ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԵԼ ԱՊԱԳԱՆ
Փարիզի «Ռատիօ Ա» ձայնասփիւռի կայանը, որ Ֆրանսայի եւ ընդհանրապէս Եւրոպայի հայութեան հաղորդակցութեան ազդու, գլխաւոր հարթակներէն մին է, վերջերս հարցազրոյց մը սփռեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ։ հեռավար այս հարցազրոյցի դրդապատճառը հանդիսացաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի կողմէ հնչեցուած ահազանգը՝ անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ։ Որպէս պաշտօնակից՝ զօրակցութեան տրամադրութիւն ցուցաբերելով, այս ռատիօկայանը արձագանգեց այդ ահազանգին եւ խօսափողը երկարեց Արա Գօչունեանին, որ մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ենթարկուած կացութեան շուրջ։
Այս հարցազրոյցը կատարուած է նախկին պոլսահայու մը՝ Վիլմա Գույումճեանի կողմէ, որ երկար տասնամեակներէ ի վեր հաստատուած է Փարիզ։ Այս առթիւ Վիլմա Գույումճեանին շնորհակալութիւն կը յայտնենք՝ իր մտահոգ ու սրտցաւ զգայնութիւններուն եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի նկատմամբ զօրակցական տրամադրութիւններուն համար։ Նոյն առթիւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք ռատիօկայանի ղեկավար Անրի Փափազեանին, որ խորաթափանց ընկալած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հնչեցուցած ահազանգին նշանակութիւնը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի յայտարարութիւններուն սղագրութիւնը։
*
-Պարոն Գօչունեան, որո՞նք են այն պատճառները, որոնք 114 տարուան պատմութիւն ունեցող ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը հասցուցած են այս գոյութենական տագնապի եզրին:
-Առաջին հերթին կ՚ուզեմ ձեր ուշադրութեան եւ զգայնութեան համար շնորհակալութիւն յայտնել: ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը անցեալ հոկտեմբերի 28-ին թեւակոխեց իր 114-րդ տարին եւ մենք, դժբախտաբար, տարեդարձի խմբագրականին մէջ պարտաւորուեցանք ահազանգ հնչեցնելու, որ թերթը անդունդի եզրին հասած է: Տարի մը առաջ, երբ 113-րդ տարին կը թեւակոխէինք, ցաւ ի սիրտ, պարտաւորուած էինք մեր ընթերցողները, համակիրները, մէկ խօսքով՝ մեր ամբողջ լսարանը տեղեակ պահել, որ թերթի գոյութեան վտանգ կը սպառնայ: Այդ անցնող մէկ տարուան ընթացքին թերթի դիմագրաւած վտանգը իսկապէս որոշ համակիրներ, շրջանակներ ու կազմակերպութիւններ ալեկոծեց, բոլորը տագնապեցան՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին զօրակցելու տրամադրութիւններով, անկեղծ ջանքեր գործադրուեցան, որոշ միջոցներ յատկացուեցան, բայց դժբախտաբար հաստատութենական մնայուն լուծում մը գտնել կարելի չեղաւ եւ մենք պարտաւորուեցանք 114-րդ տարուան սկիզբը յայտարարելու այս անդունդին մասին: Պատճառները բնականաբար զանազան են՝ ենթակայական ու առարկայական, որոնց մէկ մասը բնորոշ են ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին, իսկ միւս մասը՝ հայկական լրատուութեան աշխարհին, մասնաւորապէս արեւմտահայերէն տպագիր թերթերու պարագային: Ըսեմ, որ այս տագնապին համար հիմնական երեք պատճառներ կան, որոնք առաւել չափով Պոլսոյ ընդհանուր վիճակին հետ ալ առընչուած են: Չեմ ուզեր ընդհանրական պատճառներուն մասին խօսիլ, որովհետեւ անոնք բոլորին ծանօթ են: Մենք մօտաւորապէս 4-5 տարիէ ի վեր բաւականին թիրախաւորուած լրատուամիջոց մը դարձած ենք Իսթանպուլի մէջ: Դուք գիտէք, որ մօտաւոր անցեալին, 10-15 տարուան ժամանակաշրջանի մը վրայ Պոլսոյ մէջ լուրջ տագնապներ յառաջացան եւ այդ վերիվայրումները պառակտումներու եւ բեւեռացումներու պատճառ դարձան համայնքին մէջ: Սահմանափակ թիւով ու ներուժով համայնք մը, երբ որ պառակտուած ըլլայ մեր իրականութեան մէջ, արդէն իր ծոցին մէջ պահուած մշտական արժէքներու սնման ու յարատեւման տեսակէտէ դժուարութիւններ կը յառաջանան անխուսափելիօրէն: Այս բեւեռացումներու եւ պառակտումներու մթնոլորտին մէջ, դժբախտաբար, զանազան վարչական շրջանակներ զգացին, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը վերահսկելի կամ իրենց կողմը քաշելի լրատուամիջոց մը չէ եւ այդ անկախութիւնը որոշ մարդոց աչքին սկսաւ փուշ դառնալ: Իսկ երբ պառակտումներու մթնոլորտին մէջ յաջորդեցին պիտակաւորումները, մարդիկ փորձեցին այս թերթին զգուշացուցած սխալներուն դէմ յանդիման մնալ եւ ժողովուրդին առջեւ արդարանալու խնդիրներ ունենալ, ձեւով մը սկսան ԺԱՄԱՆԱԿ-ը թիրախաւորելու եւ թիրախաւորելէ ալ անդին պատժելու մտայնութեան հետեւիլ: Անոնք ուզեցին այս թերթը սնող միջոցները սահմանափակել, կրճատել կամ դադրեցնել՝ լքելու համար իր ճակատագրին: Սա լուրջ գործօն մըն է, որ այսօր մեր մատնուած կացութեան պատճառ դարձած է, որուն վրայ կու գան աւելնալ, Պոլսոյ պարագային, ուծացման սուր դրսեւորումները։ Որովհետեւ, գիտէք, Պոլսոյ մէջ ձուլումը, ցաւօք սրտի, շատ լուրջ համեմատութիւններու հասած է եւ երբ որ «լուրջ համեմատութիւններ» կ՚ըսեմ, պէտք է հաշուի առնենք մեր լեզուէն, մշակոյթէն եւ ընդհանուր ժառանգութենէն կտրուած, իրենց լինելութեան նպատակէն եւ առաքելութեան ճանապարհէն շեղած բազում կառոյցներու եւ հաստատութիւններու գոյութիւնը։ Սա ի յայտ կը բերէ այնպիսի համայնապատկեր մը, որուն վրայ հայերէն ամէնօրեայ օրաթերթի մը հրատարակութեան յամառ շարունակութիւնը պատկերի մնացեալ տարրերուն կամ առարկաներուն այդ այլանդակութեան ամէնօրեայ մերկացումին վերածուած է եւ այդ ալ կարծես թշնամական տրամադրութիւններ հրահրել սկսած է հայերէն օրաթերթին դէմ: Սա ցաւալի նիւթ մըն է, որովհետեւ ամէն հայ, որ սփիւռքի մէջ կ՚ապրի, կ՚ուզէ հպարտ զգալ իր համայնքով, իր գոյատեւած միջավայրով, բայց պարագան դժբախտաբար այս է: Այս բոլորին վրայ կու գան աւելնալ երկու ուրիշ գործօններ, որոնք ընդհանրական բնոյթ կը կրեն։ Անոնցէ մէկն է համավարակի հետեւանքով ստեղծուած դժուարութիւնները. ընկերատնտեսական դժուարութիւնները, որոնք որոշ չափով առաջնահերթութիւններ փոխած են, աւելի ճիշդը՝ պարտադրած են։ Եւ Թուրքիոյ տնտեսութենէն բխած կացութիւնները… Ինչպէս գիտէք, Թուրքիոյ մէջ տեղական, ազգային արժոյթը ահաւոր տատանումներ կը կրէ տարադրամին դիմաց, կ՚արժեզրկուի եւ այս բանը տնտեսական լուրջ դժուարութիւն կը յառաջացնէ: ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը հրապարակի պայմաններով գրասենեակ եւ տպարան վարձակալած է, կ՚օգտուի զուտ համայնքային միջոցներէ, որովհետեւ մայրենիով օրաթերթ մը ըլլալու հանգամանքը երկար ժամանակ է մեզ զրկած է առեւտրական գովազդներ ներգրաւելու հեռանկարէն եւ զուտ համայնքին միջոցներով կը գոյատեւէ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը երկար ատենէ ի վեր։ Եւ այսօր կացութիւնը հասած է այն կէտին, որ համայնքի միջոցներն ալ ենթակայական եւ առարկայական զանազան պայմաններու բերումով սպառելու վրայ են: Մեր պարագային վերջին հինգ տարիներուն, փաստօրէն, մէկ տարիէն միւսը մեր ունեցած եկամուտներուն անկումը կամ նուազումը արդէն անհաշուարկելի համեմատութիւններու հասած է: Այսպէս կոչուած, արհեստական շնչառութեան մատակարարումը թերթը մատնած է անորոշութեան մէջ գոյատեւելու վիճակին: Որովհետեւ մենք չենք գիտեր, թէ ի՛նչ պատկեր պիտի ունենանք յաջորդ տարի: Եւ կացութիւնը այնպէս մը եղած է, որ յաջորդ օրուան խնդիրը մետասաներորդ պահուն պատահաբար լուծելու վիճակին մէջ թերթը կաթուածահար ըլլալու եզրին հասած է:
Կ՚ուզեմ ըսել, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը համահայկական հարթութեան վրայ հետաքրքրութեան առարկայ լրատուամիջոց մըն է ո՛չ միայն իր տպագիր տարբերակով, այլեւ ընկերային ցանցերու վրայ ունեցած իր ներկայութեամբ, կայքէջով: Մեր հայկական ամբողջ զանգուածային լրատուութեան աշխարհին համար Պոլսոյ եւ թրքահայութեան վերաբերեալ սկզբնաղբիւր մըն է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, արեւմտահայերէնով հաղորդակցութեան ի վիճակի եղող մեր ժողովուրդի անդամներուն համար ԺԱՄԱՆԱԿ-ը դարձեալ կարեւոր հարթակ մըն է, որ կը համախմբէ, բայց այս բոլորով հանդերձ թերթի գործունէութիւնը զանազան երեսակներ ունի, զանազան հարթութիւններու կ՚առընչուի: Վերջին հաշուով՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բնօրրանը պոլսահայութեան միջավայրն է: «Բնօրրան» ըսելով՝ մենք առաջին հերթին նկատի ունինք, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կը սնուի պոլսահայութեան միջոցներով, թրքահայ հաստատութիւններու ցանցէն իր ունեցած հասոյթներով: Հետեւաբար, երբ անոնք վտանգուած են, մենք այս ձեւով արդէն անելի ու փակուղիի մատնուած ենք եւ թերթի գոյութիւնը այսպիսով անհեռանկար դարձած է:
-Ձեր խմբագրականին մէջ նշած էիք, որ «այլեւս դանակը ոսկորին հասած է»: Սա ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն հրատապ է վիճակը ձեզի համար:
-Այո՛, դանակը իսկապէս ոսկորին հասած է: Առանց վիճելի ակնարկութիւններ ընելու՝ որպէս առարկայական ճշմարտութիւն կ՚ուզեմ ըսել, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ դուք ամէն օր կը տեսնէք զուտ այս թերթին համար պատրաստուած հեղինակային նիւթեր: Մենք թերթը ցանցերէ կամ այլ աղբիւրներէ յօդուածներ արտատպելով չենք պատրաստեր: Համայնքին մէջ տեղի ունեցող բոլոր միջոցառումներուն տեղւոյն վրայ կը հետեւինք եւ այդ բոլորին մասին ամենէն արագ լրատուութիւն մատուցող օրաթերթն ենք: Նախանձախնդիր ենք, որ մեր հեղինակները անպայման վարձատրենք իրենց մտաւոր արտադրութեան համար: Այդ մէկը կրնայ աստղաբաշխային հարստութեան համազօր գումար մը չըլլալ, բայց այս թերթին սկզբունքը այն է, որ իր համեստ կարելիութիւններէն փորձէ բաժին դուրս բերել զուտ իրեն համար կատարուած մտաւոր արտադրութեան:
Միւս կողմէ, ինչպէս քիչ առաջ ալ ըսի, մեծ քաղաքներու մէջ վարձակալութեան պայմանները ձեզի յայտնի են: Երբ որ այս բոլորը վրայ-վրայի գումարենք, արդէն այդ կը նշանակէ, որ մենք կը խօսինք հսկայական պիւտճէի մը մասին: Այսինքն՝ խօսքը կը վերաբերի մօտաւորապէս այնպիսի գումարի մը, որ այս պահուն մենք կը փորձենք հանգանակել եւ որ Պոլսոյ դպրոցներէն մէկուն տարեկան հանգանակութեան համար յայտարարուած պիւտճէին հետ բաղդատելի վիճակի մը հասած է: Մեր այս յամառ պայքարին մէջ ունինք լաւատեսական հիմք մը, որ հետեւեալն է. հակառակ այս ամբողջ երկարատեւ ու երկարաշունչ պայքարին՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօր անձի մը կամ կառոյցի մը նոյնիսկ մէկ լումայ պարտական չէ: Ասիկա մեզ համարձակութիւն կը ներշնչէ այս ահազանգը հնչեցնելու ատեն՝ բացատրելու համար, որ այս թերթի պարագային տնտեսական մսխում մը, վարչական սայթաքում մը, ելեւմտական բացթողում մը կամ անհեռատեսութիւն մը խնդրոյ առարկայ չէ: Հետեւաբար, ինչ որ կարելի պիտի ըլլայ ներդնել, ներգրաւել ԺԱՄԱՆԱԿ-ի համար, ուղղակիօրէն նպատակին ծառայել պիտի սկսի: Արդէն մենք առանց որ պակասէն մինչեւ զերոյական կէտը որեւէ բան ամբողջացնելու ստիպողութիւնը ունենալու՝ ներդրուածը ուղղակիօրէն նպատակին ծառայեցնելու եւ այս թերթին ապագան կազմակերպելու հնարաւորութիւնը պիտի ունենանք:
Մենք կ՚ուզենք՝ մարդիկ հասկնան, որ յանուն պատմութեան բան չենք պահանջեր այս պահուն, այլ կ՚ուզենք այս լրատուամիջոցին պատմութիւնը ածանցել ապագային, որովհետեւ այն համեստ ներդրումները, որ մենք ժամանակակից լրատուամիջոց դառնալու համար ընկերային ցանցերու վրայ կ՚ընենք, արդէն շատ դրական արձագանգ կ՚ունենան: Սա կ՚ապացուցանէ, որ եթէ աւելին ըլլայ, արդիւնքն ալ շատ աւելի բարձր պիտի ըլլայ: Սակայն այս պահուն մեր ունեցածէն զրկուելու եւ մեր ունեցածը կորսնցնելու վտանգին դէմ յանդիման կը գտնուինք: Մենք չենք ուզեր ըսել, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կ՚ուզենք պահել՝ որպէս տպագիր լրատուամիջոց, մինչեւ ուր որ երթայ. ո՛չ: Գիտէք, փոքրամասնական թերթ մը ըլլալու հանգամանքին բերումով տեսանելի ապագային տպագիր տարբերակը դադրեցնելու հաւանականութիւն չկայ, բայց, վստահաբար, պիտի գայ այն պահը, երբ տպագիր տարբերակը այլեւս անհրաժեշտ պիտի չըլլայ: Մենք կ՚ուզենք պատրաստուիլ նաեւ այդ փուլին, որովհետեւ տպագիր տարբերակի կարիքը գոյութիւն ունենալէ պիտի դադրի, բայց արհեստավարժ մակարդակով արեւմտահայերէն լրատուութիւն կազմակերպելու, աշխարհով մէկ սփռուած այս ժողովուրդին հաւաքական միտքը ձեւաւորելու կամ խմորելու ատեն պոլսական հայեացքը այդ գործին մէջ ներդնելու անհրաժեշտութիւնը պիտի չդադրի: Հետեւաբար այդ ձայնը պէտք չէ լռէ՝ անկախ անկէ, թէ ի՛նչ ձեւաչափ պիտի ունենայ. այսօր կրնայ տպագիր կամ համացանցային կայքէջ մը ըլլալ, վաղը կրնայ բոլորովին ուրիշ ձեւաչափ մը ունենալ: Այսօր կը խօսինք արհեստական բանականութեան մասին. թէեւ հարիւր տոկոսով չենք գիտեր՝ ի՛նչ պիտի բերեն մեզի ժամանակները այս իմաստով, բայց մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք: Բայց այս պահուն հնարաւորութիւն չունինք ո՛չ թէ պատրաստելու, այլ նոյնիսկ այս ձեւով գոյատեւելու: Ցաւօք, մեր բոլոր հնարաւորութիւնները գրեթէ սպառած են:
Ցաւալի կը համարենք, որ մեր հնչեցուցած ահազանգը կը զուգադիպի հայութեան տեսակէտէ իսկապէս շատ ճակատագրական մարտահրաւէրներու ժամանակաշրջանին: Որովհետեւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի ծանր հետեւանքները Հայաստանի եւ Արցախի տեսակէտէ շատ հրատապ կացութիւն յառաջացուցած են: Բաց աստի, կայ Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած իրավիճակը՝ երկրի տագնապով ու դժուարութիւններով պայմանաւորուած, Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան մատնուած կացութիւնը եւ այլ գաղութներու հայկական հաւաքականութիւններու այս պահուն դիմագրաւած դժուարութիւնները: Իսկապէս ցաւալի է, որ այս իրավիճակին մէջ Պոլիսէն ձայն կը բարձրացնենք՝ գիտնալով, որ շատ ուրիշ առաջնահերթութիւններ ունի մեր ազգը եւ հայկական կառոյցներն ու հաստատութիւնները պարտաւոր են իրենց եկամուտներն ու հնարաւորութիւնները առաջին հերթին տրամադրելու այդ ուղղութիւններով: Բայց ասով հանդերձ մենք կ՚ուզենք, որ այս ահազանգը առաւելագոյն արձագանգը գտնէ: Յոյս ունինք, թէ հակառակ այս բոլոր հրատապ կարիքներուն՝ կը գտնուին մարդիկ կամ լծակներ, որոնք կրնան դատել այս անկիւնէն բարձրացած ձայնին նշանականութիւնը եւ կրնան այնպիսի կողմնորոշում մը ընել, նախաձեռնութիւններ իրականացնել կամ քայլեր առնել, որ այս բոլոր ժամանակաւոր դժուարութիւնները հայ իրականութենէն մշտական արժէք մը խլելու վտանգը չստեղծեն եւ այդ վտանգը կանխուի եւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը կարենայ բնականոն գործունէութեան հունը վերադառնալ:
-Ուզուածը ի վերջոյ ողորմութիւն մը չէ, այլ պարտականութիւն մը, որպէսզի հայ լեզուն եւ մամուլը ապրին: Մենք ամէն օր ԺԱՄԱՆԱԿ եւ «Մարմարա» կը կարդանք, դուք ալ՝ «Նոր Յառաջ»: Այսինքն՝ մենք իրարու մէջ ցանց մը պէտք է կազմակերպենք: Իւրաքանչիւրին պարտականութիւնն է միւսին օգնել, քանի որ եթէ մէկ անդամը պակսի, ամբողջ մարմինն է, որ կը ցաւի:
-Այո՛, ճիշդ այդպէս: Մեր՝ որպէս պաշտօնակից, պատկերացումները կը համընկնին այս նիւթին շուրջ: Ձեր ըսածը վերահաստատելու համար խորհրդանշական օրինակ մը տամ։ Ես վստահ եմ, որ մեր բոլորի համակարգիչին պաստառներուն վրայ այդ վերեւի անկիւններուն բաց պահուող պատուհաններ կ՚ըլլան, անոնց վրայ երբ սեղմէք, այդ պատուհանը անմիջապէս կը բացուի, ատոնք ձեր մշտական հետաքրքրութեան առարկայ հարթակներն են: Այդ վերեւի անկիւնը մշտապէս բաց պահուող պատուհաններու շարքին են մեր պաշտօնակիցները՝ «Նոր Յառաջ»էն սկսեալ մինչեւ «Ասպարէզ», «Ազդակ», «Հորիզոն», «Ապագայ»: Անշուշտ կարելի է դեռ թուարկել: Մենք ալ այն գիտակցութեան մէջ ենք, որ իրարմով զօրաւոր ենք: Հայ մամուլի դրուածքը այնպիսին է, որ մենք հնարաւորութիւն չունինք «Ռէօյթըրզ»ի նման աշխարհատարած ցանց մը պահելու, գրաւոր եւ տեսալսողական լրատուութիւն եւ կարծիք մատուցելու կամ հրամցնելու՝ զանազան լեզուներով: Սակայն մենք ալ մեր ուրոյն ձեւով կը լուծենք այդ խնդիրները, քանի որ աշխարհով մէկ սփռուած ժողովուրդ ենք եւ ուր որ կը գտնուինք, արդէն եկեղեցւոյ, դպրոցի եւ այլ հաստատութիւններու նման ունինք նաեւ մամուլ, լրասփիւռներ, որոնք, մէկ կողմէն, մեր հաւաքական մտքի արգասիքը կը մատուցեն եւ միւս կողմէ, մեր հաւաքական միտքը նոր հոսանքներու ազդեցութեամբ խմորելու գործին կը ծառայեն եւ այդ բոլորին հանրագումարը կ՚ըլլայ այն, որ մեր ժողովուրդը համախումբ մտածումներու մէջ, մէկ պահելու (մէկ պահել չի նշանակեր տեսակաւորութենէ հեռանալ) գործին կը նպաստենք: Դժբախտաբար, այսօր այս ուղղութեամբ կաղացումներ ունինք: Եւ, բնականաբար, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խնդրածը, ինչպէս դուք ըսիք, ողորմութիւն չէ այն իմաստով, որ մենք ամէն հարթութեան վրայ կ՚ընդգծենք, թէ որպէս անկախ լրատուամիջոց մնալով կ՚ուզենք այս տագնապը յաղթահարել, եթէ կարելի ըլլայ հարկաւ:
Մեր հաւաքական կեանքին մէջ յետաձգուած կամ որոշ չափով անտեսուած խնդիրներու կուտակումով յառաջացած հետեւանքներէն մէկն է մեր մամուլին մատնուած կացութիւնը: Ինչպէս նշեցի, կան խնդիրներ, որոնք ընդհանրական են, իսկ ուրիշներ՝ զուտ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին բնորոշ: Ընդհանրականները որոշ ժամանակէ ի վեր անտեսուած կամ թէկուզ արհամարհուած, բարձիթողի վիճակի ձգուած հարցերու հետեւանքներն են։ Անոնց յաղթահարման համար այսօր պէտք է հաւաքաբար գործի ձեռնարկել, այլապէս մեր ազգի դիմագիծը բնորոշող, մեզի նման ուծացման հոսանքներու դէմ պայքար մղող ժողովուրդներու տեսակէտէ բաւական խնդրայարոյց հեռանկարներու պատճառ դառնալիք վիճակներու անխուսափելիօրէն դէմ յանդիման պիտի մնանք: Մաղթենք, որ այդ օրը հնարաւորինս հեռու ըլլայ մեզմէ:
-Ինչպէս որ մատնանշեցիք, կարծես անտարբերութիւն մը կամ անհոգութիւն մը կայ, որուն դէմ պէտք է պայքարինք: Օրինակ՝ մեր համայնքներուն մեծամասնութիւնը կը կարծէ, թէ այս երեւոյթը պիտի շարունակուի, առանց որ իրենցմէ իւրաքանչիւրը իր հերթին ջանք գործադրէ. օրաթերթը պիտի տպուի, ձայնասփիւռը պիտի լսուի, բայց անոնց ետին յամառ ջանքեր կան: Ուստի մեր հաւաքականութիւնը պէտք չէ անտարբեր ըլլայ: Երբ որ օրաթերթը այլեւս լոյս չտեսնէ եւ ձայնասփիւռի կոճակը սեղմենք, բայց չլսենք, այն ատեն կ՚անդրադառնանք այդ պարապութեան, որ, սակայն, այլեւս անդառնալի կ՚ըլլայ, այդպէս չէ՞:
-Այո՛, դժբախտաբար, մեր իրականութիւնը այնպէս մը բերած է, որ շատ յաճախ մեր ունեցած արժէքներուն նշանակութեան անդրադարձած ենք զանոնք կորսնցնելէ ետք: Եւ ճիշդ այս է, որ մեզ կը մղէ այս ահազանգը այսքան յամառօրէն բարձրացնելու: Ինչպէս մեր պաշտօնակից «Նոր Յառաջ»ը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ահազանգին արձագանգելով գրած է, որ «պահը հիմա է», որովհետեւ հաւաքական կեանքի մէջ ճիշդ բան ընելը բաւարար չէ, ճիշդ բանը պէտք է ճիշդ ժամկէտով եւ ճիշդ ժամանակով: Եթէ պահը բաց ձգենք, յետոյ զայն վերադարձնելը կարելի պիտի չըլլայ: Այդ է պատճառը, որ մենք կ՚ուզենք ուշադրութիւն հրաւիրել մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրին վրայ: Ձեր ըսած ընդհանրական բնոյթի խնդիրներուն լրիւ կը ձայնակցիմ: Մեր իրականութեան օրակարգին, օրինակ, քանի՛երորդ առաջնահերթութիւնն է նոր սերունդէն լրագրող պատրաստելու նպատակով միջոցներ յատկացնելը: Սա իսկապէս շատ ցաւալի վիճակ մըն է, որովհետեւ ի վերջոյ լրատուամիջոցները ինչպէս նիւթական միջոցներու, այնպէս ալ մարդուժի կարիքը ունին: Դուք մարդուժի պատրաստութիւնը այդ նիւթական միջոցներէն հարիւր տոկոս անկախ չէք կրնար պատկերացնել: Ի վերջոյ մեր հաւաքական շահերը շատ են անշուշտ: Մենք որքան ալ որ սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ ապրինք՝ իւրաքանչիւրս տեղական առանձնայատկութիւններով, միւս կողմէ՝ ունինք շատ հասարակաց յայտարարներ, իրարու նման խնդիրներ: Մեր կողմէ, այդ բոլորի համընկնած կէտերուն վրայ՝ այս նմանութիւններով պայմանաւորուած խնդիրներու յաղթահարման համար պէտք է միասնաբար ճիգ գործադրենք: Իսկ մետայլի միւս երեսակին, բնականաբար, տեղական առանձնայատկութիւններով պայմանաւորուած խնդիրներու պարագային ալ տեղական հարթութեան վրայ պէտք է լուծումներ որոնենք: Ինչպէս ըսի, վարչական շրջանակներու անտարբերութիւնը ներկայիս մեր հիմնական խնդիրն է: Վերջին շրջանին մինչեւ իսկ Պատրիարքարանը սկսած է ուղղակիօրէն աւելի բարձրաձայնել այս խնդիրը, թէեւ, հազար ափսոս, որեւէ արձագանգ չունինք: Հակառակ անոր՝ յուսանք, որ կը յաջողինք մեր որդեգրած ճանապարհային քարտէսը կեանքի կոչել եւ այդտեղ եղած հաշուարկները կ՚արդարանան:
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի դիմագրաւած վիճակին մէջ կ՚ուզենք առնուազն մէկ տարուան պիւտճէն բաւարարելիք հասոյթը ունենալ եւ անկէ ետք ժամանակ շահիլ՝ նայելու համար, թէ յառաջիկայ տարին ի՛նչ պիտի ունենանք։ Սա թէեւ առայժմ անորոշ է, սակայն առանց անոր դպչելու, զայն մէկ կողմ դնելով, միջնաժամկէտ կամ երկարաժամկէտ որոնումներու պտուղներն ալ իրարու վրայ գումարելով կը նախատեսենք ստեղծել միջոց մը, աղբիւր մը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ թերթի ապագան կառուցել, կազմակերպել ու երաշխաւորել: Կը կրկնեմ. մենք կ՚ուզենք, որ մեր ահազանգը ամենալայն արձագանգը գտնէ, ասիկա մեր միակ յոյսն է: Հետեւաբար պիտի խնդրեմ, որ մարդիկ իրենց շրջանակին մէջ խօսին այս մասին, որպէսզի ասիկա հիմք դառնայ գաղափարներ յղանալու եւ որոշ լծակներ շարժման անցընելու:
-Ափսոս է, որ նոյնինքն Պոլսոյ վարչական շրջանակները թիրախաւորած են թերթը: Մենք գիտենք, թէ որոշ թաղեր բաւական կալուածներ ունին, վաքըֆներու տէր են, բայց չեն ուզեր բաժնել, այլ ընդհակառակն՝ կը թիրախաւորեն: Եւ ասիկա իսկապէս ապշեցուցիչ է:
-Ասիկա վերջին շրջանի մեր ամենամեծ ցաւն է, դժբախտաբար, որովհետեւ մեր հաստատութիւնները երկրի փոքրամասնութիւններուն համար կատարուած բարեփոխումներուն շնորհիւ սկսան լուրջ հարստութիւն տնօրինել։ Այն վարչայինները, որոնց պատասխանատուութիւն կը վիճակի այդ հարստութիւնը տնօրինելու, դժբախտաբար, համագործակցութեան ու միասնականութեան ոգիէն, այդ տնօրինուածին հաւաքական կամ ազգային հարստութիւն մը ըլլալու գիտակցութենէն հեռացած են: Մարդիկ սկսած են իրենց հօրենական ժառանգութեան նման տնօրինել: Երբ որ կրթական կարիքաւոր հաստատութիւններ կան, ուրիշ բարենպատակ հաստատութիւններ, որոշ մարդոց աչքին անոնք բեռ դարձած են այսօր: Այն հաստատութիւնները, որոնք մինչեւ մօտաւոր անցեալը ժողովուրդին նուիրատուութիւններուն կարիքը ունէին՝ իրենց գործունէութիւնը յառաջ տանելու համար, մամուլին հետ սերտօրէն կ՚աշխատէին: Հիմա անոնցմէ ոմանք աստղաբաշխային հարստութիւններու տիրացան՝ կալուածներու իմաստով եւ այդ նոյն հաստատութիւնները, որոնք այսօր ժողովուրդին նուիրատուութեան կոչ ուղղելու կարիքը չունին, արդէն կը նախընտրեն իրենց պատեանին մէջ պարփակուիլ, աչքէ հեռու ապրիլ, մամուլի մէջ հանդէս չգալ, որպէսզի ոեւէ մէկը իրենցմէ բան մը չուզէ: Մէկ խօսքով՝ անոնք ինքնամեկուսացման կ՚երթան: Սա բոլորովին սխալ մտայնութեան մը հետեւանքն է: Մարդիկ չեն մտածեր, որ բախտը վիճակած է այդ մէկ հաստատութեան, որ իր կալուածին սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերած է եւ ինքն ալ մինչեւ մօտաւոր անցեալը հարեւան թաղի կամ դպրոցի կամ եկեղեցւոյ կամ ուրիշ հաստատութեան մը նման կարիքներու մէջ էր: Այսինքն՝ իրենք այդ մօտաւոր անցեալը յիշելով՝ այսօր պէտք է իրենց տնօրինածէն բաժին դուրս բերեն միւս հաստատութիւններուն: Մինչդեռ իրենք կ՚ըսեն՝ քանի մենք հիմա ինքնաբաւ ենք, կրնան միւսները փակուիլ: Մամուլի պարագան ալ այս մէկուն դրսեւորումներէն մէկն է: Եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի թիրախաւորման պատճառներէն մէկն ալ այս է, որովհետեւ մենք այս քաղաքի հայկական հարուստ կառոյցներու կալուածներուն մէջ ապաստանած թերթ մը չենք բնաւ: Մենք ալ ազգային կառոյցի մը կալուածին մէջ կը գոյատեւենք, բայց այնտեղ հրապարակի պայմաններով կը վճարենք եւ միշտ ալ ընդվզումով եւ պոռթկումով կ՚արտայայտուինք այն մարդոց պարագային, որոնք այս համագործակցութեան, զօրակցութեան եւ ընդհանրական միջոցները բաժնելու ոգիէն հեռու կը վարուին: Հետեւաբար այս բոլորին համար գլխացաւանք մըն ենք մենք: Այսինքն՝ մարդիկ այնպէս մը կը դիտարկեն, որ այստեղ կայ թերթ մը, որ իր կոչերով, հրատարակութիւններով եւ զօրակցութեան հրահրումով իրենց գործը կը խանգարէ:
Խօսքիս աւարտին կ՚ուզեմ ըսել, որ ճիշդ է, մենք պէտք է մեր իրականութիւնը ամենայն առարկայականութեամբ դիտարկենք, բայց եկէ՛ք, յոռետեսութեան չվերածենք զայն, որքան ալ որ զանազան բնագաւառներու մէջ իսկապէս ծանր պատկեր ըլլայ մեր առջեւ: Վստահինք, որ մեր հաւաքական ուժերով կրնանք դժուարութիւնները յաղթահարել եւ նոր ժամանակներու մէջ հայկական կեանքի ծաղկումը ապահովել աւանդական հաստատութիւններու առաքելութեան նորովի մատուցումով, մինչեւ արդիական լրատուամիջոցներու երաշխաւորումով կեանքի մէջ: