մը ցոյց տուին, որ յառաջիկայ օրերուն անկիւնադարձային դէպքեր պիտի չպատահին Երեւանի մէջ։ Ընդդիմութիւնը, որու համար անցեալ շաբաթը եղաւ կարեւոր, նկատեց՝ թէ համաժողովրդական բողոքի մեծ ալիք մը ապահովելու ներուժը այսօր չկայ։ Սա, անշուշտ, չի բացատրուիր միայն անով, որ Հայաստանի հասարակութեան պատկառելի տոկոսը պատրաստ չէ Փաշինեանը «զոհել» եւ նստիլ ընդդիմութեան գնացքը, այլ կան նաեւ բազմաթիւ վարկածներ, որոնք կը խօսին հանրային այդ ուժը կամ բողոքի ալիքը չկազմաւորելու մասին։ Այստեղ հարկ է անպայման հաշուի առնել նաեւ, որ ահեղագոյն հետեւանքներով առլցուն պատերազմի աւարտին հանրութիւնը պատրաստ չէ փողոց իջնելու եւ պահանջելու նոյն Փաշինեանի հրաժարականը կամ իշխանութենէ հեռացումը։ Պատրաստ չէ, որովհետեւ զանազան առումներով «սպառած» է. սպառած է տեսականօրէն, մարդկային ներուժի իմասով, սպառած է հոգեբանական կտրուածքով, նաեւ սպառած է ոեւէ առաջնորդի մը հանդէպ վստահութիւն ունենալու տեսակէտէ։

Այս բոլորը հաշուի առնելով է, հաւանաբար, որ ընդդիմադիր ճակատը, որու գլուխը կանգնած է Վազգէն Մանուկեան, կամաց-կամաց իր ռազմավարութիւնը փոխել սկսաւ եւ մեծ հանրահաւաքներէն հրաժարելով անցաւ այլ տիպի «ցնցում» յառաջացնելու հետամուտ շարժումներու։ Այդ շարժումներու ամենէն նշանակալին, անշուշտ, Երեւանի զանազան հատուածներէն ներս փողոցներ փակելու երեւոյթն էր, ինչ որ ստեղծեց որոշ լարուածութիւն։ Ուշագրաւ էր նաեւ, որ բողոքի այդ տիպի արարքներուն կը միանային՝ մինչեւ այս պահը անորոշ ճակատագիր ունեցող զինուորներու ծնողներն ու բարեկամները։ Այս վերջինները զանազան առիթներով կը յայտարարէին, որ իրենք հեռու են քաղաքական տեսակէտ յայտնելէ եւ իրենց համար ամենաէականը իրենց որդիներու ճակատագրի բացայայտումն է։ Այս մինուճար դարձած ծնողները բազմիցս հանդիպած են երկրի ղեկը երեւութապէս ձեռքը պահող Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ բոլոր հանդիպումներու աւարտին ալ այդ մարդիկ յուսախաբ ու գլխիկոր հեռացած են վարչապետարանէն։ Փաշինեան, որ կորսնցուցած է երկրի որեւէ ոլորտի մէջ կամ որեւէ մակարդակի վրայ իր խօսքը «հասկցնելու», լսելի դարձնելու «իրաւունք»ը, անշուշտ, կը փորձէ խուսանաւել եւ ընթացք տալ իր հին-նոր մօտեցումին, որով կը փորձէ ժամանակ շահիլ եւ սպասել, որ փողոցի առկայ լարուածութիւնը կամաց-կամաց մարի ու ինք անցնի իր գործերուն։ Անշուշտ, ան կը մոռնայ, թէ այս վիճակը անմարսելի է ո՛չ միայն իրենց զաւակները կորսնցուցածներուն, քաղաքական վերնախաւին կամ հասարակութեան որոշ հատուածին համար, այլեւ՝ ամբողջ Հայաստանի համար, որ իր պատճառով ալ յայտնուած է թեւաբեկ եւ նոյնիսկ անդամալուծուած վիճակի մը մէջ։

«ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՍՏԱԽՕՍ ՄԸՆ Է»

Հայաստանի ներկայ վիճակի մասին կարճ զրոյց մը ունեցանք «Փոլիթէքոնոմիա» հետազօտական կեդրոնի տնօրէն Անդրանիկ Թեւանեանի հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր խօսակցութեան սղագրութիւնը։

-Պր. Թեւանեան, Հայաստանի այսօրուայ գերագոյն խնդիրն է, որ ժողովուրդը յենլով այդ հին-նոր խաղին վրայ կը մերժէ փողոց իջնել՝ պահանջելու համար Փաշինեանի հրաժարականը։ Ի՞նչ են մեքենականութիւնները Փաշինեանի հեռացումը ապահովելու առընթեր:

-Ես կը կարծեմ, թէ այդքան ալ իրականութեան չի համապատասխաներ այն տեսակէտը, որ ժողովուրդը մեծ հաշուով անտարբեր է եւ դուրս չ՚ելլեր Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով: Ֆիզիքապէս չներկայանալը չի նշանակեր, որ մարդիկ կ՚աջակցին Փաշինեանին: Պէտք է արձանագրել, որ Հայաստանի մէջ կան աւելի քան 200 համայնքներ, Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, գիտա-կրթական եւ առողջապահական զանազան կառոյցներ, որոնք բոլորն ալ կը պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Վարչապետի հրաժարականը կը պահանջեն Հայաստանի չորս նախագահները, Ամենայն Հայոց Հայրապետը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, մտաւորական շրջանակները եւ հանրութեան լայն շերտերը։ Այլ բան է, որ անոնք կրնան փողոց չիջնել… Այս առումով անհասկնալի է, թէ ինք ինչպէ՞ս պիտի կարողանայ կառավարել երկիրը։ Որպէս առաջին քայլ՝ ինք պէտք է սեփական կամքով հրաժարական տայ, որովհետեւ անձնտուութենէն յետոյ հրաժարական չտալը պարզապէս անհեթեթութիւն է: Այլ հարց է, որ ան թերեւս վախի մէջ է եւ կաշկանդուած, որ իր հրաժարականէն յետոյ կրնայ խնդիրներ ունենալ։ Բայց կը հաւատացնեմ, թէ աւելի լաւ է ինք կանգնի Հայաստանի արդարադատութեան համակարգի առջեւ՝ քան յայտնուի շատ աւելի վատ վիճակի մէջ, ինչպէս որ յայտնուեցան իր տիպի առաջնորդները։

-Ձեր կարծիքով, այս իրավիճակէն դուրս գալու համար կարելի՞ է սահմանադրական գործընթացի մը սկսիլ՝ յենլով նոյնիսկ Փաշինեանի «բոյն»ը համարուող Ազգային ժողովի վրայ։ Կա՞յ այսպիսի մօտեցում:

-Այո՛, այդ մէկը վարկածներէն մին է եւ այդ բեմագրութեան հաւանականութիւնը բաւական բարձր է։ Այլ հաւանականութիւններ ալ կան, ի հարկէ, բայց, Ազգային ժողովը նոյնպէս կարող է այս խնդիրները լուծել եւ «Իմ քայլը» մեծամասնական խմբակցութիւնը կրնայ մաքրուիլ իր պարտութենէն եւ խայտառակութենէն, որոնց ենթարկուած է ներկայիս:

-Որպէս վերջին խօսք՝ ի՞նչ կ՚ուզէք ըսել սփիւռքի հայութեան, որ շատ խանդավառուած էր «Թաւշեայ յեղափոխութեամբ»:

-«Թաւշեայ յեղափոխութեան» շատերը կողմնակից եղած էին թէ՛ սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ, որովհետեւ ցանկացած էին փոփոխութիւններ, ցանկացած էին արդարութիւն եւ զարգացում։ Բայց, այն ստախօսութիւնը եւ դատարկախօսութիւնը, որոնք ընտրուեցան՝ որպէս Հայաստանի կառավարման համակարգի շարժիչ ուժ, կը կարծեմ, թէ լրջօրէն հարուածեցին մեր բոլորի ակնկալութիւններն ու սպասումները: Նախապէս ալ առիթ ունեցած եմ ըսելու, որ 2018 թուականին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցածը «գողութիւն» էր, որովհետեւ մարդոց սպասելիքները գողցան եւ ցաւալին այն էր, որ այդ ստախօսութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ պատերազմի օրերուն եւ հսկայական քարոզչական աշխատանք տարուեցաւ, որպէսզի փթացնեն մարդոց զգօնութիւնը եւ թոյլ չտան մարդոց մտածել։ Վերջաւորութեան, մէկ գիշերուայ մէջ մենք ստացանք «յաղթելու ենք» կարգախօսի ներքեւ ստորագրուած անձնատուութիւն: Սա կը վկայէ, թէ ամբողջ հայութիւնը խաբուած է, Նիկոլ Փաշինեան ստախօս է եւ ինք այլեւս ընելիք չունի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Մենք իր հեռանալէն ետք պէտք է դարձեալ կառուցենք Հայաստանը եւ պէտք է դարձեալ կարգի դնենք Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները։ Պէտք է մեր գոյութեան խնդիրը լուծենք, որովհետեւ հիմա Հայաստանի Հանրապետութիւնը աշխարհի եզակի երկիրներէն մին է, որ բառին բուն իմաստով՝ իր գոյութեամբ կախուած է այլ պետութենէ մը, թէկուզ եւ ռազմավարական առումով մեր բարեկամ Ռուսաստանէն։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2020