ՄՈՒՆՔԻ ՎԵՑ ՆԿԱՐՆԵՐ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԵՆ

Նորվեկիոյ մէջ արտայայտչապաշտ Էտուար Մունքի վեց գործերը կորսուած են Սթեներսընի հաւաքածոյէն: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս», վկայակոչելով Dagbladet հրատարակութիւնը: Նկարներու կորուստի մասին յայտնի դարձած է Սթեներսընի հաւաքածոյի վերստուգումէն յետոյ: Մունքի թանգարանը, որ նկարներու համար պատասխանատու է 2010 թուականէն ի վեր, 26 կորսուած գործերու մասին յայտնած էր 2017 թուականին:

Սակայն լրագրողները պարզել են, որ այս պահուն կորսուած է շուրջ 47 նկար, որոնցմէ 34-ը՝ Էտուար Մունքի հեղինակութեամբ: Մասնաւորապէս, կորսուած կը համարուին «Մարաթի մահը», «Օմեկան կու լայ», «Լացող աղջիկը մահճակալի մօտ», «Ֆրու Ռ.-ի դիմանկարը», «Թիրկարտէն-Պերլին» եւ «Օկէ Քրիստիան Կիրլէվ» նկարները: Թանգարանին մէջ նկարներու անհետացումը չեն կրցած բացատրել: Էտուար Մունքի եղբօր ծոռնուհին՝ Էլիզապէթ Մունք Էրիքսըն պատահածը համարած է «վրդովեցուցիչ», սակայն յոյս յայտնած է, որ կտաւները ետ կը վերադարձուին:

Հինգշաբթի, Յունուար 3, 2019