ՌՈՒՄԱՆԻԱ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ

2019 թուականի տարեմուտի դրութեամբ Ռումանիա դարձաւ Եւրոմիութեան շրջանային նախագահ երկիրը։ Վեց ամսուան ժամկէտով այս առաքելութիւնը կը վիճակի Ռումանիոյ, որ կը յաջորդէ Աւստրիոյ։ Մինչեւ յունիսի վերջաւորութիւնը ԵՄ-ի շրջանային նախագահը պիտի ըլլայ Ռումանիա, որ առաջին անգամ կը ստանձնէ այս պաշտօնը։

Ռումանական նախագահութեան ժամանակաշրջանին օրակարգի առաջնահերթութիւնները պիտի ըլլան Պրեքսիթը, Արեւմտեան Պալքաններու ԵՄ-ի հետ համարկումը եւ Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւնները։ Ներկայ շրջանին ԵՄ-ի ուշադրութեան առարկայ են նաեւ գաղթի հարցը, պիւտճէներու վերաբերեալ խըն-դիրները, գիւղատնտեսութեան քաղաքականութեան բարեփոխումը եւ պաշտպանութեան ու անվտանգութեան քաղաքականութիւններու վերանայումը։

Ռումանիոյ վարչապետ Վիորիքա Տանքիլա յայտնեց, որ իր երկիրը հաւատարիմ կը մնայ Եւրոպայի հասարակաց արժէքներուն։

Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէր քանի մը օր առաջ կասկած յայտնած էր Ռումանիոյ մասին՝ այդ երկրէն ներս առկայ լուրջ ապօրինութիւններու, գայթակղութիւններու եւ ներքին պառակտումներու հետեւանքով։

Հինգշաբթի, Յունուար 3, 2019