ԱՆԿՈՏՐՈՒՄ ԿԱՄՔ

Տա­րե­մու­տին Օր­թա­գիւ­ղի մէջ պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կու­մը եւ ա­նոր ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն մնալ Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գի թիւ մէկ նիւ­թը։ Դէպ­քին պատ­ճա­ռած ցնցու­մը մեծ է, սա­կայն միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ամ­բողջ եր­կի­րը ան­նա­խըն­թաց միաս­նա­կա­նու­թիւն մը կը դրսե­ւո­րէ՝ անձ­նա­տուր չըլ­լա­լու հա­մար ա­հա­բեկ­չու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րուն։ Հա­սա­րա­կու­թեան բո­լոր խա­ւե­րը ան­կոտ­րում կամ­քի մը ազ­դան­շան­նե­րը կու տան, ինչ որ առ­կայ ծանր մթնո­լոր­տին մէջ լա­ւա­տե­սու­թեան հիմ­նա­կան ազ­դակն է։ Մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թա­կի վրայ ալ Թուր­քիոյ նկատ­մամբ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը շա­րու-­նակուի։ Իս­թան­պու­լի ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թու­մէն վերջ ՆԱ­ԹՕ Պրիւք­սե­լի իր կեդ­րո­նա­կա­յա­նէն ներս միա­ձայ­նու­թեամբ ո­րո­շեց խո­նար­հել ան­դամ եր­կիր­նե­րու դրօշ­նե­րը՝ ի նշան դաշ­նա­կից երկ­րին նկատ­մամբ զօ­րակ­ցու­թեան։

Ան­գա­րա­յի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դի այս տա­րուան ա­ռա­ջին ժո­ղո­վը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ Պեշ­թե­փէի հա­մա­լի­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ նիս­տը, ո­րու ա­ւար­տին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ կա­ռա­վա­րու­թեան բան­բե­րը՝ փոխ-վար­չա­պետ Նու­ման Քուր­թուլ­մուշ։ Այս առ­թիւ ան յայ­տա­րա­րեց, որ կը հե­տապն­դուին բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք կը ջա­նան թշնա­մու­թեան հուն­տեր սեր­մա­նել։

Միւս կող­մէ, դէպ­քի ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներն ալ կը պար­զուին աս­տի­ճա­նա­բար։ Անվ­տան­գու­թեան հա­մա­կար­գը ե­րէկ ար­դէն ստու­գեց ա­հա­բե­կի­չին ինք­նու­թիւ­նը։ Ան ու­նի ույ­ղու­րա­կան ծա­գում։ Տե­ղա­կան մա­մու­լը զա­նա­զան ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ կը հա­ղոր­դէ նաեւ ա­նոր կող­մէ օգ­տա­գոր­ծուած զէն­քին ու զի­նամ­թեր­քին մա­սին։ Մինչ այդ, դէպ­քին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ստանձ­նեց Ի­ՇԻՊ («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում)։

Երեքշաբթի, Յունուար 3, 2017