ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան Ամանորի առթիւ հրապարակած է պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Նոր տարուայ սեմին գոհունակութեամբ կը վերագնահատենք անցեալ 12 ամիսներու յատկանշական իրադարձութիւնները, որոնք նշանակալի զարգացումներով դրսեւորուեցան մեր ազգային կեանքէն ներս, համաշխարհային համակրանքի արժանացնելով հայութիւնը, իւրայատուկ դիրք ապահովելով հայ ժողովուրդին՝ արդի ժամանակագրութեան էջերուն մէջ։ Անցնող տարեշրջանին պատահեցան անկիւնադարձային դէպքեր եւ ձեւաւորուեցան ռազմավարական ուղղութիւններ ու յարաբերութիւններ, որոնք տակաւին տարի մը առաջ իսկ նա-խատեսելի չէին մեզի համար։

Հայրենի ժողովուրդին կողմէ իրականացուած Թաւշեայ յեղափոխութիւնը, անցնող ամսուան ընթացքին կատարուած ընտրութիւններով օրինականօրէն ամրագրեց Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած շարժումին կողմէ խորհրդարանական մեծամասնութեան ապահովումը։

Ուղենշային այս իրագործումը սփիւռքահայութիւնը կը դնէր լուրջ մարտահրաւէրի մը դէմ յանդիման, նոր Հայաստանի ձգտումներու իրագործումին ուղղութեամբ իր դերի եւ պարտաւորութիւններու ստանձնումը պատուով կատարելու հրամայականով։ Այդ դերի ըմբռնումը կ՚արտայայտուէր անցեալ տարիներուն ՀԲԸՄ-ի կողմէ որդեգրուած «համաշխարհային հայ»ու տիպարի հասկացողութեամբ եւ նախագահ Արմէն Սարգսեանի առաջադրած «փոքր ժողովուրդ աշխարհածաւալ ազգութիւն» լոզունգով։ Իր կազմակերպչական կառոյցի ընդլայնումով եւ ժամանակակից կարիքներու ընդառաջ նոր կողմնորոշումներով, ՀԲԸՄ պատրաստ եւ յանձնառու է արդիւնաւոր նախաձեռնութիւններով դիմագրաւել այդ հրամայականը։

Առ այդ, Հայաստանի մէջ ստեղծուած նոր իրադրութեան առաջին իսկ օրերուն, ՀԲԸՄ նորանշանակ կառավարութեան զանազան նախարարութիւններուն հետ անհատական մակարդակի վրայ սերտ համագործակցութեամբ եւ աշխատանքային հանդիպումներով իր մասնակցութիւնը բերաւ սփիւռքահայութիւնը երկրի ընկերային, տնտեսական զարգացման ուղղեալ ծրագրումի եւ քաղաքացիական կառոյցներու ամրապնդման գործընթացին մասնակից դարձնելու ճիգերուն։

Աշխարհի տարածքին ՀԲԸՄ-ի զանազան կառոյցներուն եւ շրջանակներուն կողմէ շարունակուող ծրագրերու օգտակար եւ աշխոյժ գործունէութիւններուն կողքին, կ՚արժէ նշել անցեալ տարեշրջանին իրականացուած շարք մը ընդհանրական նախաձեռնութիւններ։

Ընդարձակելով Ուաշինկթընի մէջ Սմիթսոնեան կաճառին հետ իր գործակցութեան ծիրը՝ ՀԲԸՄ գործօն մասնակցութիւն բերաւ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքի կեդրոնական զբօսայգիին մէջ տեղի ունեցած ժողովրդային «Կեանքի փառատօն»ին։ Փառատօնին ընձեռած իր հովանաւորութեան առընթեր, ՀԲԸՄ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան գործադիր մարմնին հետ համախորհուրդ, կազմակերպեց եւ հիւրընկալեց ծանօթացումի յատուկ հանդիպումներ այդ մարզի մասնագէտներու հետ՝ Ուաշինկթընի, Նիւ Եորքի եւ Պոսթընի մէջ։

Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն թանգարանի «Armenia!» խորագրեալ աննախընթաց ցուցահանդէսը թանգարանի բազմահազար այցելուներուն եւ արուեստի աշխարհին ծանօթացուց հայկական միջնադարեան արուեստի իւրայատուկ բնոյթը եւ անոր դերը՝ հին աշխարհի մշակոյթներու կազմաւորման հոլովոյթին մէջ։ Այդ առիթով՝ որպէս ցուցահանդէսի գլխաւոր հովանաւորներէն մին, ՀԲԸՄ թանգարանի տարածքէն ներս կազմակերպեց շարք մը յարակից յայտագրեր. ինչպէս՝ մանուկներու յատուկ գործունէութիւններ, կատարողական ելոյթներ եւ Սուրբ Ծննդեան համոյթ։ Իր համացանցային հարցազրոյցներու շարքին մէջ յատուկ յայտագրով մը ՀԲԸՄ հանրութեան ներկայացուց ցուցահանդէսի կազմակերպիչները։ Հայկական արուեստին եւ յայտագրի կազմակերպչական աշխատանքներուն վերաբերեալ անոնց ելոյթը տեղադրուեցաւ նաեւ թանգարանի կայքէջին վրայ։

ՀԲԸՄ-ի շրջանակներուն կողմէ իրականացուած յատկանշական նախաձեռնութիւններէն էին՝ Լոնտոնի մասնաճիւղի կազմակերպած նուիրահաւաքի հաւաքոյթը ի նպաստ համագործակցաբար գործող ԹՈՒՄՕ-ՀԲԸՄ կեդրոններուն՝ իբրեւ պատուոյ հիւր ֆութպոլի աշխարհահռչակ աստղ Հենրիխ Մխիթարեանի մասնակցութեամբ։ «Պրիւքսելի մէջ երաժշտական շաբաթավերջ» յայտագիրը կազմակերպուած էր երաժշտական արուեստի երիտասարդ աստղերու մասնակցութեամբ, նիւթական աջակցութիւն ապահովելու համար «ՀԲԸՄ-ի Հայորդեաց տուներուն»։ Իսկ Նիւ Ինկլընտի մասնաճիւղը իր հիմնադրութեան 110-ամեակի տօնախմբութեան առթիւ աւելի քան 2 միլիոն ամերիկեան տոլարի հանգանակութիւն մը իրականացուց՝ շնորհիւ յատկապէս Բ. Աշխարհամարտի վեթերաններու առատաձեռն մասնակցութեան։ Երիտասարդ արհեստավարժներու խմբակցութիւնները շարունակեցին իրենց գործունէութիւնը պաշտօնապէս ընդարձակելով իրենց ցանցը Ասիոյ մէջ՝ Հարաւային Քորէայէ ներս ստեղծուած նոր խմբակցութեամբ։

Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան ծիրին մէջ յատկանշական երկու ծրագրեր կարեւոր յառաջընթաց արձանագրեցին 2018-ի ընթացքին. ՀԲԸՄ-ի Կանանց նախաձեռնութիւններու զօրակցութեան շարժումը եւ «Կամուրջ» քաղաքացիական համայնքային կազմակերպութիւններու ծրագիրը՝ Եւրոխորհուրդի հետ համագործակցութեամբ։ ՀԲԸՄ-ի կողմէ իրականացուած այս զոյգ ծրագրերը գլխաւորաբար կ՚իրականացուին սփիւռքի աջակցութեամբ, ապահովելով խորհրդատուներու, յատուկ ոլորտներու մասնագէտներու եւ դեսպաններու մասնակցութիւնը։ Առաւել, Հայաստանի, Գանատայի եւ Ֆրանսայի մեր գործող խումբերը հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի ընթացքին, օգտուելով այդ առթիւ Հայաստանի մէջ համախմբուած ֆրանսախօս աշխարհի պետական ղեկավարներու եւ պատգամաւորներու ներկայութենէն, միասնաբար աշխատեցան նոր կապեր եւ գործակցական յարաբերութիւններ մշակելու ուղղութեամբ։

Տարին յատկանշուեցաւ նաեւ պատմական յիշատակելի իրադարձութիւններով։ Ֆրանսայի ժողովուրդի կողքին, համայն աշխարհ սգաց կատարողական արուեստի համաշխարհային ամենափայլուն աստղերէն Շարլ Ազնաւուրի կորուստը։ ՀԲԸՄ-ի պաշտօնաթերթին հետ կատարած վերջին հարցազրոյցի իր յայտարարութիւնը, թէ պիտի երգէ մինչեւ իր վերջին շունչը, մարգարէական կը հնչէ այսօր։

Նշեցինք յաղթանակներու եւ կորուստներու դարադարձներ եւ տարեդարձներ։ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակէն, մինչեւ Արցախի շարժումի եւ Սպիտակի երկրաշարժի 30-ամեակները։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը արժանացաւ յարգանքի խոհական դրսեւորումներու, ինչպէս նաեւ առիթ հանդիսացաւ հանրութիւնը իրազեկող ծրագրերու մշակման։ Յատկապէս Արցախի տնտեսական կայուն զարգացման ի նպաստ հիմնուեցաւ ՀԲԸՄ-ի Արցախի ֆոնտը։

Ինչպէս միշտ, մենք բարձր կը գնահատենք մեր շրջանակներու, անդամակցութեան եւ անձնակազմերու հաւատաւոր, աշխոյժ եւ նուիրեալ աշխատանքը, որու միջոցաւ կարելի դարձան անցեալ տարեշրջանի փայլուն նախաձեռնութիւնները։ Մենք երախտապարտ ենք նաեւ մեր բարերարներուն եւ նուիրատուներուն, որոնց առատաձեռն աջակցութեան միջոցաւ կ՚իրականանան մեր ազգօգուտ կարեւոր ծրագրերուն գործադրութիւնը եւ մեր դէմ ցցուող յարափոփոխ մարտահրաւէրներու դիմագրաւումը։

Կրնամ վստահութեամբ հաստատել, թէ 2018 երկար պիտի յիշուի հայութեան եւ ՀԲԸՄ-ի համար որպէս նշանակելի տարի, յատկապէս համաշխարհային քաղաքացիութեան արդի մեր նոր իրականութեան լոյսին տակ։ 2019 կը դիմաւորենք Հայաստանի եւ Արցախի համար բարձր ակնկալութիւններով եւ յոյսերով, ապահովեցնելով մեր բարերարները եւ անդամակցութիւնը, թէ կը շարունակենք հաստատ մնալ հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ յառաջդիմութեան ի խնդիր մեր Ընդհանուր միութեան յանձնառութեան մէջ։

Այս ոգիով ձեր բոլորին կը փոխանցենք խաղաղ, բարեբեր եւ օրհնաբեր Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան մեր սրտագին բարեմաղթութիւնները։

Հինգշաբթի, Յունուար 3, 2019