ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ՄՈՒԱՄՄԷՐ ՔԵՍՔԻՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆՑ ՄԱՄՈՒԼԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին երէկ երեկոյեան Ամանորի առթիւ հիւրընկալեց փոքրամասնութիւններու մամլոյ ներկայացուցիչները։ Ինչպէս ծանօթ է, Շիշլին Իսթանպուլի այն գաւառակներէն մին է, ուր առաւել չափով խտացած են ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւնները։ Ուստի, փոքրամասնութեանց մամուլին եւ քաղաքապետին միջեւ կայ մասնաւոր համագործակցութիւն։
Մուամմէր Քեսքին Թեշվիքիէի ճաշարաններէն մէկուն մէջ ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ փոքրամասնութեանց մամուլի ներկայացուցիչներուն։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի անունով հաւաքոյթին մասնակցեցաւ մեր լրահաւաքի պատասխանատու, վարպետ լուսանկարիչ Մկրտիչ Արծիւեան։ Ներկայ էին նաեւ Շիշլիի քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամներէն Սելինա Տողան եւ քաղաքապետարանի հաղորդակցութեան բաժանմունքէն այլ զանազան պատասխանատուներ։
Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ հաւաքոյթը, որու ընթացքին ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ քաղաքապետարանի գործունէութեան շուրջ, նաեւ տեղեկութիւններ քաղեց փոքրամասնութեանց մամուլի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու կապակցութեամբ։ Հուսկ, ան մամլոյ ներկայացուցիչներուն միջոցաւ փոքրամասնական հաւաքականութիւններուն բարեմաղթանքներ յղեց Ամանորի առթիւ։