ԼԱՒԱԳՈՅՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան, որ Անգլիոյ «Մենչըսթըր Եունայթըտ» ակումբի մարզաշապիկով հանդէս կու գայ այս տարի, դասուած է տարուան հարիւր լաւագոյն խաղացողներու շարքին։ Fourfourtwo-ի կողմէ կազմուած ցուցակի 60-րդ հորիզոնականին վրայ տեղ զբաղեցուցած է Հենրիխ Մխիթարեան, որ ներկայ եղանակի սկիզբին 42 միլիոն եւրօ փոխարժէքով փոխանցուած էր «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի կողմէ։ 27-ամեայ Հենրիխ Մխիթարեան դարձած է նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքաշրջանի երկիրներուն ամենասուղ ֆութպոլէօրը։
Միւս կողմէ, «Փրէօմիէր լիկ»ի մէջ «Սանտըրլենտ» խումբին դիմաց Հենրիխ Մխիթարեանի կողմէ արձանագրուած կոլը հռչակուեցաւ 2016 թուականի լաւագոյնը։ France Football պարբերաթերթին կողմէ կազմակերպուած հարցախոյզի արդիւնքներով «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի մարզաշապիկով Մխիթարեանի արձանագրած կոլը ճանչցուեցաւ 2016-ին արձանագրուածներու շարքին ամենափայլունը։ Յիշեալ պարբերաթերթին կողմէ առցանց կազմակերպուած քուէարկութեան մասնակից մասնագէտներուն 88 տոկոսը համամիտ գտնուեցան այս ուղղութեամբ։ Սա գրեթէ միանշանակ ու միաձայնութեամբ առնուած որոշում մըն էր։ Արդարեւ, 27 հազար 351 հոգի մասնակցեցաւ քուէարկութեան եւ Մխիթարեանի կոլը ապահովեց ձայներուն 88 տոկոսը։ Անոր յաջորդած թեկնածուն ստացաւ ձայներուն միայն 3 տոկոսը։
Հարկ է նշել, որ երէկ երեկոյեան, Լոնտոնի մէջ «Մենչըսթըր Եունայթըտ» հանդիպում մը ունեցաւ «Ուեսթհամ Եունայթըտ» խումբին հետ։ Կարմիր սատանաները յաջողեցան հակառակորդի մարզադաշտին վրայ յաղթանակ տանիլ 2-0 արդիւնքով։ Առաջին խաղակէսին Մխիթարեան դաշտի վրայ էր եւ հաշիւը չբացուեցաւ։ Երկրորդ խաղակէսի կէսերուն Մխիթարեան փոխարինուեցաւ եւ աւագ մարզիչ Խոսէ Մորինիոյի սաները յաջողեցան արձանագրել երկու կոլ եւ յաղթանակ տօնել հակառակորդի դաշտին վրայ։ Սա եղաւ Մխիթարեանի 2017 թուականի առաջին խաղը։