ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր Սոչիի մէջ կը հիւրընկալուի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։ Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ բարձր մակարդակի վրայ բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան Սեւ ծովու ափին՝ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Երկու կողմերն ալ արդէն տեղեկացուցած են, որ Սոչիի ժամադրութեան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը օրակարգի վրայ կու գայ առաջնահերթօրէն։ Յետպատերազմեան պայմաններու ներքեւ Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն մէջ նոր կլիմայ մը ստեղծուած է՝ մանաւանդ, որ անոնք հրադադարի մշտադիտարկման համատեղ կեդրոն մը ստեղծել որոշած են հակամարտութեան գօտիէն ներս։ Որպէս հրադադարի համաձայնութիւնը ստորագրած եւ անոր երաշխաւորումը ստանձնած կողմ՝ Ռուսաստան դաշտի վրայ գերակշիռ դիրք մը ապահոված ըլլալ կը թուի, սակայն, Թուրքիա իր ներկայութիւնը առաջին հերթին կը պայմանաւորէ Ատրպէյճանի հաւանութիւնով։ Յամենայնդէպս, այս հաւասարակշռութիւնները ստիպողութիւն կը ստեղծեն, որ Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ նոր որակով համագործակցութիւն մը ծաւալուի։

Չավուշօղլուի եւ Լաւրովի այս օրուան հանդիպման ընդառաջ երկու մայրաքաղաքներէն ալ հրապարակուեցան պաշտօնական հաղորդագրութիւններ։ Մոսկուայի աղբիւրները հաղորդեցին, որ նախարարներու հանդիպման ընթացքին ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ համատեղ կեդրոնի գործունէութեան ծրագրումը։ Ռուսական կողմը այս կեդրոնը կը դիտարկէ՝ որպէս օժանդակ տարր յետպատերազմեան կարգաւորման հարցին մէջ, ի լրումն ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան եւ այլ միջոցառումներու։ Նշուած է, որ կեդրոնի առաջադրանքն է իրավիճակի դիտարկում իրականացնել տեսողական մեթոտներով՝ մասնաւորապէս, տեղեկութիւններ հաւաքել եւ խախտումներու մասին տուեալներու ստուգում իրականացնել անօդաչու թռչող սարքերու օգնութեամբ։ Չավուշօղլու-Լաւրով հանդիպման ընդառաջ ռուսական կողմը կրկնած է իր լուրջ մտահոգութիւնը՝ պատերազմական գործողութիւններու ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի օտար վարձկաններու տեղափոխութեան հարցին շուրջ։

Սոչիի ժամադրութեան ընդառաջ թրքական աղբիւրները աւելի տարբեր շեշտով հաղորդումներ կը կատարեն։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, ռուսական կողմը կը ջանայ ապահովել, որ կեդրոնը սահմանափակ իրաւասութիւններ ունենայ ու որպէս պատճառաբանութիւն յառաջ կը քշէ՝ հայկական կողմի անհանգստութիւնը թրքական ներկայութեան բերումով։ Իսկ Թուրքիա իր ընթացքը կը հիմնաւորէ միջազգային իրաւունքով՝ յայտնելով, որ Ատրպէյճանի պահանջով կ՚իրականացնէ այդ առաքելութիւնը։ Սոչի մեկնելու ընդառաջ նախարար Չավուշօղլուն ալ դիտել տուաւ, որ անհրաժեշտ է Ատրպէյճանի սահմաններու անվտանգութեան ապահովուիլը միջազգային իրաւունքի շրջանակներէն ներս։

Նախարարի յայտարարութիւններուն առընթեր, տեղական մամուլը կը գրէ, որ համատեղ կեդրոնէն ներս թուրք զինուորներու թիւը կարելի է հասցնել 60-ի։ Զուգահեռաբար կը մատնանշուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արդէն թուրք զինուորը ներկայութիւն մը դարձած է։ Առայժմ շուրջ 35 զինուորական մեկնած է Աղտամ։ Զանազան թերթեր կը յիշեցնեն, որ վերջին անգամ 1918 թուականին Նուրի փաշայի հրամանատարութեան ներքեւ թրքական զօրք ուղարկուած էր Ատրպէյճան՝ Կովկասի իսլամական բանակը, որ օսմանեան զինուորներով եւ ատրպէյճանցի կամաւորներով ազատագրած էր Պաքուն։ Այժմ, 102 տարի անց, թուրք զինուորը պաշտօնապէս վերստին հաստատուած է Ատրպէյճանի տարածքէն ներս։

Սոչի մեկնելէ առաջ Չավուշօղլու յայտնեց, որ Լաւրովի հետ այսօր կը ստորագրեն 2021-2022 թուականներու խորհրդակցութիւններու վերաբերեալ ծրագիրը՝ երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ։ Տարածքաշրջանային խնդիրներու կապակցութեամբ նախարարը ըսաւ, որ Անգարա եւ Մոսկուա թէեւ տարբեր կողմերու վրայ են, սակայն կը համագործակցին։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2020